Թագաւորն ու Բրինձը
Թագաւորը սկսաւ տեղաւորել բրինձի հատիկները ճատրակի տախտակին քառակուսիներուն վրայ: Նախ
մէկ, յետոյ երկու, յետոյ չորս, ութը, տասնվեց…: Յանկարծ անդրադարձաւ որ…
Թագաւորն ու Բրինձը
Ատենօք, շատ երջանիկ թագաւոր մը կ’ապրէր Հնդկաստանի մէջ: Ան, հաճոյքով կը վայելէր պալատին իրեն ապահոված առաւելութիւնները, եւ երբեք չէր մտածեր թէ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կ’ապրէր:
Տարի մը բրինձի բերքը շատ քիչ եղաւ երկրին մէջ: Մշակները, ինչպէս միշտ, իրենց բրինձը տարին պալատին մառանը, որպէսզի թագաւորը ճաշկերոյթ սարքէ:
Բայց մարդիկ, բաւարար բրինձ չունէին ուտելու։ Բոլորովին անօթի կ’ապրէին: Անոնք սկսած էին մուրալ փողոցներու մէջ, որովհետեւ ուրիշ ճար չունէին։
Առտու մը, ծերունի մը, նուէր մը տարաւ թագաւորին:
– Յարգարժա՛ն թագաւորս, նոր խաղ մը ստեղծեցի: Մտային խաղ մըն է, եւ հմտութիւն կը պահանջէ: Անունն ալ «ճատրակ» կոչեցի,- ըսաւ:
Խաղը թագաւորին ուշադրութիւնը գրաւեց: Ծերունին, անմիջապէս ներկայացուց խաղաքարերը:
– Ամենագեղեցիկ քարը թագաւորն է եւ դո՛ւք, ձեր ամենասիրելի փիղին վրայ կը յառաջանաք,- ըսաւ:
Թագաւորը երբ տեսաւ խաղաքարերը, հիացաւ:
– Սորվեցո՛ւր ինծի այս հրաշալի խաղը,- ըսաւ:
Ծերունին սկսաւ ամէն օր պալատ երթալ եւ թագաւորին սորվեցնել ճատրակի խաղը: Ան, ճամբան՝ մայթերուն վրայ երբ կը տեսնէր խեղճ մուրացկանները եւ անօթի մանուկները, շատ կը խղճար:
Թագաւորը, շատ շուտ սորվեցաւ խաղին կանոնները, եւ սկսաւ վարպետանալ:
– Շատ սիրեցի այս խաղը, շնորհակալ եմ։ Ես ալ քեզի նուէր մը տալ կ’ուզեմ,- ըսաւ:
Ծերունին պահ մը մտածեց եւ մտահոգ՝ պալատին պատուհանէն դուրս նայեցաւ եւ ըսաւ.
– Քիչ մը բրինձ կ’ուզեմ, մեծայա՛րգ թագաւորս:
– Բրի՞նձ,- ծիծաղեցաւ թագաւորը,- մէկ մը շուրջդ նայէ՛, տե՛ս, որքա՜ն գեղեցիկ նկարներ, թանկարժէք զարդեր, գեղգեղաձայն սքանչելի թռչուններ ունիմ: Ընտրէ՛ անոնցմէ մէկը: Կը խոստանամ քեզի, ի՛նչ որ ուզես պիտի տամ,- ըսաւ:
Ծերունին համեստօրէն խոնարհեցաւ թագաւորին դիմաց:
– Բրինձը բաւարար է: Կը հաճի՞ք ճատրակի տախտակին առաջին քառակուսիին վրայ բրինձի հատիկ մը տեղաւորել: Երկրորդ քառակուսիին վրայ երկու բրինձի հատիկ, յաջորդ քառակուսիին վրայ չորս բրինձի հատիկ. եւ շարունակենք խաղատախտակի ամէն մէկ քառակուսիին վրայ տեղաւորել բրինձի հատիկներ, որոնք ըլլան նախորդ քառակուսիին բրինձի հատիկներուն կրկնապատիկը:
Ծերունիին փափաքը տարօրինակ թուեցաւ թագաւորին։ Սակայն օգնականները բրինձով լեցուն պզտիկ աման մը բերին անմիջապէս։ Ան սկսաւ տեղաւորել հատիկները ճատրակի տախտակին քառակուսիներուն վրայ: Նախ մէկ, յետոյ երկու, յետոյ չորս, ութը, տասնվեց…: Յանկարծ անդրադարձաւ որ, ճատրակի տախտակին ո՛չ քառակուսիները, եւ ո՛չ ալ բրինձի հատիկները պիտի բաւէին ծերունիին փափաքը իրականացնելու համար:
– Տուփ մը բերէ՛ք: Աւելի շատ բրինձի ա՛լ պէտք ունինք,- հրամայեց թագաւորը:
Բրինձը, նախ տուփի մը մէջ, յետոյ պարկի մը մէջ, յետոյ ուրիշ պարկերու մէջ լեցուց: Քառակուսիներուն երկրորդ կարգը երբ լեցուեցաւ, թագաւորը երեսունըերկու հազար ութըհարիւրվաթսուն բրինձի հատիկ համրած էր: Յաջորդ քառակուսիին վրայ կրկնապատիկը պէտք է տեղաւորէր:
Օգնականները երկու օրարունակ բրինձ կրեցին: Թագաւորը զանոնք համրե՜ց ու համրեց: Պալատին նրբանցքները բրինձի պարկերով լեցուեցան ու բրինձի հատիկ մը նոյնիսկ չմնաց մառանին մէջ:
– Մշակները աւելի շատ բրինձ թո՛ղ բերեն: Խոստումս պէտք է կատարեմ,- մտահոգ՝ ըսաւ թագաւորը:
Բայց ծերունին գլուխը շարժեց ժխտական։
– Մեծայա՛րգ թագաւորս, երկրին մէջ անօթութիւն կը տիրէ, չէի՞ք գիտեր: Մարդիկ, մանուկի մը փորիկը կշտացնելու չափ նոյնիսկ բրինձ չունին,- ըսաւ:
Թագաւորը ա՛լ աւելի մտահոգուեցաւ ծերունիին խօսքերուն վրայ:
– Ոչ ոք անօթի մնայ, մանաւանդ՝ մանուկները: Հիմա կը հասկնամ որ ժողովուրդիս հարցերուն հանդէպ անտարբեր մնացեր եմ: Բայց բոլոր բրինձս քեզի տուի,- ըսաւ տխուր ձայնով:
Ծերունին ժպտեցաւ:
– Մեծայա՛րգ թագաւորս, ես բրինձը ժողովուրդին բաժնելու համար խնդրեցի։
Ահաւասի՛կ, բոլորս ալ մեր նուէրները ստացանք,- ըսաւ ծերունին ուրախութեամբ:
Եւ խիղճը հանգիստ՝ վերադարձաւ իր տունը: