Կաղանդի Վալս
Փոքրիկէն Կաղանդի նուէր մը՝ «Կաղանդի Վալս»:
Կաղանդի Վալս
Ձիւն կը տեղայ փաթիլ-փաթիլ,
Կը ներկէ ծառեր թիլ-թիլ,
Մենք կը գրենք նամակներ,
Կ’ուզենք նոր-նոր նուէրներ,
Բե՛ր…բե՛ր…բե՛ր…բե՛ր…
Կաղանդի երազանքներ
Ամէն օր ուրիշ են ու տարբեր։
Մեր նամակներուն պատասխան,
Կու գայ Կաղանդ Պապան աննման,
Նուէրներով պէս-պէս, զանազան,
Մեր հերոսն է կախարդական։
Թռալալալալա…
Թռալալալալա…
Թռալալալալա…
Թռալալալալա…
Ահա բարի թզուկներ,
Կը պատրաստեն մեծ տուփեր,
Գոյնզգոյն ժապաւէններ,
Զարդարուած տօնածառեր,
Փայլուն, կլոր ճիճիներ,
Կաղանդի հրաշք օրեր,
Միշտ այցելեցէ՛ք տուները մեր։
Մեր նամակներուն պատասխան,
Կու գայ Կաղանդ Պապան աննման,
Նուէրներով պէս-պէս, զանազան,
Մեր հերոսն է կախարդական։
Թռալալալալա…
Թռալալալալա…
Թռալալալալա…
Թռալալալալա…
Կէս գիշերին Կաղանդ Պապան,
Պիտ’ այցելէ քեզի անպայման։