Խաղաղութեան Օրհներգ

Ե՛կ ձեռք-ձեռքի միասին
Ղրկենք աշխարհին
Խաղաղութեան աղաւնին
Թող վերջ տայ չարին։

Խաղաղութեան Օրհներգ

Եկէ՛ք, մենք մեծ մանուկներուն,
Հիւսենք ծաղիկներով
Աղաւնի մը սիրուն
Ու փայլուն աստղեր
Ըլլան անոր հզօր թեւեր
Եւ տիրեն խաղաղ օրեր։

Ե՛կ ձեռք-ձեռքի միասին
Ղրկենք աշխարհին
Խաղաղութեան աղաւնին
Թող վերջ տայ չարին։

Օրհներգը խաղաղութեան
Երազն է մանկութեան
Թող հնչեն զանգակները
Համերաշխութեան։

Եկէ՛ք, մենք մեծ մանուկներուն
Հիւսենք ծաղիկներով
Խաղալիք մը սիրուն
Ու անոնք գիտնան
Տեսնեն, որ մերն է ապագան
Սիրոյ խաղաղ մեծ օրրան։

Ե՛կ ձեռք-ձեռքի միասին
Ղրկենք աշխարհին
Խաղաղութեան աղաւնին
Թող վերջ տայ չարին։

Օրհներգը խաղաղութեան
Երազն է մանկութեան
Թող հնչեն զանգակները Համերաշխութեան:
Համերաշխութեան:

Եւ խաղաղութեան։

Խօսք եւ երաժշտութիւն՝ Պօղոս Եղիազար