Թմբկահար Փայտփորիկը

Գիտե՞ս, թմբկահար Փայտփորիկը կաղին գողցեր է Սկիւռին բունէն:

Թմբկահար Փայտփորիկը

Փայտփորիկը անտառին թմբկահարն էր: Այնքան լաւ, այնքան համաչափ՝ «Թը՛մբ, թը՛մբ, թը՛մբ…» կը հարուածէր թմբուկին, որ անտառին բնակիչները երբ լսէին՝ կը սկսէին պարել:
Օր մը, Փայտփորիկը իր թմբիչներով՝ սխալմամբ զարկաւ ծառին այն խոռոչին, ուր Սկիւռը կը պահէր իր կաղինները: Այդ օր, շեփորահար Խոզիկը ճամբան հանդիպեցաւ Նազիկ-Աղուէսին:
• Գիտե՞ս, թմբկահար Փայտփորիկը կաղին գողցեր է Սկիւռին բունէն,- ըսաւ:
Նազիկ-Աղուէսիկը գաղտնիք պահել չէր գիտեր: Գիշեր մը գնաց սաքսոֆոնահար Աքաղաղին մօտ՝ թէյ խմելու: Ներս մտած-չմտած՝ սկսաւ հառաչել:
• Օ՜ֆ, օ՜ֆ, օ՜ֆ…:
• Ի՞նչ է, ի՞նչ ցաւ ունիս, սիրելի՛ Նազիկ-Աղուէսիկ,- հարցուց Աքաղաղը:
• Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ… թմբկահար Փայտփորիկը վերէն վար կողոպտեր է Սկիւռին մառանը: Խեղճին ամբո՛ղջ ձմեռուան պաշարը առեր-տարեր է: Հիմա խեղճ Սկիւռը, իր ձագերուն հետ, ծառին ճիւղին վրայ նստած, աղի-արցունք կը թափէ:
Առտուն կանուխ, Աքաղաղը վազեց դարբին Ծղրիթին մօտ.
• Կուկուլիկո՜ւ, բարեւ:
• Բարի՛ եկար:
• Վարպե՛տ, ամուր կղպանք մը կը շինե՞ս մեր մառանին համար:
• Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ:
• Չիմացա՞ր պատահածը: Թմբկահար Փայտփորիկը վերէն վար կողոպտեր է Սկիւռին մառանը, յետոյ քար ու քանդ ըրեր է բոյնը: Յետոյ ա՛լ կրակ տուեր է ծառին: Հիմա, Սկիւռը, այրած ծառի ճիւղին վրայ նստած, աղի-արցունք կը թափէ:
Կէսօրին՝ դարբին Ծղրիթն իր աշկերտ Մարախին ըսաւ.
• Ի՛նչ որ ունինք-չունինք՝ հաւաքէ՛: Քիչ մըն ա՛լ պաշար դի՛ր պարկին մէջ:
• Ինչո՞ւ:
• Պիտի փախչինք:
• Ինչպէ՛ս թէ պիտի փախչինք: Ի՞նչ եղաւ:
• Դուն դեռ լուր չունի՞ս: Ամբողջ աշխարհը տեղեակ է: Թմբկահար Փայտփորիկը ամբողջ անտառը հրդեհեր է: Արջուկ-Փրչուկը կտցահարեր է, Փղիկ-Թխլիկը քշեր է, Իմաստուն-Կրիան բանտարկեր է, Արագոտն-Ընձուղտը կապկպեր է…: Միայն Սկիւռը փախեր է: Ան ալ, հիմա, այրած ծառի ճիւղի մը վրայ նստած՝ աղի-արցունք կը թափէ:
Դարբին Ծղրիթն ու իր աշկերտ Մարախը անմիջապէս կը սկսին հաւաքել իրենց ունեցած-չունեցածը եւ ճամբայ կ’իյնան: Ո՛ւր որ երթան, տխուր լուրը կը յայտնեն:
Անտառին բնակիչները կը սկսին վախնալ: Բոլորը իրենց ունեցած-չունեցածը կը հաւաքեն ու ճամբայ կ’իյնան:
• Ո՞ւր կ’երթաս այսպէս,- Գնդիկ-Ոզնի:
• Կը փախչիմ:
• Ո՞ւր կ’երթաս այսպէս,- Պեծիկ-Այծիկ:
• Կը փախչիմ:
• Ո՞ւր կ’երթաս այսպէս,- Ծիտիկ-Բարակ տոտիկ:
• Կը փախչիմ:
• Ո՞ւր կ’երթաս այսպէս,- Չալտիկ-Կաքաւիկ:
• Ես ա՛լ կը փախչիմ:
Բոլորն ալ կը փախչէին: Անտառը կը պարպուէր: Ո՛չ Խոզիկը փող կը փչէր, ո՛չ Աքաղաղը սաքսոֆոն կը նուագէր, ո՛չ Աւանակը կ’երգէր, ո՛չ ա՛լ Գնդիկ-Ոզնին կը պարէր…: Միայն Գորշ-Գայլն էր, որ ուրախ՝ կ’ոռնար: Յանկարծ՝ եկաւ Քաջ Նապաստակ Տոպ-տոպը, բոլորը քաջալերեց եւ առաջնորդեց դէպի անտառ: Վախվխելով գացին եւ ի՛նչ տեսան…:
Արջուկ-Փրչուկը, Փղիկ-Թխլիկը, Իմաստուն-Կրիան, Արագոտն-Ընձուղտը ողջ ու առողջ անտառն էին: Հրդեհ ա՛լ չկար: Իսկ Սկիւռը ծառի ճիւղին վրայ նստած՝ կաղին կը կրծէր:
Բոլորը միասին՝ Գորշ-Գայլը վռնտելէ ետք, ուզեցին նուագահանդէս կազմակերպել անտառին մէջ: Բայց Թմբկահար Փայտփորիկը շատ վշտացած էր:
• Տուկ տեկ, տուկ տեկ… սուտ է, սուտ է: Ես սխալմամբ, թմբուկի ձողիկներով զարկի ծառի այն խոռոչին, ուր Սկիւռը կը պահէ իր կաղինները,- բացատրեց Փայտփորիկը տխուր-տխուր:
Շատերը հաւատացին, շատերն ալ՝ չհաւատացին: Բայց խեղճ Փայտփորիկին անունը փճացաւ: Սկսան նոր-նոր բաներ պատմել իր մասին:
Կրնամ ըսել որ հիմա, Նազիկ-Աղուէսիկը Փայտփորիկին մասին լուրեր կը տարածէ աջ-ձախ, թէ ան լաւ երաժիշտ իսկ չէ, քանի որ ձայնանիշերը չի գիտեր եւ երբ թմբկահարէ, յաճախ կը սխալի: