Քօքօշ Քնարիկին Տօնազգեստը

Գեղեցիկ հագուստներ հագնիլ հաճելի է բայց անոնցմով փողոցը խաղալ դիւրին չէ: Քնարիկին գլուխը փորձանքէ չ’ազատիր, երբ փողոցը կը խաղայ հագած տօնազգեստով:

Քօքօշ Քնարիկին Տօնազգեստը

Մայրս խոստացած եւ ըսած էր. «Երբ տօնական օրերը վերջանան, օր մը պիտի արտօնեմ որ այս գեղեցիկ հագուստովդ փողոցը խաղաս»:

Զատկի արձակուրդը շատոնց վերջացաւ: Ի՛նչ զարմանալի, մայրս յիշողութիւնը կորսնցուց կարծես: Իր խոստումը բոլորովին մոռցաւ: Սակայն իմ երկա՜ր լաց ու կոծէս վերջ արտօնեց.
«Բայց մէկ անգամուան համար» ըսաւ:

Անմիջապէս արցունքներս դադրեցուցի: Երեսս լուացի, մազերս ժէօլէով շտկեցի: Այդ միջոցին մայրս անդադար կը խօսէր. «Քարերուն վրայ, փոշոտ տեղեր մի՛ նստիր, հագուստդ մ’աղտոտեր. ասդին անդին շատ մի՛ ցատքռտեր»:

Հագուստս ճերմակ էր: Գոյնզգոյն թիթեռնիկներ կը թռչտէին կերպասին վրայ: Կարմիր, փայլուն կօշիկներս ալ հագայ եւ դրան առջեւ ելայ: Մայթին եզերքը ինքնաշարժ մը կեցած էր. անոր պատուհանի ապակիէն ինքզինքս լաւ մը քննեցի: «Ի՜նչ գեղեցիկ, մասմաքուր էի»: Օդը մեղմ էր, ամէն կողմ ծաղիկ կը բուրէր:

Սիպիլ, դիմացի մայթին վրայ չուան կը ցատքէր: Երբ զիրար տեսանք, ես ժպտեցայ, ան գլուխը դարձուց: Է՜, չհասկնալիք բան չկայ: Հարկաւ նոր հագուստովս չկրցաւ ճանչնալ զիս: Ուրիշ մէկը կարծեց :

Թեւերս վեր բարձրացուցած, երբ Սիպիլին պիտի ձայնէի, ձեռք մը թեւէս բռնեց: Վարդանոյշ մօրաքոյրն էր.

– Աղջիկս թեւերդ վեր մի՛ վերցներ, վարտիքդ կ’երեւի. ամօ՛թ է � :

«Ինծի ի՛նչ» ըսի, եւ ուսերս թօթուելով դիմացի մայթը անցայ:

Սիպիլ, զիս տեսնելէն չէր ուրախացած, ապշած կը նայէր երեսս:

– Գուլպաներդ աղտոտեր են,- ըսաւ:

Աչքերս գուլպաներուս մօտեցուցի.

– Ա՜յո՜,- ըսի:

– Ո՞ւր կ’երթաս:

– Չուան ցատքելու:

– Այ՞ս հագուստովդ:

– Ի՞նչ կարծեցիր: Ասոնք այլեւս իմ փողոցի զգեստս եւ կօշիկս են:

– Ծիծաղելի բան, փոքրիկ դերասանուհիներուն նմաներ ես:

– Այսինքն, գեղեցիկ չե՞մ:

Սիպիլ, գլխէս մինչեւ ոտքերս քննեց զիս:

– Չէ՛, գեղեցիկ ես, բայց կերպասին վրայի թիթեռնիկները ծիծաղելի կ’երեւին ինծի: Թիթեռնիկները կապուած ժապաւէններու տեսքն ունին հեռուէն:

– Կապուած ժապաւէնի՞ պէս կ’երեւին: Նայէ՛, ասոնք շատ սիրունիկ թիթեռնիկներ են: Թեւերուն վրայ, կանանչ, կապոյտ, վարդագոյն կէտեր կան:

Սիպիլ, զիս մտիկ չըրաւ. կռնակը դարձաւ ու շարունակեց չուան ցատքել: Ես ալ մտայ չուանին տակ: Հազիւ թէ պիտի ցատքէի, հագուստէս «ճը՜րթ» մը լսեցի: Ձեռքս, թեւիս տակ տարի: ի՛նչ տեսնեմ, խոշո՜ր ծակ մը բացուեր է թեւիս տակը:

«Հոգ չէ՛, մամաս կը կարէ», ըսի ու անգամ մը եւս ցատքեցի: Այս անգամ, հագուստիս կոճակը «փը՛թ», ընելով գետին չիյնա՛յ: Ի՜նչ անբախտութիւն:

Երրորդ մը, այլեւս չփորձեցի: Խաղը ձգեցի եւ կամացուկ մը Սիպիլին քովէն հեռացայ:

«Ուրեմն, ես փոքրիկ դերասանուհիի մը կը նմանիմ: Ի՜նչ հաճելի»: Փէշերս երկու ծայրէն բռնելով սկսայ երգել. «Պըճըլիկ թռչունը թռաւ, պատուհանիս առջեւ թառեցաւ»: Շատ երջանիկ էի: Ոտքերուս մատներուն վրայ սկսայ քալել:

Գետինը կաւիճով նշանուած քառակուսիներ տեսայ: Սահուն քար մը գտայ, եւ սկսայ սէքսէք խաղալ: Բայց, մէկ մըն ա՛լ ի՜նչ տեսնեմ, կօշիկիս ծայրը վնասուեր է: Խաղը ձգեցի եւ անմիջապէս ափովս սրբեցի: Եթէ շարունակէի խաղալ, կօշիկներս աւելի շատ պիտի վնասուէին: Անգամ մը եւս ուրախութիւնս կէս մնացած էր:

Տենչային քով երթալ խորհեցայ. անոր հետ կրնայի պուպրիկներով խաղալ: Անոնց տան պարտէզի դռնէն ձայնեցի.

