Թէ Ինչո՛ւ Բոպիկ Մնաց Հազարոտնուկը

Հազարոտնուկին բոլոր ընկերները դպրոց գացին: Իսկ հազարոտնուկը սիրտ չունէր ուսում առնելու…

Թէ Ինչո՛ւ Բոպիկ Մնաց Հազարոտնուկը

Հազարոտնուկին բոլոր ընկերները դպրոց գացին: Հետեւաբար՝ անոնցմէ ամէն մէկը, ամէն օր նոր բան մը սորվեցան: Իսկ հազարոտնուկը սիրտ չունէր ուսում առնելու: Ուստի ան ոչինչ սորվեցաւ:
Օր մը, ան հանդիպեցաւ Նապաստակին, որ բանջարանոցին մէջ ստեպղին կը կրծէր: Նապաստակը ոտքերուն անցուցած էր այնպիսի գեղեցիկ կօշիկներ, որ հազարոտնուկը հիացաւ:
– Ո՞վ կարեց այդ հրաշալի կօշիկները,- հարցուց:
– Վարպետ Մակարը,- պատասխանեց նապաստակը:
Հազարոտնուկը անմիջապէս վազեց վարպետ Մակարին արհեստանոցը եւ անկէ խնդրեց, որ իրեն ալ կօշիկ կարէ:
Վարպետ Մակարը՝ դանակը մէկդի դնելով հարցուց:
– Քանի՞ զոյգ:
– Չեմ գիտեր: Ես հաշուել չեմ գիտեր:
– Ուրեմն բան մը չեմ կրնար ընել: Չեմ գիտեր, թէ որքան կաշի, մորթ եւ դերձան պէտք է:
Հազարոտնուկը տխուր հեռացաւ:
Յաջորդ օրը ան տեսաւ անուշիկ քոթոթ մը, որ անտառին մէջ վայրի տանձ կ’ուտէր փնթփնթալով: Քոթոթը ոտքերուն անցուցած էր գունաւոր գուլպաներ:
– Արջո՛ւկ, արջո՛ւկ, ուրկէ՞ առիր այդ նախշուն գուլպաներդ:
Հազարոտնուկը իսկոյն վազեց Աննա մայրիկին տունը:
– Աննա՛ մայրիկ, շատ կը խնդրեմ, որ ինծի համար ալ նախշուն գուլպաներ գործես:
Աննա մայրիկը՝ ձեռքի ճաղերն ու դերձանի կծիկը մէկդի դնելով եւ ակնոցը շտկելով հարցուց:
– Քանի՞ զոյգ:
– Չեմ գիտեր: Չէ՞ որ ես հաշուել չեմ սորված,- պատասխանեց հազարոտնուկը:
– Ուրեմն ոչ մէկ բան կրնամ ընել, քանի որ չեմ գիտեր, թէ որքան բուրդ պէտք է ոտքերուդ:
Հազարոտնուկը տրտում հեռացաւ:
Ուրիշ օր մը ան տեսաւ ձի մը, որուն փայլուն պայտերը կը շողշողային արեւուն տակ:
– Ուրկէ՞ առիր այդ արծաթեայ պայտերը:
– Դարբին Խեչօն շինեց,- պատասխանեց ձին:
Հազարոտնուկը շուտով գնաց դարբին Խեչոյին դարբնոցը:
– Վարպե՛տ Խեչօ, կ’աղաչեմ որ ինծի ալ պայտեր շինես:
– Քանի՞ զոյգ,- հարցուց դարբինը՝ կռանը սալին վրայ դնելով:
– Ա՜խ, չեմ գիտեր, չեմ գիտեր. հաշուել չսորվեցայ:
– Ուրեմն ոչինչ կրնամ ընել, որովհետեւ չեմ գիտեր թէ որքան երկաթ ու գամ պէտք է ոտքերուդ:
Հազարոտնուկը լացակումած հեռացաւ:
Ան մինչեւ այսօր ալ բոպիկ է, որովհետեւ տակաւին հաշուել չէ սորված: