Առաջին Հեյրէն Ղազաթան

«Առ այս սուրբ համբոյրը, բաշխէ մեր բոլոր խմբագիրներուն, մեր բոլոր այբ-բեն-գիմը սիրողներուն եւ անոր սիրահարներուն: »

Առաջին Հեյրէն Ղազաթան

Տարիներ առաջ երբ հազիւ ութը կամ ինը տարեկան տղայ էի, կամ տարբեր խօսքով՝ երբ մեր Տիգրանակերտի փողոցներուն մէջ իմ ընկերներուս հետ վէգ կը խաղայի, թռչուն կ’որսայի կամ իշամեղուներուն բոյնը կ’աւրշտկէի, ինչպէ՞ս եղաւ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ չեմ գիտեր, Հայերէն տպագրուած թուղթի կտոր մը գետնէն գտայ:

Այդ տարիներուն Տիգրանակերտի Տէր Արսէնէն Հայերէն մասնաւոր դաս կ’առնէի, այսինքն՝ «այբ»ը, «բեն»ը, «գիմ»ը եւ նոյնիսկ «չա»ն ալ կը ճանչնայի: Աւելին՝ գիտէի թէ երբ «չա» գրես չամիչ ալ կրնաս գրել… երբ «չա»ով ջուր գրես ըսել է թէ մեղք կը գործես:

Այո՛, այդ տարիներուն Տիգրանակերտի ժամուն մէջ Աւետարաններ ալ տեսած էի: Գիտէի թէ Աստուծոյ խօսքը Հայերէն լեզուով իջած էր երկինքէն:

Աւետարանը ճանչցած էի, որովհետեւ այդ տարիներուն ամէն Կիրակի հայրս ձեռքէս կը բռնէր ու զիս կը տանէր մեր Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, ուր դպրութիւն կ’ընէի մօրս կարած ճերմակ շապիկը հագնելով:

Այդ օրերուն, փոքր ու մեծ Աւետարանները մօտէն ալ տեսած էի մեր ժամուն մէջ: Անոր համար փողոցը՝ գետինը ինկած՝ մաշած, հայերէն տպագրուած թուղթի կտորը երբ տեսայ, հասկցայ թէ ատիկա մեր գիտցած Աւետարանի սո՜ւրբ էջերէն մէկը չէր եւ չէր կրնար ըլլալ: «Ըսիկէ հեյրէն ղազաթա է» որոշեցի:

Երբ խորհեցայ, թէ Աւետարանին գիրերն ալ Հայերէն էին, ուրեմն կը նշանակէր թէ Հայերէն գրուած ամէն թուղթի կտոր սո՜ւրբ էր:

Առի թուղթի կտորը, ըրի այնպէս՝ ինչպէս ամէն Կիրակի կ’ընէի Տէր Արսէնին Աւետարաններուն: Համբուրեցի, անգամ մը եւս համբուրեցի, երբ երրորդ անգամ համբուրելս վերջացաւ, տարի ճակտիս ու կրկին համբուրեցի…: Յետոյ թուղթի այդ կտորը աղուոր մը ոլորեցի՛, պզտիկցուցի, գնդակի մը վերածեցի եւ մեծ հաւատքով՝ մեր տան դրացի պատին խոռոչներէն մէկուն մէջ տեղաւորեցի: Առջեւն ալ փոքր քար մը դրի, որպէսզի սատանայ աչքերէն հեռու մնար:

Երեսս խաչակնքեցի: «Հայր մեր, որ յերկինս» ըսի:

Իմ բարոյական պարտականութիւնս երբ կատարեցի, գոհ էի, ուրախ էի, եւ գիտէի թէ «Էսուեծ Պապան» զիս վերէն կը դիտէր ու ինծի «էպրիս» կ’ըսէր…:

Այդ տարիներուն ինծի համար հայերէն գրուած, տպագրուած թուղթի կտորները սո՜ւրբ էին, որովհետեւ Աւետարաններն ալ այբ-բեն-գիմով հրաշք կը գործէին… եւ այբբենգիմ ըսել սուրբ ըսել էր…:

Հիմա սա պահուս երբ այս տողերը կը գրեմ, կարծես կը զգամ թէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը կ’արթննայ իր յաւիտենական քունէն, կ’ելլէ կու գայ, կը համբուրէ ճակատս ու կ’ըսէ.

– Առ այս սուրբ համբոյրը, բաշխէ մեր բոլոր խմբագիրներուն, մեր բոլոր այբ-բեն-գիմը սիրողներուն եւ անոր սիրահարներուն: Տար բաժին մըն ալ մանաւանդ այդ խմբագիրին, եւ այդ գրաշարներուն որոնց միջոցաւ առաջին անգամ ծանօթացար Հայ թերթի մը հետ, երբ դուն լակոտ մըն էիր եւ կը խաղայիր մանկական խաղերդ Տիգրանակերտի փողոցներու ցեխերուն՝ մէջ:

Մկրտիչ Մարկոսեան