Լուսնի Որսորդ Եսքիմացիներ

Լուսինը կարծես թէ գամուած էր այդ լերան գագաթին։ Հեւքով մագլցեցան լեռն ի վեր, բայց երբ հասան գագաթը, տեսան, որ Լուսինը լերան գագաթէն շատ հեռու էր: Դարձեալ ցատկեցին, ցատկռտեցին, բայց ի զուր, չկրցան հասնիլ լուսնին: 

Լուսնի Որսորդ Եսքիմացիներ

Լիալուսնակ գիշեր մըն էր: Կսկլոր ու խոփ-խոշոր Լուսինը կը շողար: Ան շատ գեղեցիկ տեսարան մը կը պարզէր լերան գագաթը:
Երիտասարդ եսքիմացի մը երկա՜ր-երկար նայեցաւ լիալուսնին. «Մինչեւ հոն մագլցիմ, լուսինը որսամ ու գլորեմ դէպի գիւղ: Որքա՜ն լաւ կ՚ըլլայ. այլեւս լապտեր չենք գործածեր: Լուսինը մեր սառոյցէ տնակները անվերջ կը լուսաւորէ» մտածեց:
Շատ բարեսիրտ էր երիտասարդ եսքիմացին: Կ’ուզէր, որ իր գիւղին բոլոր բնակիչները օգտուէին լիալուսնի լոյսէն: «Խոշոր բնակարան մը կը կառուցենք, գիւղին բոլոր բնակիչներով հոն կը հաստատուինք: Լուսինն ալ բնակարանին ձեղունէն կը կախենք» խորհեցաւ եւ գիւղ մեկնեցաւ:
Բոլոր երիտասարդները հաւաքուեցան գիւղին հրապարակը, որպէսզի միասնաբար երթան, լուսինը որսան ու բերեն գիւղ։
Սակայն երբ հասան լերան գագաթը, տեսան որ, լուսինը ա՛լ աւելի բարձր էր: Իրենց ձեռքերը դէպի լուսին երկարեցին, ցատկեցին, ցատկռտեցին, բայց չկրցան հասնիլ: Ոչ ոք ունէր այնքան երկայն թեւեր:
Այդ պահուն, երիտասարդներէն մէկը առաջարկեց աւելի բարձր տեղ մը գտնել ու մագլցիլ։
Իսկոյն դաշտ իջան եւ ընտրեցին աւելի բարձր լեռ մը: Լուսինը կարծես թէ գամուած էր այդ լերան գագաթին։ Հեւքով մագլցեցան լեռն ի վեր, բայց երբ հասան գագաթը, տեսան, որ Լուսինը լերան գագաթէն շատ հեռու էր: Դարձեալ ցատկեցին, ցատկռտեցին, բայց ի զուր, չկրցան հասնիլ լուսնին:
Այդ գիշեր եսքիմացիները, մէկ առ մէկ բոլոր գագաթները մագլցեցան: Ամէն անգամ, երբ դաշտէն կը նայէին, լուսինը կ՚երեւար լերան գագաթը։ Սակայն անոնք երբ կ՚ուզէին ընկերանալ իրեն հետ, լուսինը կը հեռանար լերան գագաթէն։ Կարծես, կը փախչէր եսքիմացի երիտասարդներէն: Վերջապէս եսքիմացիները համոզուեցան, որ լուսինը անոնցմէ կը վախնար: Երիտասարդները քանի կը մօտենային լուսնին, ան կը փախչէր: Ուստի, որոշեցին գրաւել անոր սիրտը:
Եւ սկսան երգել՝
Սիրուն լուսին, ճան լուսին,
Պէտք ունինք մենք քու լոյսին,
Եկո՛ւր մեր գիւղ, սրտաբաց
Քեզի կու տանք մեծ սիրով
Անուշ չէօրէք, համով հաց:

Բայց լուսինը, եսքիմացիներուն քով իջնելու մտադիր չէր։ Համով հացն ու անուշ չէօրէքն ալ չէին համոզած լուսինը: Երիտասարդները երբ դաշտ կ’իջնէին, լուսինն ալ լերան գագաթը կ’իջնէր, իսկ երբ անոնք գագաթ կը հասնէին, լուսինը երկինք կը փախչէր:
Եսքիմացի երիտասարդները ուժասպառ՝ վերջապէս վերադարձան իրենց գիւղը եւ խոշոր բնակարան մը շինելու գաղափարէն ալ հրաժարեցան։
Եսքիմացիները դեռ լապտերներու լոյսերով կը լուսաւորեն իրենց տնակները:
Որքա՜ն լաւ է, որ անոնք չկրցան որսալ լուսինը, եւ ան հիմա կը լուսաւորէ ամբողջ աշխարհը: