Խորամանկ Փերեզակը

Պէհիչ Ագ Փոքրիկին համար գրեց ու նկարեց: Խորամանկ փերեզակ մը շուկայի մը մէջ կը շրջի, յանկարծ գիրք մը կը նշմարէ: Երբ կը մաքրէ գիրքը, ի՛նչ տեսնէ, գրքին էջերը ոսկեղէն է եւ էջերուն վրայ փորագրուած են անուանի բանաստեղծի մը բանաստեղծութիւնները:

Խորամանկ Փերեզակը

Կար ու չկար հեռաւոր երկրի մը մէջ խորամանկ փերեզակ մը կար: Օր մը, այս խորամանկ վաճառականը, կը շրջի շուկայի մը մէջ, ուր կը ծախուին հին իրեղէններ:

Շրջուն վաճառականը, յանկարծ գիրք մը կը նշմարէ խանութի մը մէջ: Կը մօտենայ գրքին, կը սկսի դարձնել էջերը, ու կը տեսնէ որ բանաստեղծութեան գիրք մըն է այդ, սակայն էջերը սեփսեւ են եւ աղտոտ:

Գիրքը կը վերցնէ տեղէն. «Որքան ալ ծանր է եղեր», կ’ըսէ ինքնիրեն: Բայց նորէն ալ կ’առնէ, կը տանի տուն:

Երբ կը մաքրէ գիրքը, ի՛նչ տեսնէ, գրքին էջերը ոսկեղէն է, եւ էջերուն վրայ փորագրուած են անուանի բանաստեղծի մը բանաստեղծութիւնները:

«Այս գիրքը գանձ մըն է», կը մտածէ ան, «Առնուազն հարիւր հատ ապարանջան կարելի է շինել այսքան շատ ոսկիով, անմիջապէս երթամ ու ծախեմ, որպէսզի հարստանամ»:

Կը սկսի շրջիլ ոսկերչանոցներու շուկային մէջ, սակայն չի կրնար ծախել: Զարմանքով կը հարցնէ ոսկերչի մը.

– Բայց ի՞նչու գնել չէք ուզեր, էջէրը ոսկիէ այսքան թանկագին գիրք մը…:

– Որովհետեւ այս գիրքը կարելի չէ հալեցնել եւ օգտուիլ անոր ոսկիէն. եթէ անգամ մը կարդաս բանաստեղծութիւնները, դուն ալ կը տեսնես որ անոնց բարոյական արժէքը ալ աւելի բարձր են ոսկիի մը արժէքէն: Անոնք գրուած են բանաստեղծին իր ձեռագրով, եւ մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց արժէքը: Մարդիկ երբ սիրահարուին այս տողերը կը կարդան իրարու, իրարմէ բաժնուողներ նոյնիսկ կը կարդան ու կը տխրին: Եթէ այս գիրքը հալեցնենք, ոչ ոք կը ներէ մեզ:

Փերեզակը կը խորհի որ պիտի չկարենայ ծախել գիրքը, շատ կը նեղուի, ու կը սկսի բանաստեղծութիւններէն մին կարդալ: Բա՜յց այդ ալ ի՜նչ է, աչքերը կը լեցուին արցունքով, կը սկսի լալ եւ կ’ըսէ.

– Այս մարդը իրապէս հոյակապ բանաստեղծ մըն է: Քանի որ ես անգամ ազդուեցայ, ուրեմն ոչ ոք կրնայ ոչնչացնել այս գիրքը:

Վերջապէս կ’երթայ իր հօրը քով ու կը դիմէ անոր գաղափարին, որ շատ մեծ վաճառական մըն է: Սակայն ան ալ լուծում մը չի կրնար առաջարկել.

– Նայէ՜ տղաս, բանաստեղծութիւն կոչուած բանը յաճախ կը ծառայէ զգացում արտայայտելու: Գիտե՞ս, ես երբ ամուսնութիւն առաջարկեցի մօրդ, անոնցմէ օգտուեցայ: Երբ դուն ծնար անոնցմէ մէկը արտասանելով՝ ուրախացայ, իսկ երբ հայրս մահացաւ, անոնցմով լացի: Հետեւաբար քեզի գաղափար մը չեմ կրնար տալ, զաւակս:

Մեր խորամանկ փերեզակը տուն կը վերադառնայ յուսահատ, սակայն չի դադրիր խորամանկութիւններ մտածելէ:

Ան վերջապէս կ’որոշէ գրքին տառերը փոխել, ուրիշ տառերու հետ: Սրածայր գամ մը կ’առնէ ձեռքը ու կը սկսի փորել գրքին ոսկետառերը: Անոնց տեղ կը տեղաւորէ զանազան գիրեր: Այսպէսով կը ստեղծէ նոր բառեր, անիմաստ ու անճոռնի տաղեր: Յետոյ կ’երթայ ոսկերչին քով:

Ոսկերիչը.

– Ի՛նչպէս բանաստեղծ մըն է այս մէկը, այսքան անհաճոյ, անիմաստ տողեր, ի՞նչու ոսկետառ գրեր է որ,- կ’ըսէ. անմիջապէս գիրքը կը կշռէ ու կը վճարէ ոսկիին փոխարժէքը:

Փերեզակը կը շալկէ դրամները, ուրախ զուարթ կը վերադառնայ տուն: Իսկ ոսկերիչը նախ կը հալեցնէ ոսկիները: Անոնցմով կը շինէ ապարանջաններ, մատանիներ, զարդեղէններ: Յետոյ կը ծախէ բոլորը, ե՜ւ կը հարստանայ:

Սիրելի տղաք, եթէ դուք գրած ըլլայիք այս պատմութիւնը ի՞նչպէս կը վերջացնէիք:

Գրեց: Պէհիչ Ագ
Թարկմանեց: Ժագլին էրմէն