Միտաս Թագաւորին Ոսկին
Օր մը, այգեքաղի, խաղողի, գինիի եւ խրախճանքի աստուածը Բաքոս, Միտասին պալատը այցելեց:
Միտաս Թագաւորին Ոսկին
Ժամանակին թագաւոր մը կար, Միտաս անունով: Ան, չափազանց կը սիրէր ոսկին:
Օր մը, այգեքաղի, խաղողի, գինիի եւ խրախճանքի աստուածը Բաքոս, Միտասին պալատը այցելեց: Միտաս, այնքան մեծ յարգանք ցոյց տուաւ Բաքոսին, այնքան լաւ հիւրասիրեց զայն,
որ Բաքոս երբ պալատէն կը մեկնէր ըսաւ.
– Խնդրէ՛, ի՛նչ որ կ’ուզես պիտի ունենաս:
Միտաս այս առիթը փախցնել չուզեց եւ անմիջապէս յայտնեց իր խնդրանքը.
– Ի՝նչ բանի որ դպչիմ, անմիջապէս թո՛ղ ոսկի դառնայ:
Բաքոս չէր սպասեր Միտասէն այսպիսի խնդրանք մը: Ան խրատեց, որ չափաւոր ըլլայ իր փափաքներուն մէջ: Բայց Միտաս շատ շատ ոսկի ունենալ կ’ուզէր:
– Լա՛ւ, ըլլա՛յ,- ըսաւ Բաքոս ու մեկնեցաւ:
Միտաս անմիջապէս սկսաւ իր ննջասենեակէն. դպաւ աթոռին. աթոռը իսկոյն ոսկի դարձաւ:
Միտաս ուրախութենէն սկսաւ ցատքռտել: Դպաւ սեղաններուն, սենեակի առարկաներուն, սիւներուն, պատերուն. բոլորը ոսկի դարձան:
Յետոյ վազեց պարտէզ. դպաւ ծառերուն, ծաղիկներուն, հողերուն, ջուրերուն. ի՛նչ որ տեսաւ, դպաւ եւ բոլորը ոսկի դարձան: Ա՛լ ամէն տեղ, ամէն ի՛նչ ոսկի դարձած էր: Միտաս չէր հաւատար աչքերուն:
Գիշերուան մօտ՝ Միտաս ոսկիին կշտացած չէր տակաւին: Վերջապէս յոգնեցաւ. անօթեցաւ, տուն մտաւ ու հրամայեց ծառաներուն որ կերակուր բերեն:
Ծառաները, ոսկեղէն ափսէներու վրայ բերին համեղ, բուրումնաւէտ կերակուրներ: Միտաս ախորժակով եւ ուրախութեամբ ձեռքը երկարեց հացին. տեսաւ որ հացը իսկոյն ոսկի դարձաւ:
Միտաս ցնցուեցաւ. ծառաները ուրիշ հաց դրին, ուրիշ կերակուր բերին, բայց Թագաւորը անոնց հազիւ թէ դպչէր ձեռքով կամ շրթունքով, անոնք անմիջապէս ոսկի կը դառնային:
Միտաս, ամբողջ օր ոսկիով զբաղած ըլլալուն պատճառով, մոռցեր էր ճաշ ուտել: Այնքան անօթեցած էր, բայց հիմա կը տեսնէր որ բան մը ուտել անկարելի էր:
Վերջապէս խելքը գլուխը եկաւ: Ծունկի եկաւ, եւ աղաչեց Բաքոսին, որ ազատէ զինք այդ կարողութենէն:
– Գնա՛, պարտէզիդ եզերքի առուակին մէջ լուացուէ՛,- ըսաւ Բաքոս:
Միտաս անմիջապէս առուակ գնաց, աղուոր մը լուացուեցաւ եւ հանգիստ շունչ մը առաւ, կարծես գէշ երազէ մը արթնցած էր: