Ճաթած Կարասը

Ջրկիրը երբ երիտասարդ էր՝  ծանր բեռը ուսերուն վրայ, զառ ի վար սուլելով կը վազէր: Բայց հիմա, տարիքոտ եւ յոգնած էր: Այլեւս ուսերը կը ցաւէին:

Ճաթած Կարասը

Ծերուկ ջրկիր մը, ամէն օր գետ կ’երթար, որպէսզի ջուր տանէր տիրոջ տունը: Ան ուսին վրայ կը կրէր ձող մը, որուն երկու ծայրերէն կախուած էին երկու մեծ կարասներ:
Ան երբ երիտասարդ էր՝ ծանր բեռը ուսերուն վրայ, զառ ի վար սուլելով կը վազէր:
Բայց հիմա, տարիքոտ եւ յոգնած էր: Այլեւս ուսերը կը ցաւէին: Սրունքները տկարացած էին: Նոյնիսկ կարասներէն մէկն ալ ճաթած էր, եւ ջուր կը կաթեցնէր: «Գործը աւելի երիտասարդ մէկուն ձգել պէտք է» խորհիլ սկսած էր վերջերս:

Աշխատանքի վերջին օրն էր, ծերունի ջրկիրը կարասներուն ջուրը պարպելէ ետք դուրս ելաւ, որպէսզի նստի եւ քիչ մը հանգչի շուքի տակ: Այդ պահուն, ճաթած կարասը յանկարծ լեզու ելաւ եւ սկսաւ խօսիլ: Ջրկիրը զարմանքով նայեցաւ կարասին:

– Ներողութիւն կը խնդրեմ. կը հանգչէիր, քեզ
կ’անհանգստացնեմ, սակայն քեզի հարցում մը հարցնել
կ’ուզեմ,- ըսաւ Ճաթած կարասը:

Ջրկիրը ժպտեցաւ ու ըսաւ.

– Դուն իմ մտերիմ բարեկամս ես: Հարցո՛ւր, որքա՛ն որ
կարենամ, կը պատասխանեմ հարցումիդ:

– Քանի մը տարիէ ի վեր նշմարած էիր որ ճաթած էի: Ջուրը
մինչեւ որ տիրոջ տունը հասցնէիր, կէսը կը պարպուէր:
Ինչո՞ւ նոր կարասով մը չփոխեցիր զիս,- հարցուց կարասը:

– Նախ անգամ մը եւս միասին երթանք մինչեւ գետ, յետոյ
պիտի պատասխանեմ հարցումիդ,- ըսաւ ջրկիրը:

Երբ գետ հասան, ջրկիրը կարասները լեցուց եւ ինչպէ՛ս միշտ,
նոյնպէս՝ ճաթած կարասէն ջուրերը կաթեցնելով մեկնեցան դէպի տուն:

Ճամբուն կէսին, ջրկիրը պահ մը կանգ առաւ եւ նստաւ քարի մը վրայ:

– Հիմա,- ըսաւ ջրկիրը ճաթած կարասին,- ճամբուն
ուղղութեամբ նշմարեցի՞ր ծաղիկները, որոնք բոլորն ալ
քու անցած տեղերը կը գտնուին: Զանոնք ես տնկեցի,
որովհետեւ վստահ էի որ դուն ցնցուղի պէս պիտի ջրէիր
զանոնք:

Երջանկութեամբ հառաչեց ջրկիրը եւ շարունակեց.

– Քու շնորհիւ, ամէն ամառ ծաղիկներուն գեղեցկութիւնը եւ
անուշ հոտը վայելեցի: Քու թերութիւնը բարիք բերաւ
ծաղիկներուս, հետեւաբար՝ ինծի: Բարեկա՛մ, ահաւասի՛կ
սորվեցար թէ քեզ ինչո՛ւ չեմ փոխած նոր կարասով մը:

Հնդկական Հեքիաթ