– Տենչա՜, Տենչա՜:

Տենչան, Սեւանն ու Մարալը պահուըտուք կը խաղային.

– Եկո՛ւր,- ըսաւ Մարալ,- դուն ալ խաղա՛:

Սեւան, զիս տեսնելով սուլեց.

– Վա՜յ, այս ի՛նչ գեղեցկութիւն, մօտէլներուն նմաներ ես:

– Իրա՞ւ, բա՜ն այդպէ՞ս է:

Բոլորը ինծի նայեցան ու սկսան խնդալ:

Տենչան աչքերը գոցելով դէմքը դէպի պատ դարձուց: Երեքս ալ պահուըտեցանք: Ես հսկայ ծառի մը ետեւն էի, կ’աղօթէի որ ան զիս չտեսնէր  Տենչան երբ աչքերը բացաւ.

– Քնարի՛կ սոպէ՛, ելի՛ր ծառին ետեւէն սոպէ՛,- պոռաց:
Յանկարծ հասկցայ որ հագուստիս խոշոր թեւերը ծառին ետեւէն տեսնուած էին: Դարձեալ նեղուած էի, ի՜նչ ընէի.

– Այսօր հոգիս բնաւ պահուըտուք խաղալ չ’ուզեր,- ըսի ու հոնկէ ալ հեռացայ:

Այլեւս պիտի չխաղայի: Մեր փողոցին ամենագեղեցիկ հագուստի տէր աղջիկը ըլլալը բաւարար էր ինծի համար, նոյնիսկ խաղ խաղալէն աւելի լաւ : Պարտէզի մը պատին վրայ նստայ, եւ շուրջս դիտել սկսայ: Տեսայ որ, մայրս մեր տան պատուհանէն ինծի կը նայէր : Երբ աչք աչքի եկանք, ձայնեց.

– Քնարիկ պատին եզերքը մի՛ նստիր, հագուստդ կ’աղտոտի:

Օ՜ֆ… սկսայ հագուստիս թիթեռնիկները համրել: Նշմարեցի որ թիթեռնիկները, ո՛չ թէ կապուած ժապաւէնի, այլ ծաղիկներու կը նմանէին: Կօշիկներս դարձեալ աղտոտեր էին: Թաշկինակս հանեցի ու կօշիկներուս փոշին սրբեցի:

Ճիշդ այդ պահուն դեղին-կապոյտ թեւերով թիթեռնիկ մը մօտեցաւ ինծի: Կարծես, հագուստիս թիթեռնիկներուն հետ ընկերանալ կ’ուզէր: Ուզեցի թեւերէն բռնել ու սիրել: Բայց ան անմիջապէս թռա՜ւ, ու հեռացաւ քովէս:

Ճիշդ այդ միջոցին փողոցը խաղացող տղոց գնդակը եկաւ, ուսիս զարնուեցաւ:

Արթուն, վազելով քովս եկաւ ու հարցուց.

– Բա՞ն մը եղաւ, վնասուեցա՞ր:

– Ո՛չ, ո՛չ, կարեւոր չէ:

Ան շուարած ինծի կը նայէր

– Ի՞նչ եղաւ, ինչո՞ւ այդպէս կը նայիս, բա՞ն մը պատահեցաւ,- ըսի:

– Հիմա նոյն հարցումը ե՛ս քեզի պիտի հարցնէի, ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես:

– Ո՛չ բան մը չունիմ:

Ընկերները Արթունը կանչեցին: Ան ա՛լ գնդակը առաւ, գնաց:

Արթունը , ինծի ի՞նչ ըսել ուզած էր: Ձեռքս ճակտիս դրի: Ո՛չ տաքութիւն ունէի, ո՛չ ալ ցաւ .. : Վազելով տուն գացի, ինքզինքս հայելիէն դիտեցի: Արթունը իրաւունք ունէր, դէմքս դեղնած էր, մազերս խանգարուած, վրաս գլուխս փոշիի մէջ մնացած էր:

Յանկարծ մայրս սենեակէն ներս մտաւ: Ես աճապարանքով հագուստս ձեռքերովս մաքրել ուզեցի:

– Ձգէ՛, ես անմիջապէս կը լուամ,- ըսաւ մայրս. «հօ՜փ» ըրաւ, հագուստը գլխէս հանեց:

«Ո՜հ» որքան հանգստացած էի:

Պահարանէն առօրեայ հագուստներէս՝ կապոյտ շորթս ու դեղին թիշորթս հանեցի եւ շուտով հագայ: Մազերս ետեւ հաւաքեցի: Ահաւասի՛կ, դարձեալ հին Քնարիկը եղած էի: Անմիջապէս փողոց վազեցի: Շատ ուրախ էի, վազել, վազվզել, չուան ցատքել, պահուըտուք խաղալ կ’ուզէի .. :

Գրեց: Սէվիմ Ագ
Թարգմանեց: Ժագլին Էրմէն