Աթրիի Զանգակը
Երբ մէկը զանգակը հնչեցնէր, անպայման դատաւոր մը շուտով կը հասնէր զանգակատուն: Ամէն տեսակ խնդիրը կը լուծէր:
Աթրիի Զանգակը
Տարինե՜ր-տարիներ առաջ շատ բարի թագաւոր մը կ’ապրէր Իտալիոյ մէջ:
Ան այնքա՜ն բարի էր, այնքա՜ն բարի էր, որ կ՛ուզէր իր ժողովուրդն ալ բարի ու արդար ըլլայ:
Օր մը, զանգակատուն մը շինել տուաւ Աթրի քաղաքի հրապարակին վրայ: Զանգակը ունէր մինչեւ գետին հասնող երկա՜ր պարան մը, որպէսզի կարճահասակ մանուկ մը նոյնիսկ կարենար հասնիլ ու զանգահարել:
Երբ զանգակատան շինութիւնը վերջացաւ, թագաւորը այցելեց անոր:
Մարդիկ երբ լսեցին թագաւորին այցելութիւնը, շուտով հաւաքուեցան քաղաքին հրապարակը:
– Այս զանգակը կը պատկանի ձեր բոլորին: Զանգակին չուանը շատ երկար է, որովհետեւ կ’ուզեմ որ բոլորիդ հասակը դիւրութեամբ հասնի անոր: Եթէ մէկը ձեզ նեղէ, զանգակը անգամ մը զանգահարելը կը բաւէ: Դատաւորներէս մէկը անմիջապէս կը հասնի ձեր օգնութեան եւ արդարութիւն կ’ապահովէ,- ըսաւ թագաւորը:
Ժողովուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց թագաւորին ու վերադարձաւ տուն:
Թագաւորը ի՛նչ որ յայտարարեց, սկսաւ կիրարկել զայն: Երբ մէկը զանգակը հնչեցնէր, անպայման դատաւոր մը շուտով կը հասնէր զանգակատուն: Ամէն տեսակ խնդիրը կը լուծէր: Մանուկի մը նոյնիսկ արդարութիւն կ’ապահովէր:
Տարիներ անցան: Աթրիի ժողովուրդը շատ լաւ սորվեցաւ բարութիւնն ու արդարութիւնը: Անոնք լաւ հասկցած էին թէ հաւաքականութեան մը մէջ խաղաղ ապրելու միակ միջոցն է արդարութեան ապահովումը: Ժամանակի ընթացքին Աթրիի քաղաքին մէջ, հետզհետէ սկսաւ դադրիլ զանգակին ձայնը: Ուր որ է զանգակի ձայն բնաւ չէր լսուեր:
Առտու մը, քաղաքապետը երբ զանգակատան առջեւէն կ’անցնէր, տեսաւ որ զանգակին չուանին ծայրը մաշած է:
-Այս չուանը փոխել պէտք է,- ըսաւ իր քարտուղարին: Թագաւորը պնդած է որ չուանը երկար ըլլայ, որպէսզի ամէն հասակի մարդիկ դիւրութեամբ կարենան հասնիլ անոր:
– Սակայն Աթրիի քաղաքին մէջ չկայ պարանագործ մը որ շինէ նոր չուան մը: Ուրեմն, ուրիշ տեղ պէտք է ղրկել հին չուանը, որպէսզի նորոգուի,- ըսաւ քարտուղարը:
– Վայրկեան մը… պարտէզիս մէջ երկար որթատունկ մը կայ: Շատ ալ տոկուն է: Մաս մը կը կտրէք, ու կ’աւելցնէք չուանին ծայրը: Հետեւաբար չուանը նորոգուած կ’ըլլայ,- ըսաւ քաղաքապետը:
Գաղափարը շուտով գործադրուեցաւ: Քաղաքապետին պարտէզին որթատունկէն մաս մը կտրեցին ու բերին Աթրիի զանգակատունը ու ամրացուցին զանգակին չուանին ծայրը:
Յաջորդ օր, մարդիկ արթնցան զանգակի հնչիւններով: Անմիջապէս փութացին հրապարակ: Մէկ մըն ալ ի՛նչ տեսնեն: Տարիքոտ ու կաղ ձի մը, որթատունկի ճիւղերով նորոգուած չուանին տերեւները չուտէ՞:
Ան, ամէն անգամ երբ տերեւ մը կը փրցնէր ճիւղէն, զանգակն ալ կը հնչեցնէր:
Դատաւորը երբ լսեց զանգակին հնչիւնները, շուտով հասաւ զանգակատուն:
-Ո՞վ այսքան յամառօրէն կը հնչեցնէ զանգակը,- հարցուց դատաւորը:
-Սա նիհար ոսկոր դարձած ծեր ձին է, որ պատառ մը ուտելիք կը փնտռէ: Սա աղտոտ կաշիին եւ ողնայարին ոսկորներուն նայեցէ՛ք: Այսքան նիհար անասուն մը չէի տեսած,- գոչեց կին մը:
-Որո՞ւն կը պատկանի այս ձին,- հարցուց դատաւորը:
Քաղաքին նամակաբերը մօտեցաւ դատաւորին ու ըսաւ.
