Գլխիվայր Հեքիաթ Մը

Աշխարհի վրայ տեղ մը կայ՝ ուր մարդիկ գլխիվայր կ’ապրին:

Եթէ անգամ մը նայիք աշխարհի քարտէսին,
շատ դիւրութեամբ կը հասկնաք թէ ո՞ւր է այդ վայրը: 

Գլխիվայր Հեքիաթ Մը

Աշխարհի վրայ տեղ մը կայ՝ ուր մարդիկ գլխիվայր կ’ապրին: Եթէ անգամ մը նայիք աշխարհի քարտէսին, շատ դիւրութեամբ կը հասկնաք թէ ո՞ւր է այդ վայրը:

Այո՛, ահաւասիկ տեսաք չէ՞: Հոն՝ է քարտէսին ամէնէն, բայց ամէնէն տակը գտնուող տեղը՝ հարաւային բեւեռը:

Բնականաբար այդտեղի մարդիկը գլխիվայր ապրելով, ամէն բան հակառակէն սկսեր են ընել: Իրենց ամէն բանը հակառակ է եղեր, նոյնիսկ հակառակ են եղեր հեքիաթները: Ահաւասիկ, ձեզի կը ներկայացնենք հոն պատմուող այդ հակառակ հեքիաթներէն մէկը:

:կ’ըսեն .«վճարուիր չի դրամը ապրանքներուն գնուող այսինքն .է հակառակ բան ամէն հոս որ կարծեմ Մոռցար» ՝միասին ամէնքը ,գանձելու մասնավճարը առաջին կու գայ կարգը երբ Բայց :կը գնեն սառնադարանները ալ միւսներն վրայ խօսքերուն Այս

: թանձրահաւը կ’ըսէ-,

– ծախեմ պիտի մասնավճարով ,կայ ալ դիւրութիւն վճարումի Արդէն

:գնել էք պարտաւոր ալ նորէն չգայ գործին ձեր եթէ նոյնիսկ ,է հակառակ բան ամէն հոս ,մոռցաք Կարծեմ

:կ’ուզէ գնել սառնադարան մէկը ո՛չ համար ըլլալուն պաղ եւ ցուրտ վայրը այդ արդէն Բայց :ծախել կ’ուզէ փոկերուն, թանձրահաւերուն գտնուող հոն ,սառնադարանները այդ եւ կ’ամբարէ գնելով սառնադարաններ մը Շատ

յղանայ կը մը գաղափար Թանձրահաւը :եղեր կ’ըլլայ ծանուցում սառնադարանի ուր ,է տեսեր մը հեռատեսիլ մը թանձրահաւ մէջ բեւեռին հարաւային, Ատենօք

Ինչպէ՞ս գտաք՞ պատմութիւնը անհասկնալի է չէ՞: Է՜հ, անշուշտ ասիկա հակառակ հեքիաթ մըն է, ուստի ամէն բան վերջին բառէն սկսելով դէպի առաջին բառը պէտք է կարդաք:

Ժպիտ Մանկաթերթէն Քաղուած