Երեք Թագաւոր

Մելքոն, Գասպար
եւ Պաղտասար
կ’երթան նորածին Մանուկին քով…

Երեք Թագաւոր

Թագաւոր, թագաւոր,
երեք թագաւոր,
արեւելքէն կու գան
ուղտերով,
լեռնէն ձորէն,
անապատէն,
փայլուն աստղին
հետեւելով…

Երկինքին մէջ լուսաստղը,
լուսաստղին տակ ախոռը,
ախոռին մէջ մսուրը,
մսուրին մէջ նորածին Մանուկ…

Թագաւոր, թագաւոր,
երեք թագաւոր,
արեւելքէն կու գան
ընծաներով`
ոսկի, կնդրուկ
եւ զմուռս.

Մելքոն, Գասպար
եւ Պաղտասար
կ’երթան
նորածին Մանուկին քով…

Անահիտ Սարգիսեան