-Ես կը ճանչնամ այս ձին: Հին զինուորի մը կը պատկանի: Ան կ’ապրի ետեւի բլուրին վրայ: Տարիներ առաջ, քանի քանի անգամներ պատերազմի մասնակցեցաւ իր տիրոջ հետ: Մահէն ազատեց տիրոջ կեանքը: Պատերազմէն ետք, նոյնիսկ աշխատեցաւ անոր ագարակին մէջ: Սակայն այնքան ծերացաւ ու այնքան նիհարցաւ որ արօրը չկրցաւ հերկել այլեւս: Զինուորը փոխանակ ձիուն ծերութեան շրջանը իր ախոռին մէջ անցընելու լաւ պայմաններ ապահովելու, ագարակէն դուրս վռնտեց: Հիմա ո՛չ տէր ունի, ո՛չ ալ ախոռ: Ճամբուն վրայ ի՛նչ որ գտնէ անոնցմով կը սնանի:
Դատաւորը շատ նեղուեցաւ ու անմիջապէս հրամայեց.
-Սա հին զինուորը հոս բերէ՛ք:
Ծեր զինուորը բերին քաղաքին հրապարակը:
Ան երբ տեսաւ ձի մը, որ զանգակին չուանին տերեւները կ’ուտէր խարթ-խուրթ, եւ տեսաւ անոր շուրջը հաւաքուած բազմութիւնը, շատ զարմացաւ:
-Այս ձին լքեր ու անտէր ձգեր ես, մինչդեռ ան քեզ անվերջ բարիք գործեր է: Ըսէ՛, այս արդարութիւն է՞,- հարցուց դատաւորը:
Զինուորը անգամ մը եւս աւելի ուշադրութեամբ նայեցաւ ձիուն: Ճանչցաւ խեղճ ձին: Ամօթահար մնաց գլխահակ:
-Այս ձին պիտի առնես, պիտի տանիս տունդ: Հոն հանգիստ ախոռի մը մէջ պիտի տեղաւորես ու պիտի կերակրես: Մինչեւ իր մահը գուրգուրանքով պիտի խնամես, որովհետեւ ան այս բոլորին արժանի է,- հրամայեց դատաւորը զինուորին:
Ծերունի զինուորը ընդունեց իր յանցանքը ու ըսաւ ձիուն.
-Բարեկա՛մ, կը տեսնեմ որ քեզի հանդէպ մեծ անիրաւութիւն գործեր եմ: Կը խոստանամ՝ ասկէ վերջ շատ լաւ խնամել քեզ:
Դատաւորը երբ լսեց զինուորին զղջումը ժպտեցաւ ու ըսաւ.
-Թագաւորը երբ լսէ թէ նոյնիսկ ձի մը իր իրաւունքը ստանալու համար Աթրիի Զանգակը կը հնչեցնէ, շատ գոհ պիտի մնայ:
Յետոյ ծեր ձին երջանկութեամբ տիրոջ վրայ քսեց իր քիթը, եւ Աթրիի բարի ժողովուրդն ալ հանգիստ ու զուարթ տուն վերադարձաւ: