Սրամիտ փոքրիկ նկարիչը
Ցերեկուան ճաշէն ետք, առաջին դասը գծագրութիւն էր: Նարեկը ուզեց կատու մը գծել: Արդեօք կրցա՞ւ։
Սրամիտ փոքրիկ նկարիչը
Ցերեկուան ճաշէն ետք, առաջին դասը գծագրութիւն էր: Նարեկը ուզեց կատու մը գծել: Նախ մատիտով շրջանակ մը գծեց: Կատուին մարմինը պատրաստ էր: Յետոյ աւելի փոքր շրջանակ մը գծեց՝ եղաւ գլուխը: Չորս հատ գիծ՝ ոտքերը, հատ մըն ալ ոլորուն գիծ՝ պոչիկը: Ահաւասի՛կ պատրաստ էր կատուն:
– Ես լմնցուցի,- ըսաւ Նարեկը:
Ուսուցչուհին մօտեցաւ Նարեկին, նայեցաւ գծագրութեան եւ հարցուց.
– Գծածդ ի՞նչ է:
– Կատո՛ւ:
– Ո՞ւր են հապա՛ կատուին աչքերը, ականջները, պեխիկները եւ մուշտակը:
Նարեկը դարձեալ առաւ մատիտը ու շարունակեց գծել:
– Ահա՛ ականջները, ահա՛ աչքերը, ահա՛ պեխիկները, ահա նաեւ մուշտակը. լմնցա՜ւ:
Ուսուցչուհին դարձեալ նայեցաւ գծագրութեան եւ ըսաւ.
– Ականջներէն՝ նապաստակ է: Աչքերէն՝ բու է: Պոչիկէն՝ խոզիկ է: Մարմինէն՝ վագր է: Բաշերէն առիւծ է: Իսկ կռնակի փուշերէն՝ ոզնի է:
Նարեկը սրտնեղած քիչ մը մտածելէ ետք առաւ մատիտը եւ գծագրութեան տակը գրեց. «Ասիկա կատու է»:
– Այլեւս ո՞վ կրնայ ուրիշ բան կարծել: