Ոսկիի Պտուկը
Երբ մօտեցաւ անոր, տեսաւ որ քար չէր, այլ՝ սեւ պտուկ մըն էր: Բացաւ կափարիչը, ի՛նչ տեսնէ… Պտուկը ոսկեդրամներով լեցուն էր:
Ոսկիի Պտուկը
Գիւղին ծայրը, վերջին տնակին մէջ կ’ապրէր ծեր կին մը, բոլորովին առանձին: Ան գիւղացիներուն համար մանր-մունր գործեր կ’ընէր: Գիւղացիներն ալ իրեն բրինձ, շաքար եւ ցորեն կու տային: Ծեր կինը միշտ ուրախ էր, կարծես բնաւ հոգ չունէր:
Օր մը, իրիկուան դէմ, ծեր կինը, յոգնած՝ երբ տուն կը վերադառնար, հեռուն նշմարեց կլոր սեւ քար մը:
Երբ մօտեցաւ անոր, տեսաւ որ քար չէր, այլ՝ սեւ պտուկ մըն էր: Պէտք ունիմ, բայց մէջը ի՞նչ դնեմ. «Ծաղիկ կը ցանեմ», մտածեց: Բացաւ կափարիչը, ի՛նչ տեսնէ…: Պտուկը ոսկեդրամներով լեցուն էր: Քանի մը վայրկեան շուարած՝ դիտեց ոսկիները, յետոյ պտուկը չուանով կապեց եւ քաշելով ճամբան շարունակեց:
Ան քիչ մըն ալ քալեց, ապա կանգ առաւ ու պտուկը բացաւ: Բայց ոսկիները չկային: Պտուկը արծաթ դրամներով լեցուն էր: Կինը աչքերը շփե՜ց, շփե՜ց, չհաւատաց աչքերուն, բայց այո՛, ոսկիները որոնք նախապէս կային պտուկին մէջ, հիմա արծաթի փոխուեր էին:
«Ես վստահ եմ որ ոսկի տեսայ, բայց կ’երեւի սխալեր եմ: Արծաթն ալ լաւ է: Արդէն այդ ոսկիները ո՞ւր պիտի պահէի: Արծաթն ալ կը բաւէ», մտածեց ու ճամբան շարունակեց:
Ծեր կինը ուրախ էր, ծրագիրներ կը մշակէր ապագայի մասին:
Միջոց մը ետք, կինը կրկին կանգ առաւ, պտուկը բացաւ: Ի՞նչ տեսնէ… արծաթը այս անգամ երկաթի փոխուեր էր:
«Երկաթը ծախելը աւելի դիւրին է. գիշերը միտքս հանգիստ կը քնանամ. երկաթը հազար տեսակ բանի կրնամ գործածել», մտածեց ու ճամբան շարունակեց:
Քիչ ետք ծեր կինը երբ նայեցաւ, երկաթին տեղ խոշոր քար մը կար պտուկին մէջ:
– Զարմանալի բան, ո՞վ կրնար գիտնալ թէ, ճիշդ ասանկ քար մը կ’ուզէի տնակիս դուռը բաց պահելու համար,- ըսաւ կինը ինքնիրեն:
Կինը տնակին դուռը բացաւ, խոշոր քարը դրան առջեւ դրաւ ու նստաւ աթոռակին վրայ, յոգնած բայց գոհունակ:
Յանկարծ քարը մէջտեղէն ճեղքուեցաւ, ու ճեղքին մէջէն անասնակերպ բան մը դուրս ելաւ:
Ան՝ ունէր չորս երկար նուրբ սրունքներ, գեղեցիկ պոչ, կրակոտ աչքեր: Սպիտակ ձի մը դուրս ցատկեց ու անհետացաւ իրիկուան մութին մէջ:
– Ի՜նչ բախտ, ի՜նչ բախտ… Սուրբ Գէորգին Ձին տեսայ: Այսօր որքա՜ն լաւ բաներ պատահեցան… որքա՜ն բախտաւոր եմ եղեր,- ըսաւ կինը մեծ ուրախութեամբ: