Միասին կարդալ ու մեկնաբանել
Սիրելի՛ ծնողներ ,
Ինչպէս դուք ալ շատ լաւ գիտէք որ հէքեաթները երախաներու զարգացման կը ծառայեն իրենց բազմազան դերերով: Հէքեաթներու միջոցով է, որ երախան կը հարստացնէ բառապաշարը, տրամաբանութիւնը եւ ներաշխարհը ու կը յառաջացնէ ըմբռնելու եւ արտայայտելու կարողութիւնը:
Սիրելի ընթերցող, «Փոքրիկ»ը՝ փոքրիկին հետ միասին որքա՜ն կարդաք, միասին որքա՜ն մեկնաբանէք, եւ իրեն որքան ուշագրաւիչ հարցումներ հարցնէք, այնքան կրնաք զարգացնել անոր միտքն ու հայերէնը:
Այս բոլորը իրականացնելու համար ալ, իրեն հետ խօսակցիլ պէտք է՝, միասին կարդացուած հէքեաթներու մասին: Ահաւասի՛կ, իւրաքանչիւր հէքեաթ մեկնաբանելու համար կարգ մը հարցումներ:
1) Ի՞նչ է հէքեաթին անունը:
2) Ո՞վ է գրագէտը, կը ճանչնա՞ս զինքը:
3) Գրելով կրնա՞ս համառօտել հէքեաթը:
4) Ո՞րոնք են հէքեաթին հերոսները:
5) Գրէ՛ քու սիրած հերոսիդ մասին:
6) Ի՞նչ է հէքեաթին ամենակարեւոր հարցը:
7) Հերոսները ո՞ր հարցը ի՞նչպէս լուծեցին:
8) Դուն ի՞նչպէս կը լուծէիր այդ հարցը:
9) Եթէ սիրեցիր հէքեաթը, ամէնէն շատ ո՞ր մասը եւ ինչո՞ւ:
10) Եթէ չես սիրած, ինչո՞ւ:
Սիրով՝