Փիլիպպոսին առաջին հանդիպումը Կաղանդ Պապային հետ
«Յանկարծ աչքերս գամուեցան Կաղանդ Պապային աչքերուն: Բայց ան անմիջապէս
փախցուց նայուածքը: Կարծես թէ չուզեց որ տեսնէի աչքերը»։
Փիլիպպոսին առաջին հանդիպումը Կաղանդ Պապային հետ
Քանի տարեկան էի չեմ յիշեր, բայց կրնամ ըսել որ շատ պզտիկ էի, երբ ծանօթացայ Կաղանդ Պապային հետ:
Կաղանդի գիշեր էր: Մօրաքոյր, հօրաքոյր, հօրեղբայր, մօրեղբայր, զարմիկ եւ զարմուհիներով հաւաքուած էինք մեր տունը: Մայրս ու մեծմայրս միասնաբար պատրաստած էին Կաղանդի ճոխ սեղան մը՝ պէսպէս հայկական ճաշերով, միրգերով, անուշեղէններով…: Մեծ հրճուանքով բոլորուեցանք սեղանին շուրջը: Կերա՜նք, խմեցի՜նք, խօսեցա՜նք, խաղացի՜նք, խնդացի՜նք…:
Ժամը՝ 12-ին կը մօտենար: Ե՛ս, զարմիկներս ու զարմուհիներս, որոնց հետ տարեկից էինք՝ անհամբեր կը սպասէինք Կաղանդ Պապային գալուն: Արդեօք, ինչպիսի՛ նուէրներ պիտի բերեր մեզի: Յանկարծ դրան զանգակը հնչեց: Մենք՝ բոլոր փոքրիկներս, վազեցինք դէպի դուռ, բայց մայրս մեզմէ առաջ հասաւ եւ բացաւ դուռը: Ահաւասի՛կ, կռնակը տոպրակով եւ իր սիրուն տեսքով Կաղանդ Պապան եկեր էր եւ մեր դրան առջեւ կը կենար: Ուրախութեամբ դիմաւորեցինք զինքը: Մայրս ներս հրաւիրեց: Այդ պահուն, յանկարծ աչքերս գամուեցան Կաղանդ Պապային աչքերուն: Բայց ան անմիջապէս փախցուց նայուածքը: Կարծես թէ չուզեց որ տեսնէի աչքերը: Այո՛, Կաղանդ Պապային աչքերը՝ հօրս աչքերուն շատ կը նմանէին: Կաղանդ Պապան երբ ներս կը մտնէր, իսկոյն նշմարեցի կօշիկները, որոնք կարծես՝ հօրս կօշիկներն էին: Շատ լաւ կը ճանչնայի այդ կօշիկները, որովհետեւ ամէն գիշեր հայրս՝ երբ գործէն տուն վերադառնար, մուճակները ես կու տայի իրեն: «Արդեօք», մտածեցի «Հա՞յրս է Կաղանդ Պապան»: «Հա՛յրս… Կաղանդ Պապա՛… ինչպէ՛ս կ’ըլլայ…», ըսի մեղմ ձայնով: Ե՜ւ անմիջապէս շուրջս նայեցայ, փնտռեցի, բայց չկար: Այո՛, այլեւս վստահ էի որ Կաղանդ Պապան հայրս էր:
Մանկութեան յուշերուս մէջ մեծ տեղ գրաւած է, այս հաճելի հանդիպումը Կաղանդ Պապային հետ: Այդ Կաղանդի գիշերէն ետք, Կաղանդ Պապային հանդէպ զգացումներս կրնաք գուշակել, չէ՞:
Բարի Կաղանդ ձեր բոլորին: