Փոքրիկ Շէկ Հաւը

Երանի՝ խոզը, կատուն ու բադը օգնէին Շէկ Հաւիկին եւ միասնաբար վայելէին աշխատութեան արդիւնքը:

Փոքրիկ Շէկ Հաւը

Կար ու չկար, շէկ հաւիկ մը կար, ունէր վեց չարաճճի ճուտիկներ: Անոնք կ’ապրէին ագարակի մը հաւնոցին մէջ: Շէկ հաւիկը ամէն օր տուն տեղ կը հոգար եւ միշտ կը կերակրէր իր ձագուկները: Կը զբաղէր նաեւ անոնց չարաճճիութիւններուն հետ:

Առտու մը, երբ հողը կը փորփրէր որդ գտնելու համար, որպէսզի կերակրէ ձագուկները, տեսաւ ափ մը ցորենի սերմ հողին մէջ:

– Այս սերմերը կրնաս ցանել,- ըսաւ խոզը, երբ անաշխատ
կը պառկէր խոզանոցին մէջ:
– Յետոյ ալիւրի կը վերածես,- ըսաւ կատուն, երբ արեւուն
ճառագայթները կը վայելէր իր հանգիստ կողովին մէջ:
– Եւ յետոյ այդ ալիւրով համեղ հաց կ’եփես,- ըսաւ բադը,
երբ աննպատակ կը պտըտէր աւազանին մէջ:
– Շատ լա՛ւ գաղափար,- ըսաւ շէկ հաւիկը: Հաւաքեց ցորենի սերմերը ու ձայնեց ագարակի ընկերներուն:
– Ո՞վ կ’օգնէ ինծի հունտերը ցանելու համար:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ խոզը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ կատուն:
– Ես, չէ՛,- ըսաւ բադը:

Ուստի շէկ հաւիկը՝ ինք ցանեց սերմերը:

Ամառը ցորենի հասկերը բուսան: Ճուտիկներն ալ հետզհետէ կը մեծնային: Կ’արթննային անօթի, կը քնանային անօթի: Կշտանալ չէին գիտեր: Շէկ հաւիկը երբեք պարապ ժամանակ չէր ունենար:

– Ո՞վ կ’օգնէ ինծի ցորենը հնձելու համար,-հարցուց շէկ
հաւիկը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ խոզը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ կատուն:
– Ես, չէ՛,- ըսաւ բադը:
– Ուրեմն, ես ընեմ,- ըսաւ շէկ հաւիկը, եւ հնձեց ցորենի
հասկերը: Այդ պահուն ճուտիկներն ալ ուրախութեամբ
կը խաղային յարդերուն վրայ:

Սակայն ցորենի հատիկները առանց աղալու կարելի չէր ալիւրի վերածել:

Շէկ հաւիկը չարաճճի ճուտիկները քնացնելէ ետք հարցուց.

– Ո՞վ կ’օգնէ ինծի ցորենի հատիկները հասկերէն բաժնելու
գործողութեան համար:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ խոզը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ կատուն:
– Ես, չէ՛,- ըսաւ բադը:
– Ուրեմն, պարտաւոր եմ ընել,- ըսաւ յօրանջելով:

Եւ առանձինն՝ գաւազանով մը ծեծեց հասկերը, մինչեւ որ բոլոր հատիկները թափեցան:

Յաջորդ առաւօտ, շէկ հաւիկը ցորենի հատիկները լեցուց պարկի մը մէջ, որպէսզի աղօրիք տանի: Չարաճճի ճուտիկներն ալ փորձեցին մտնել պարկին մէջ, սակայն շէկ հաւիկը պատուիրեց անոնց որ հետեւին իրեն:
Շէկ հաւիկը առջեւէն, ճուտիկները ետեւէն՝ սկսան մագլցիլ բլուրն ի վեր:

Երբ տուն կը վերադառնային, ճուտիկները բլուրէն դէպի վար մրցեցան իրարու հետ ու ի վերջոյ իրենք զիրենք գտան ցեխոտ ջրակոյտի մէջ:

– Վաղը պիտի չգաք ինծի հետ,- ըսաւ շէկ հաւիկը, երբ կը
մաքրէր ճուտիկները:

Յաջորդ օր, անհամբեր էր շէկ հաւիկը, որովհետեւ ալիւրը պիտի բերէր աղօրիքէն:

– Ո՞վ կ’օգնէ ինծի ալիւրը կրելու համար,- հարցուց շէկ
հաւիկը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ խոզը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ կատուն:
– Ես, չէ՛,- ըսաւ բադը:
– Շա՛տ աղէկ: Քալելը լաւ է, ախորժակս կը բանայ,-
բարկութեամբ ըսաւ շէկ հաւիկը ու մեկնեցաւ դէպի
աղօրիք, որպէսզի առնէ ու բերէ ալիւրը:

Վերադարձին ճուտիկները ալիւրի պարկը կտցեցին: Պարկը ծակեցաւ անշո՛ւշտ եւ ալիւրով ծածկուեցան անոնց փետուրները:
– Քը՛շ-քը՛շ,- ըսաւ շէկ հաւիկը եւ հեռացուց զանոնք:-
Գացէ՛ք, խաղացէ՛ք, բայց փորձանք մի՛ հանէք ձեր գլխուն:
– Հիմա, ո՞վ կ’օգնէ ինծի հաց թխելու համար,- հարցուց շէկ
հաւիկը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ խոզը:
– Ես, չէ՜,- ըսաւ կատուն:
– Ես, չէ՛,- ըսաւ բադը:
– Հը՜մ,- ըսաւ շէկ հաւիկը, յօնքերը պռստեց ու հագաւ
գոգնոցը: Ալիւրով խմոր շաղեց: Խմորը փափկացուց ու
երեք նկանակներ պատրաստեց, յետոյ զանոնք
տեղաւորեց փուռին մէջ:

Երբ հացերը սկսան եփիլ, խոհանոցէն հաճելի բոյր մը տարածուեցաւ: Անօթի ճուտիկները վազեցին դէպի խոհանոց:
Անոնց հետեւեցան խոզը, կատուն եւ բադը:

– Օգնութեան պէտք ունի՞ս,- հարցուցին խոզը, կատուն եւ
բադը եւ շարունակեցին,- ուտելու կրնանք օգնել:

Սակայն շէկ հաւիկը աջ ու ձախ շարժեց գլուխը եւ ըսաւ.

– Այս ցորենը ես ցանեցի, ես հնձեցի, ես ծեծեցի, մինչեւ
աղօրիք ես կրեցի, ալիւրը ես բերի եւ այս համեղ հացերը
ես եփեցի: Հիմա՛, ես եւ անօթի ճուտիկներս, ախորժակով
պիտի ուտենք: Օ՛ն, քը՛շ-քը՛շ,- ըսաւ:

Այսպէսով շէկ հաւիկը՝ անաշխատ խոզը, անհոգ կատուն ու անգործ բադը հեռացուց իր հաւնոցէն:

Ռուսական Հեքիաթ