Հովիւները

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը, այծուկը, ուլիկը, գորշ գայլը, գայլաշունը…

Հովիւները

Լեռ ձոր, լեռ ձոր…
Նորէ΄ն լեռ, նորէ΄ն ձոր…
Քանի՞ լեռ, քանի՞ ձոր…
Եօ΄թը լեռ, եօ΄թը ձոր…

Լեռը ձորը հովիւը…
Հովիւը եւ մահակը…

Հովիւը, մահակը…
Մահակը եւ ոչխարը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը…
Ոչխարը եւ գառնուկը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը…
Գառնուկը եւ այծուկը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը, այծուկը…
Այծուկը եւ ուլիկը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը,
այծուկը, ուլիկը…
Ուլիկը եւ գորշ գայլը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը,
այծուկը, ուլիկը, գորշ գայլը`
աուո՛ւ…
Գորշ գայլը եւ գայլաշունը…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը,
այծուկը, ուլիկը, գորշ գայլը, գայլաշունը`
հա΄ֆ հա΄ֆ հա΄ֆ,
շշշշշշշշշշ…

Մսուրին մէջ նորածին Մանուկը կը քնանա՛յ…
չարթննա՛յ…
Հովիւները նորածին Մանուկին
ի՞նչ բերին…
Հովիւները
կա΄թ բերին…

Հովիւները կաթ բերին,
մածո΄ւն բերին…

Հովիւները կաթ բերին,
մածուն բերին,
պանի΄ր բերին…

Հովիւները կաթ բերին,
մածուն բերին,
պանիր բերին,
կարա΄գ բերին…

Հովիւները կաթ բերին,
մածուն բերին,
պանիր բերին,
կարագ բերին,
բո΄ւրդ բերին…

Հովիւները կաթ բերին,
մածուն բերին,
պանիր բերին,
կարագ բերին,
բուրդ բերին
ե՛ւ…
սրի΄նգ նուագեցին…

Հովիւը, մահակը, ոչխարը, գառնուկը,
այծուկը, ուլիկը, գորշ գայլը, գայլաշունը
եւ սրինգին օրօրը…