Արեւ եւ անձրեւ

Արեւ եւ անձրեւ ընկեր կ’ըլլան եւ հեքիաթի նիւթ կը դառնան Անահիտ Սարգիսեանի մատիտին տակ:

Արեւ եւ անձրեւ

Ոսկի արեւը կը փայլի՛,

թիթեռնիկը

ուրախ զուարթ կը թռի՛…

Եղանակը հիանալի է,

սակայն իր ընկերը`

խխունջիկը

տրտո՛ւմ տխուր է…

 

Եղանակը ի΄նչ հիանալի,

իրեն համար սոսկալի…

Ինք անձրե΄ւ կ’ուզէ,

արեւը աչուկները կը ցաւցնէ…

 

Կամա՛ց կամաց

կը մօտենայ մե՛ծ ամպը,

կը ծածկէ ոսկի արեւը…

Կաթիլ կաթիլ անձրեւ կու գայ,

խխունջիկը կ’ուրախանա՛յ…

 

Եղանակը հրաշալի է,

սակայն  հիմա

իր ընկերը`

թիթեռնիկը

տրտո՛ւմ տխուր է…

 

Եղանակը ի΄նչ հրաշալի,

իրեն համար սարսափելի…

Ինք արե΄ւ կ’ուզէ,

անձրեւը թեւերը կը թրջէ…

 

Թիթեռնիկը

արե΄ւ կ’ուզէ,

խխունջիկը

անձրե΄ւ կ’ուզէ…

Երբ թիթեռնիկը

ուրախ զուարթ է,

խխունջիկը

տրտո՛ւմ տխուր է…

Երբ խխոունջիկը

ուրախ զուարթ է,

թիթեռնիկը

տրտո՛ւմ տխուր է…

 

Մէկուն համար կատակերգութիւն,

միւսին համար ողբերգութիւն…

Ինչո՞ւ

մէկուն համար կատակերգութիւն,

միւսին համար ողբերգութիւն,

թող ըլլայ

երկուքի΄ն համար ալ

կատակերգութիւն…

Ուրեմն`

թէ΄ ոսկի արեւը թող փայլի,

թէ΄ ամպէն անձրեւ թող կաթկթի…

Ոսկի արեւը կը փայլի,

ամպէն անձրեւ կը կաթկթի,

թիթեռնիկը կը ժպտի

ու կը ծիծաղի,

խխունջիկն ալ կը ժպտի

ու  կը ծիծաղի…

Ոսկի արեւը կը փայլի,

ամպէն անձրեւ կը կաթկթի,

երկինքին  մէջ

ծիածա΄ն մը կը ծնի,

ծիրանի΄ գօտի…

Հիանալի՛…

Հրաշալի՛…

Արեւ անձրեւ,

արեւ անձրեւ,

ծիածա՛ն…

Արեւ անձրեւ,

արեւ անձրեւ,

քանի՞ գոյնով ծիածան…

Կարմիր…

Նարնջագոյն…

Դեղին…

Կանանչ…

Բաց կապոյտ…

Գոց  կապոյտ…

Մանիշակագոյն…

Արեւ անձրեւ,

արեւ անձրեւ,

եօթը գոյնով ծիածան…