Մայրն Ու Տղան
Մայրը իր պզտիկ տղուն կը սորվեցնէր «Հայր Մեր»ը, որպէսզի ան ամէն օր, ճաշէն առաջ ու վերջ աղօթէր:
Մայրն Ու Տղան
Մայրը իր պզտիկ տղուն կը սորվեցնէր «Հայր Մեր»ը, որպէսզի ան ամէն օր, ճաշէն առաջ ու վերջ աղօթէր:
– Օ՛ն, միասին աղօթենք «Հայր Մեր»ը,- ըսաւ մայրը:
– Բայց ես դեռ չեմ սորված այդ աղօթքը, մա՛յր:
– Պիտի սորվեցնեմ քեզի, տղա՛ս: Ես ըսեմ, դուն կրկնէ: Ըսէ՛ «Հայր մեր որ յերկինս…»:
Մայրիկը շատ ջանք կը թափէր, բայց տղան, որովհետեւ դեռ շատ պզտիկ էր, չէր կրնար այդ դժուար բառերը միտքը պահել:
Օր մը սակայն, յանկարծ ըսաւ.
– Մա՛յր, կարծեմ քիչ մը կը հասկնամ քու այդ աղօթքը:
– Ի՞նչ կը հասկնաս, տղա՛ս,- հարցուց մայրը:
– «Զհաց մեր… տո՛ւր»: Հա՞ց կ’ուզես, մա՛յր:
– Այո՛ զաւակս, կը խնդրեմ որ մեր Հայրը, ամէն օրուան հացը, այսօր ա՛լ տայ մեզի:
– Մայրիկ, հայրիկս երկի՞նքն է:
– Ո՛չ զաւակս, հայրիկիդ համար չեմ ըսեր: Աստուած է մեր երկնաւոր հայրը, որ ամէն օր հաց կու տայ մեզի:
– Բայց հացագործը հաց չի՞ շիներ. հայրս դրամ չի՞ տար անոր:
– Այո՛ զաւակս, անոնք կ’աշխատին, բայց Աստուած է որ յաջողութիւն կու տայ անոնց:
– Շատ աղէկ մայրի՛կ, ինչո՞ւ միայն հաց կ’ուզես: Աւելի լաւ չ’ըլլա՞ր քովը քիչ մը կարագ ու պանիր ուզես:
– Ինչե՛ր կ’ըսես զաւակս, եթէ բարի ըլլաս, Աստուած կարագ ու պանիր ալ կը ղրկէ: Մարդիկ կան որ հացի կարօտ կ’ապրին: Փառք տո՛ւր տղաս, որ մենք հաց կը գտնենք:
Տղան քիչ մը կը մտածէ, յետոյ կ’ըսէ.
– Փա՛ռք քեզ Աստուած, շնորհակալ եմ: Գոհ եմ տուած հացին համար, բայց ա՛լ աւելի գոհ պիտի ըլլամ, եթէ հացին հետ պանիր, կարագ եւ քիչ մըն ալ մեղր ղրկես, ամէն: