Կապոյտ Վերարկու
«Կապոյտ կերպասէն ոչինչ մնաց» ըսաւ Դաւիթ տխրագին: «Ո՛չ, ո՜չ, այս կապոյտ դերձանէն դուն բան մը կրնաս ստեղծել: Ինծի կապոյտ վերարկուն պատմէ տեսնեմ» պատասխանեց մեծ հայրը:
Կապոյտ Վերարկու
Դերձակ էր Դաւիթին մեծ հայրը: Դաւիթ երբ մանուկ էր, շատ կը սիրէր մեծ հօրը արհեստը դիտել, թէ ան ինչպէ՛ս կը կտրէր կերպասները, կը ձեւէր եւ գեղեցիկ հագուստներ կը կարէր:
Ձմրան օր մըն էր, մեծ հայրը կապոյտ կերպասի կտոր մը գտաւ դարակին մէջ:
– Այս կերպասէն քեզի վերարկու մը կը յարմարցնեմ,-ըսաւ:
Ուստի կերպասը կտրեց, ձեւեց եւ վերարկու մը կարեց Դաւիթին համար, որպէսզի ան չմսի ձմրան ցուրտ օրերուն:
Յետոյ միասին փողոց ելան ձիւնի վրայ անասուններուն ոտնահետքերը տեսնելու համար:
Դաւիթ շատ սիրեց կապոյտ վերարկուն, սակայն յաջորդ ձմրան չկրցաւ հագնիլ, որովհետեւ ինք մեծցած եւ հետեւաբար վերարկուն ա՛լ պզտիկցած էր:
– Ասկէ քեզի ուրիշ բան մը կրնամ կարել,- ըսաւ մեծ հայրը:
Կապոյտ վերարկուն կտրեց, ձեւեց եւ այս անգամ բաճկոն մը կարեց:
Դաւիթ հագաւ կապոյտ բաճկոնը եւ միասին խաղավայր գացին, ուր մեծ հայրը հեծանիւ վարել սորվեցուց անոր:
Դաւիթ շատ սիրեց կապոյտ բաճկոնը, սակայն ժամանակի ընթացքին բաճկոնը հինցաւ: Այնպիսի վիճակ մը առաւ որ այլեւս անգործածելի դարձաւ:
– Ասկէ քեզի ուրիշ բան մը կրնամ ձեւել,- ըսաւ մեծ հայրը:
Ան անմիջապէս բաճկոնը կտրեց, ձեւեց եւ անկէ կապոյտ գլխարկ մը կարեց: Դաւիթ գլխարկը անցուց գլխուն, յետոյ մեծ հօրը հետ գետափ գնաց, ուր միասնաբար ձուկ որսացին:
Դաւիթ շատ սիրեց կապոյտ գլխարկը, սակայն օր մը շուն մը խլեց ու բզիկ-բզիկ ըրաւ զայն: Հետեւաբար գլխարկէն միայն կերպասի կտորիկ մը մնաց Դաւիթին ձեռքը:
– Ասկէ քեզի ուրիշ բան մը կրնամ ստեղծել,- ըսաւ մեծ հայրը:
Առաւ կտորիկ կապոյտ կերպասը, կտրեց, ձեւեց, եւ կոճակի մը վերածեց: Եւ Դաւիթին շապիկին վրայ կարեց:
Ժամանակի ընթացքին կոճակն ալ փճացաւ, միայն կապոյտ դերձան մը մնաց շապիկին վրայ:
Կապոյտ կերպասէն ոչինչ մնաց,- ըսաւ Դաւիթ տխրագին:
– Ո՛չ, ո՜չ, այս կապոյտ դերձանէն դուն բան մը կրնաս ստեղծել: Ինծի կապոյտ վերարկուն պատմէ տեսնեմ,- ըսաւ մեծ հայրը:
Դաւիթ մէկ-մէկ պատմեց կապոյտ կերպասէ վերարկուն, բաճկոնը, գլխարկը եւ կոճակը: Պատմեց նաեւ այդ զգեստներով՝ մեծ հօրը հետ անցուցած հաճելի պահերը:
Մեծ հայրը ժպտեցաւ ու ըսաւ.
– Տեսա՞ր, հեքիաթի նիւթ դարձաւ կապոյտ կերպասը: Մանուկները ճիշդ քեզի պէս հաճելի պահեր պիտի անցընեն, երբ մտիկ ընեն կամ կարդան այս հեքիաթը: