Վո՜ւյ Նռնօ Ա՜խ Դռնօ
Նռնօ եւ Դռնօ կ’ապրէին գիւղի մը մէջ: Այնքան միամիտ էին որ միշտ փորձանք մը կը ծագէր իրենց շուրջ:
Վո՜ւյ Նռնօ Ա՜խ Դռնօ
Նռնօ եւ Դռնօ, այր եւ կին՝ Մշոյ քաղաքին պզտիկ գիւղերէն մէկուն մէջ կ’ապրէին: Անոնք այնքան միամիտ եւ այնքան բարի էին որ, չէին հասկնար թէ իրենց գործերը ինչո՞ւ ծուր կ’երթային:
Օր մը Դռնօ թոնիրին մէջ հարիսայ կ’եփէ:
– Նռնօ՛,- կ’ըսէ Դռնօ:
– Ի՞նչ է Դռնօ,- կ’ըսէ Նռնօ:
– Հարիսան պատրաստ է. Երթանք դաշտ, քիչ մը պտըտինք,
յետոյ գանք հարիսան ուտենք:
– Երթանք,- կ’ըսէ Նռնօ:
Թոնիրին բերանը կը ծածկեն: Դրամով լեցուն քսակը փայտի մը գլուխը կը կապեն եւ կը տնկեն տանիքին վրայ: Դուրսի դուռը կը կղպեն, բանալին դրան վերեւ կը դնեն ու ճամբայ կ’իյնան դէպի դաշտ: Երբ գիւղէն դուրս կ’ելլեն, ճամբորդի մը կը հանդիպին:
– Եղբա՛յր,- կ’ըսեն Նռնօն ու Դռնօն,- չըլլայ որ մեր դրան առջեւէն անցնիս: Հոն՝ մեր տանիքին վրայ ձող մը տնկուած է, որուն վրայ դրամով լեցուն քսակ մը կախուած է: Դուռը գոց է: Բանալին դրան վերեւն է: Հարիսան թոնիրին մէջն է. չըլլայ որ մեր դուռը բանաս, հարիսան ուտես եւ մեր դրամները տանիս:
– Չէ՛ եղբայր, չէ՜ քոյրիկ, զիս չի հետաքրքրեր ձեր տունը, ձեր հարիսան, ձեր դրամը: Ես ճամբորդ եմ, կ’երթամ իմ ճամբուն:
Նռնօն ու Դռնօն անհոգ կը շարունակեն իրենց ճամբան: Իսկ Ճամբորդը ի՞նչ կ’ընէ. ան ուղղակի կ’երթայ Նռնոյին եւ Դռնոյին տունը: Ձեռքը կ’երկարէ դրան վերեւ, բանալին կը գտնէ: Ներս կը մտնէ: Կը բանայ թոնիրը եւ հարիսան աղուոր մը կ’ուտէ: Յետոյ կ’ելլէ տանիք: Ձողի վրայ կապուած քսակին դրամները կ’առնէ: Ձողը կրկին կը տնկէ իր տեղը եւ կը շարունակէ ճամբան:
Նռնօն ու Դռնօն դաշտէն կը վերադառնան տուն: Դուռը կը բանան: Կ’երթան թոնիրին քով. ի՛նչ տեսնեն, ամանը պարապ:
Տանիք կ’ելլեն, ի՛նչ տեսնեն, քսակը պարապ:
Ի՞նչ ընեն. կը սկսին աղաղակել: Կ’աղաղակեն, կու լան, բայց ի զուր:
Օրեր կ’անցի, միջոց մը ետք՝ յանկարծ կը յիշեն իրենց աղջիկը: Ան ամուսնացեր էր եւ ուրիշ գիւղի մը մէջ կ’ապրէր:
– Նռնօ՛:
– Ի՞նչ է Դռնօ՛:
– Երթանք մեր աղջկան, այցելենք՝ քանի մը օր հոն մնանք, տեսնենք թէ ի՛նչ վիճակի է:
– Երթանք, հապա չերթա՞նք:
Ճամբայ Կ’իյնան: Կը հասնին խնամիին տունը: Աղջիկը կը տեսնեն, կ’ուրախանան: Օր մը կը մտնեն խնամիին հաւնոցը: Կը տեսնեն որ խնամիին հաւերը, սագերը եւ բադերը իրարու վրայ կ’ելլեն, իրարու հետ կը կռուին:
– Նռնօ՛, կ’ըսէ Դռնօն:
– Ի՞նչ է Դռնօ:
– Վո՜ւյ կուրնամ ես: Կը տեսնե՞ս խնամիին հաւերը, սագերը, բադերը աղտոտած ու ոջլոտած են: Այդ պատճառով հողը կը փորփրեն: Իմ անմեղ աղջիկս իր գործերէն աչքը չի կրնար բանալ որ լուայ ու սանտրէ զանոնք:
Նռնօն ու Դռնօն կը բերեն մեծ պղինձէ աման մը: Կը դնեն օճախին վրայ: Ջուրը կ’եռացնեն: Բոլոր հաւերը, բադերը եւ սագերը մէկ առ մէկ կը խոթեն եռացող ջուրին մէջ: Յետոյ կը հանէն եւ մէկդի կը դնեն:
– Նռնօ՛:
– Ի՞նչ է Դռնօ:
– Կը տեսնե՞ս խնամիին հաւերը ինչպէ՛ս հանգստացան: Բոլորն ալ անո՜ւշ անուշ կը քնանան: Կուրնամ ես, ի՜նչ լաւ ըրինք չէ՞ Նռնօ…:
Իսկոյն աղջիկը կու գայ եւ կը տեսնէ սատկած՝ հաւերը, սագերը եւ բադերը:
– Քա՛ վո՜ւյ, սեւով չեղնի, էդ ինչ ես ըրեր մարէ՛:
– Ի՛նչ ընեմ լաօ, աղտոտած ոջլոտած էին, աղուոր մը տաք ջուրով լոգցուցի: Գիտեմ դուն ժամանակ չունիս ընելու:
Քանի մը օր ետք, խնամին, տասը-քսան մեթրի չափ կտաւ, աման մը մեղր, հաց ու պանիր եւ գաթայ կու տայ Նռնոյին ու Դռնոյին եւ կը ճամբէ զանոնք:
Նռնօն ու Դռնօն ճամբուն եզերքը հովէն դողդղացող ծառ մը կը տեսնեն:
– Նռնօ՛:
– Ի՞նչ է Դռնօ:
– Ա՜խ, ա՜խ, ա՛խ կը տեսնե՞ս սա խեղճուկ ծառը, կը մսի, կը դողդղայ:
– Ի՞նչ ընենք,- կ’ըսէ Նռնօ:
– Ի՛նչ պիտի ընենք, խնամիին տուած կտաւով պիտի փաթթենք, որպէսզի չմսին խեղճ ճիւղերը:
Կտաւը կը փաթթեն ծառին եւ կ’անցնին, կ’երթան:
Կ’երթա՜ն, կ’երթա՜ն, քիչ կ’երթան, շատ կ’երթան, յանկարծ կը տեսնեն գետնի վրայ ամառուայ տաքէն բացուած ճեղքը:
– Նռնօ՛:
– Ի՞նչ է Դռնօ:
– Չես տեսներ, ինչպէ՜ս ծարաւցեր է հողը որ բերանը մէկ մեթր բացեր է. Վա՛խ, վա՜խ:
– Ի՞նչ ընենք:
– Քիչ մը մեղր լեցնենք ճեղքէն ներս: Մեղք է, պէլքիմ գետնի ծառաւը կ’անցնի:
Մեղրը կը լեցնեն ճեղքէն ներս ու կ’անցնի՜ն, կ’երթան դէպի իրենց գիւղը:
Երկինքէն չորս խնձոր կ’իյնայ. մէկը՝ Նռնոյին, մէկը Դռնոյին, մէկը ինծի, իսկ չորրորդը ձեզի՜: