Շունը, Կատուն Եւ Մուկերը
Շունը, կատուն եւ մարդը կը համաձայնին եւ միսի փոխարէն մարդուն օգնականը կ’ըլլան:
Պայմանները կը գրեն թուղթի մը վրայ եւ կը ստորագրեն՝ մարդը իր ձեռքով, շունն իր թաթով, կատուն ալ իր ճանկով:
Շունը, Կատուն Եւ Մուկերը
Անգամ մը շունն ու կատուն, երբ դեռ բարեկամ էին, մարդու մը կը դիմեն անոր ծառայելու նպատակով ու կ’առաջարկեն.
- Եթէ ամէն օր մեզի քիչ մը միս տաս, քեզի կը ծառայենք:
- Չեմ կրնար: Ես, ինծի համար իսկ դժուար միս կը ճարեմ, ձեզ ինչպէ՞ս պիտի կերակրեմ,- կ’ըսէ մարդը:
Շունն ու կատուն այդքան կը պնդեն որ, մարդը ի վերջոյ կը խոստանայ օրը մէկ ժում միս տալ անոնց, իրենց ծառայութեան փոխարէն:
Շունը, կատուն եւ մարդը կը համաձայնին. պայմանները կը գրեն թուղթի մը վրայ եւ կը ստորագրեն՝ մարդը իր ձեռքով, շունն իր թաթով, կատուն ալ իր ճանկով: Յետոյ կատուն պայմանագիրը կ’առնէ իր տունը կը տանի, կը պահէ տան մէկ անկիւնը, որպէսզի չկորսուի: Շունը կը հաւատայ, սակայն կատուն ո՛չ, ան կասկածոտ կը մօտենայ մարդուն:
- Այսօր կը խոստանայ, վաղը կ’ուրանայ: Պայմանագիրը այնպէս մը պահենք որ, երբ պէտք զգանք կարենանք ապացուցանել,- կ’ըսէ կատուն:
Շունն ու կատուն կը սկսին ծառայել մարդուն: Սակայն քիչ ժամանակ վերջ, կատուին կասկածները կ’իրականանան: Մարդը, օրը անգամ մը միս տալէ կը դադրի եւ կը սկսի երկու օրը անգամ մը միս տալ:
- Եթէ միս գտնեմ, ես կ’ուտեմ. կերէ՛ք ի՛նչ որ գտնէք,- կ’ըսէ մարդը:
Շունը կը բարկանայ:
- Ես քեզի համար, գիշեր ցերեկ դրանդ առջեւ կը հաջեմ. գողերը կը փախցնեմ: Դո՛ւն ինչպէս կ’ուրանաս խոստումդ,- կ’ըսէ ու կատուն կը ղրկէ տունը, որպէսզի բերէ պայմանագիրը:
Կատուն անմիջապէս կը վազէ դէպի տուն: Երբ կը հասնի պայմանագիրը պահած տեղը, մէկ մ’ալ ի՜նչ տեսնէ, պայմանագրին տեղ բզկտուած թուղթի կտորուանքներ կան միայն: Խեղճ կատուն, թաթը աչքին վրայ կը սկսի լալ. «միյաո՜ւ, միյաո՜ւ»:
Շունը կը սպասէ՜, կը սպասէ՜ կատուին գալուն, սակայն կը տեսնէ որ չի գար: Ան ալ կ’երթայ կատուին տունը: Ի՛նչ տեսնէ, կատուն հոնգուր-հոնգուր, աղի արցունք կը թափէ, «միյաո՜ւ, միյաո՜ւ»:
- Ի՞նչ է, «միյաո՜ւ, միյաո՜ւ», կը բարկանայ շունը:- Շո՛ւտ պայմանագիրը տո՛ւր:
- Պայմանագիրը չկայ,- կ’ըսէ կատուն հեծկլտուքի մէջ, «միյաո՜ւ, միյաո՜ւ»:
Շունը ա՛լ աւելի կը բարկանայ եւ կը հրամայէ որ անմիջապէս պայմանագիրը գտնէ ու տայ իրեն:
- Առանց անոր կարելի չէ պաշտպանել մեր իրաւունքը: Մարդը ինչպէ՞ս պիտի ստիպենք որ մեր միսի բաժինը տայ: Շո՛ւտ գտի՛ր զայն:
Կատուն գլխիկոր կը շարունակէ իր լացը:
Այս դէպքէն սկսեալ, շունը երբ տեսնէ կատուն, զայրացած պայմանագիրը կ’ուզէ: Իսկ կատուն շարունակ կը փախչի, կարծես լեզուն կապուած ըլլայ, միայն նոյն բառը կ’արտասանէ, «միյաո՜ւ, միյաո՜ւ»: «Այս դէպքէն առաջ որքան համարձակ էի, ես վագրի ցեղին կը պատկանիմ, բայց հիմա…» կը մտածէ ան երբեմն:
Այս պատահարէն ետք, խեղճ կատուն ինքզինքը մեղաւոր կը զգայ մինչեւ այսօր: Ան երբ շուն մը տեսնէ, անմիջապէս կը փախչի եւ կը պահուըտի: Բայց ինքն ալ կը հալածէ մուկերը, որովհետեւ անոնք ալ պայմանագիրը բզկտած էին, ու սեւերես թողած էին զինքը շան առջեւ: