Մողէսիկն ու Պոչիկը
Սիրունիկ էր
Եւ գեղեցիկ,
Մողէսիկին
Սուր պոչիկը:
Մողէսիկն ու Պոչիկը
Սիրուն-նաշխուն
Մողէսիկը,
Յանկարծ օր մը
Նկատեց, որ
Կորսուած է
Իր պոչիկը:
Սկսաւ լալ
Հոնգուր-հոնգուր.
– Ո՞ւր տարաւ, ո՞ւր,
Ինչի՞ն պէտք էր
Իմ պոչիկը,
Որ գողցաւ
Չար Հրաչիկը:
Սիրունիկ էր
Եւ գեղեցիկ,
Մողէսիկին
Սուր պոչիկը:
Երբ կը տեսնէր,
Թէ չունի պոչ.
Կը տզտզար.
– Չ’ըլլար ո՛չ-ո՛չ:
Սկսած էր
Ան երազել
Իր գեղեցիկ
Հին պոչիկը:
Օր մը յանկարծ
Երբ արթնցաւ,
Շա՜տ զարմացաւ.
Ունեցած էր
Նոր պոչիկ մը:
Ապշած մնաց՝
Իր պոչիկն էր,
Կանանչ-դեղին,
Հին պոչին պէս:
Երջանիկ է
Մողէսիկը.
Լաւ է, գտաւ
Իր պոչիկը:
Ուրախութեամբ
Ահա՛, կ’ըսէ.
– Ապրի՛, ապրի՛
Հրաչիկը,
Որ ետ բերաւ
իմ պոչիկը: