Գառնիկ Տայտայ
Ծերունի կօշկակար Գառնիկ Տայտայ կրակը բոցավառեց, յետոյ ակնարկը ուղղեց ճամբու երկայնքին:
Երազին մէջ տեսած էր: Յիսուս պիտի այցելէր իրեն:
Գառնիկ Տայտայ
Ծնունդի նախօրեակն էր: Օդը կը ձիւնէր: Ծերունի կօշկակար Գառնիկ Տայտայը փողոց ելաւ ձիւնի փաթիլները դիտելու համար: Յանկարծ յիշեց թէ որքա՜ն կը սիրէր Ծնունդի տօնը, երբ իր զաւակները դեռ մանուկ էին եւ երբ ամուսինը ողջ էր:
«Ի՜նչ երջանիկ օրեր էին» հառաչեց ան յուզումով: «Հիմա առանձին եմ, բայց նորէն ալ յատուկ օր է», խորհեցաւ ան ու տուն մտաւ:
Սենեակին լոյսը վառեց, սկահակ մը սուրճ պատրաստեց, իր փոքրիկ գրադարանէն Սուրբ Գիրքը հանեց, նստաւ ու սկսաւ կարդալ Յիսուսի Ծնունդը: «Բան մը չունիմ որ նուիրեմ Յիսուս մանուկին» խորհեցաւ յուզուած: Իսկոյն նշմարեց զոյգ մը պզտիկ կօշիկ դարակին վրայ, զոր շինած էր տարիներ առաջ: «Այս կօշիկը կրնամ նուիրել Յիսուսին, իմ շինած լաւագոյն կօշիկն էր» խորհեցաւ: Գոցեց Սուրբ Գիրքը ու քնացաւ:
Այդ գիշեր, երազին մէջ տեսաւ այն մէկը, զոր մտած էր իր սենեակը: Յանկարծ «Գառնիկ Տայտայ, զիս տեսնել եւ նուէր մը տալ կ’ուզէիր: Վաղը պիտի գամ, սպասէ՛ ինծի» ըսաւ ձայն մը:
Գառնիկ Տայտայ, Ծնունդի առաւօտ երբ արթնցաւ, յիշեց այն խօսքերը, զոր տեսած էր երազին մէջ: Ան գիտէր խօսողը՝ «Յիսուսն էր»: «Ան, ինծի այցելութեան պիտի գայ», խորհեցաւ ուրախութեամբ:
Անմիջապէս առտուան սուրճը պատրաստեց, եւ սկսաւ պատուհանէն դուրս նայիլ, որպէսզի տեսնէ Յիսուսին գալուստը:
Սակայն տեսաւ միայն աղբահաւաք մը, զոր ճամբաները ձիւնէն կը մաքրէր սաստիկ հովուն տակ: Երբ տեսաւ որ խեղճ մարդը ցուրտէն կը սարսռայ, անմիջապէս ներս կանչեց զայն: Տաք սուրճ հրամցուց անոր: Ան երբ ցուրտէն սառած ձեռքերը կը տաքցնէր, Գառնիկ Տայտայը երազը պատմեց:
– Դուն բարի մարդ մըն ես, մաղթեմ որ երազդ իրականանայ,- ըսաւ աղբահաւաքը, յայտնեց իր երախտագիտութիւնը ու մեկնեցաւ:
Գառնիկ Տայտայ կրակը բոցավառեց, յետոյ դուրս ելաւ: Ակնարկը ողղեց ճամբու երկայնքին, տեսնելու համար Յիսուսին գալուստը: «Արդեօք, պիտի գա՞յ» կրկին խորհեցաւ ան: Յանկարծ տեսաւ իրենց քով երկու մանուկներով այր եւ կին մը, որոնք կը կրէին երկու ծանր պարկեր: «Այս ցուրտին, որքան բարակ հագուեր են» խորհեցաւ
ու զանոնք հրաւիրեց իր տունը:
– Մենք գաղթականներ ենք, ստիպուեցանք լքել մեր ապրած երկիրը: Հիմա ալ տուն կը փնտռենք բնակելու համար,- ըսաւ այրը:
Իսկ կինը գետին ձգեց շալկած պարկը, որուն մէջ կը գտնուէր երախայ մը:
Գառնիկ Տայտայ, կնոջ եւ մանուկներուն հագուստներ գտաւ, իսկ մարդուն համար իր հին վերարկուն հանեց: Բոլորը հագան, ի՛նչ որ տրուեցաւ իրենց: Յետոյ, անոնց ալ պատմեց իր առջի գիշերուայ տեսած երազը:
– Դուն բարի մարդ մըն ես, կը մաղթեմ որ երազդ իրականանայ,- ըսաւ գաղթականը:
Անոնք երբ կը մեկնէին, Գառնիկ տայտայը յանկարծ յիշեց պզտիկ զոյգ մը կօշիկը, անմիջապէս գաղթական կնոջ տուաւ երախային համար:
Գառնիկ Տայտայ ամբողջ օր մը սպասեց Յիսուսին գալուստին: Փողոցը երբ կը թափառէր, տեսաւ երգիչներ, որոնք կ’երգէին Կաղանդի եւ Ծնունդի երգեր: Ան, անոնց գանձանակներուն մէջ դրամ ձգեց: Իր դրացիներէն մէկը ճաշի հրաւիրեց: Կէս գիշեր էր, եւ Յիսուսը դեռ մէջտեղ չկար:
«Ուրեմն, երազ մըն էր միայն» յուզումով խորհեցաւ ան:
Սակայն յանկարծ նշմարեց որ այլեւս առանձին չէր: Կային անձեր, որոնց սիրայօժար օգնած էր: Անոնք կանգնած էին Գառնիկ Տայտային դիմաց եւ կը փսփսային ականջին.
– Զիս չտեսա՞ր, Գառնիկ Տայտայ: Մսած էի, տաքցուցիր: Հագուստի պէտք ունէի, հագցուցիր: Անօթի էի, կշտացուցիր,- ըսաւ այն ձայնը, զոր լսած էր երազին մէջ:
Գառնիկ Տայտայ հասկցած էր որ Յիսուսը այցելած էր: Սիրտը ցնծութեամբ լեցուեցաւ: