Ջուրերու Մէջ Վարդավառ
Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպուեցաւ.
Ջուրերու Մէջ Վարդավառ
Արամիկ թափ թաց վրայ գլուխով, հեւ ի հեւ սենեակ կը մտնէ, ուղղակի մեծ մեծ մօր քով կ’երթայ ու կը հարցնէ.
– Մեծ մեծ մայրի՛կ, մենք ինչո՞ւ Վարդավառին ջուր կը թափենք իրարու վրայ: Շուտ պատմէ՛, որովհետեւ այլազգ ընկերներս հարցուցին: Նախ ես սորվիմ, յետոյ պիտի երթամ ու իրենց պիտի պատմեմ:
– Կեցի՛ր զաւակս, քիչ մը հանգչէ՛: Սա վրայ գլուխդ մէկ մը չորցո՛ւր, յետոյ կը պատմեմ:
– Ո՛չ մեծ մեծ մայրիկ, չեմ կրնար սպասել: Հիմա, անմիջապէս պատմէ՛, որովհետեւ դուրսը, դրան առջեւ ինծի կը սպասեն:
– Շատ լաւ ուրեմն, սակայն չհիւանդանա՜ս:
– Չեմ հիւանդանար, չեմ հիւանդանար:
– Քրիստոսի Այլակերպութեան Տօնը, հինգ տաղաւարներուն երրորդն է զաւակս:
– Ամէն տարի կը տօնենք Զատկին յաջորդող 14-րդ Կիրակիին: Այլակերպութեան կամ պայծառակերպութեան տօնը, Յիսուս Քրիստոսի աստուածութեան յայտնութեան յիշատակն է:
– Շատ լաւ, այլակերպութիւնը ի՞նչ կապ ունի ջուրին հետ:
– Կեցի՛ր սպասէ՛, պիտի պատմեմ բոլորը: Այլակերպութիւն կը նշանակէ կերպարանափոխութիւն կամ ձեւափոխութիւն: Այսինքն Յիսուս Քրիստոսի կերպարանքի փոփոխութիւնը կը տօնենք:
– Շա՜տ աղէկ, մեծ մեծ մայրիկ, Յիսուսի այլակերպութիւնը եւ ջուր, իրարու հետ ինչպիսի՞ կապ մը ունին:
Սիրանոյշ մեծ մեծ մայրիկը անմիջապէս կը բանայ Սուրբ Գիրքը եւ կը սկսի կարդալ.
Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպուեցաւ անոնց դիմաց.
Իր դէմքը արեւի նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան եւ զիրենք ծածկեց ամպ մը, որուն մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՛ըսէր. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. Անոր մտիկ ըրէ՛ք»:
– Շատ լաւ մեծ մեծ մայրիկ, ջուրին հետ ի՞նչ կապ ունի: Դեռ ատիկա չըսիր:
– Սպասէ՛, պիտի պատմեմ:
Արամիկ երկու ձեռքերը այտերուն վրայ, գետին նստած ուշադրութեամբ կը հետեւէր մեծ մեծ մայրիկին կարդացածներուն: Սակայն դեռ չէր ստացած պատասխանը իր «ջուր»ի հարցումին:
Սիրանոյշ մեծ մեծ մայրիկ կը սկսի պատմել:
– Դարե՜ր, դարեր առաջ Հայոց աշխարհի մէջ կ’ապրէր սիրոյ եւ գեղեցկութեան չաստուածուհի՝ Աստղիկը: Աստղիկի գլխաւոր
մեհեանը կը գտնուէր Տարօն գաւառի Աշտիշատ
աւանը : Օգոստոս ամսուան սկիզբին ուրախութիւն կը տիրէր ժողովուրդին մօտ, որովհետեւ մեծ հանդէս մը կը պատրաստէին Աստղիկ չաստուածուհիին:
– Է՜…, ջո՞ւր, մեծ մեծ մայրիկ:
– Հայոց բարձր լեռներուն վրայ գառնանային զովութիւն կը տիրէր: Մարդիկ իրենց ցորենի եւ խնձորի բերքերը հաւաքած՝ անհամբերութեամբ կը սպասէին համտեսելու համար տարուան առաջին բերքի խնձորը, որովհետեւ աւանդութիւն դարձած էր իրենց մօտ այդ օրը, որպէս առաջին խնձորի համտեսի օր:
– Ինչպէ՜ս, այսինքն խաղողի պէս խնձորն ալ չէի՞ն ուտեր ժամանակը չհասած:
– Այո՛ զաւակս: Ճիշդ խաղողի նման մարդիկ խնձոր չէին ուտեր ժամանակը չհասած:
– Ջուրին գանք մեծ մեծ մայրիկ:
– Մէկ կողմէ ալ տօնածառեր կը պատրաստէին: Զանոնք կը զարդարէին ժապաւէններով, վարդերով, վարունգով եւ խորոված խնձորով: Իսկ երիտասարդները շուրջպար կը բռնէին:
Անոնք կ’երգէին եւ քառեակներով կ’արտայայտէին իրարու հանդէպ իրենց ունեցած զգացումները:
Այդ պահուն չաստուածուհի Աստղիկ լսեց, որ իր սիրեցեալ Վահագնը ծանրապէս վիրաւորուած է: Ան բոպիկ ոտքերով վազեց Վահագնի մօտ: Ճամբան երբ կը վազէր վարդենիներու մէջէն, ոտքերը վիրաւորուեցան: Ոտքերը այնքան արիւնեցան, որ վարդերը ներկուեցաւ կարմիրի:
– Մեծ մեծ մայրի՛կ, ուրեմն Վարդավառին անունը այդ տեղէն կու գայ:
– Այո՛ զաւակս, այս դէպքին վրայ, ժողովուրդը սկսաւ իրարու վրայ ջուր
սրսկել:
– Օ՛հ, ի վերջոյ ջուրին հասանք: Ինչո՞ւ մեծ մեծ մայրիկ:
– Որովհետեւ անոնք կը հաւատային, որ ջուրը մարդիկը կը պաշտպանէր վախէն եւ հիւանդութենէն:
– Այսինքն մեծ մեծ մայրիկ իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին, որպէսզի չհիւանդանա՞ն:
– Այդ օրերուն մարդիկ այդպիսի հաւատալիքներ ունէին, զաւա՛կս: Միայն ատիկա չէ անշո՛ւշտ, անոնք նաեւ կը վերյիշէին Նոյ Նահապետը, որովհետեւ Նոյ, իջնելով տապանէն՝ պատուիրած էր իր զաւակներուն ամէն տարի իրարու վրայ ջուր թափել, որպէսզի գալիք սերունդները չմոռնան ջրհեղեղի պատմութիւնը:
– Ուրեմն մեծ մեծ մայրիկ, մենք՝ մեր մեծ մեծ մեծ մեծ, մեծ հայրերը կը յիշենք, երբ իրարու վրայ ջուր սրսկենք այդ օր:
– Այդպէս ալ կրնանք խորհիլ անշո՛ւշտ զաւակս: «Վարդավառը հայ հեթանոսական շրջանէն մնացած տօնական օր մըն է եւ ջուր սրսկելը պայման է»:
– Հիմա հեթանոսական բառին իմաստը պիտի չհարցնեմ մեծ մեծ մայրիկ: Ատիկա ուրիշ օրուան ձգենք: Ես երթամ ջուրի մասին սորվածներս պատմեմ ընկերներուս:
– Մեծ մեծ մայրիկ Սիրանոյշ, իր քովէն պուտ մը ջուր կ’առնէ ու կը սրսկէ իր ծոռնիկին վրայ եւ կ’ըսէ.
– Գնա՛, եւ ջուր մըն ալ իմ կողմէս պարպէ՛ ընկերներուդ վրայ:
– Կ’ըլլայ մեծ մեծ մայրիկ,- կ’ըսէ Արամիկ եւ ուրախութեամբ կ’անհետանայ մեծ մեծ մօրը սենեակէն:
Ան, ուղղակի կ’երթայ իր ընկերներուն քով, եւ կը սկսի պատմել ի՛նչ որ սորված է իր մեծ մեծ մօրմէն: Յետոյ տղաքը կը շարունակեն ջուր թափել իրարու վրայ, որ իրենց համար հաճելի խաղի մը կը վերածուի այս աւանդական սովորութիւնը: