Երկու փիսիկ

Անկուշտ, ծարաւ երկու փիսիկ,
տուն կը դառնան սուսիկ-փուսիկ։
Ինչո՞ւ։

Երկու փիսիկ

Երկու փիսիկ
Եւ թէ բկլիկ
Որսի կ’ելլեն
Սուսիկ-փուսիկ:

Ըլլայ ցերեկ
Կամ իրիկուն,
Մին կը հսկէ
Մէկիկ-մէկիկ.
Իսկ միւսը,
Կը ցատքռտէ
Կ’որսայ՝ Ճարպիկ:

Եկուր տե՛ս որ
Չ’ելլեր բոյնէն
Մուկ մը նոյնիսկ:

Անկուշտ-ծարաւ՝
Երկու փիսիկ
Տուն կը դառնան
Սուսիկ-փուսիկ:

Եւ յաջորդ օր
Կ’իջնեն գետակ
Ձուկ որսալ է
Բիւր նպատակ:
Անկուշտ-ծարաւ՝
Երկու փիսիկ
Կը մտնեն ջուր
Սուսիկ-փուսիկ:

Կը մտնեն, բայց
Չէին գիտեր
Պէտք էր լողալ,
Ու կը սկսին
Վախէն դողալ:

Ափէն քիչ մը
Կը հեռանան
Վա՜յ, չեն կրնար,
Խենդ կը դառնան:

Որսը մոռցած
Բարձրաձայն
Կոչ՝ «Օգնութի՛ւն»
Կ’ըսեն միայն:

Մեր պապիկը
Երբ կը լսէ
Կ’երթայ զանոնք
Ջուրէն կ’առնէ:
Եւ թէ՝ կ’ըսէ.
– Ի՞նչ գործ ունիք
Ասդին-անդին
Տուն մը ունիք
Շատ թանկագին:
Երթանք մեր տուն
Քիչ մը կաթ կայ,
Կը կշտանաք
Անուշ ըլլայ:

Անկուշտ-ծարաւ
Երկու փիսիկ
Տուն կը դառնան
Սուսիկ-փուսիկ: