Երեք Խաղիկ
Ուրախ-զուարթ երեք խաղիկ… միասին երգե՞նք։
ԵՐԵՔ ԽԱՂԻԿ
Ապա, հապա, հիմա
Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի
Տեսնենք ո՞վ պիտի հասնի
Այդ ստախօս Աղուէսին
Ըսեր էր որ բոլորին,
Պիտի երթամ մարզանքի:
Սակայն ան սուսիկ-փուսիկ
Կը մօտենայ հաւնոցիկ
Քաջաբար ներս կը մտնէ
Եւ հաւիկ մը կը բռնէ
Աքլորը զայն կը տեսնէ.
Կտուցի հարուածներով
Աղուէսը գերի կ’առնէ:
«Կուկուլիկու» կը կանչէ
Բարկացած կը հարցնէ.
«Ի՞նչ գործ ունիս դո՛ւն, հաւնոց»
«Պէտք է ղրկեմ քեզ դպրոց»
«Շուտ կորսուէ՛, շո՛ւտ, աչքէս»
«Երբեք հոս չտեսնեմ քեզ»:
Ինի-մինի-մայնի-մուկ
Կատուն բռնեց մի չար մուկ
Ուրիշ մուկեր երբ տեսան
Կատուի վրայ հասան
Ինի-մինի-մայնի-մուկ
Ի՛նչ աղմուկ է, ի՛նչ աղմուկ
Ատենը չէ նստելու
Գնա՛ կատուն փրկելու:
Ապա, հապա, հո՛փ կեցայ
Արջ մը տեսայ, շատ վախցայ.
Երբոր գացի ես անտառ,
Ուրախ էի ու կայտառ:
Շլդիկի հետ պարեցի
Թութակի հետ երգեցի
Բակը տաք է, շոգ ամառ
Կու գա՞ս ինծի հետ անտառ:
Ապա, հապա թառեցայ
Ծիրանի ծառի վրայ: