Բլիթն ու Երազը

«Մեզմէ ով որ լաւ երազ տեսնէ ու առտուն պատմէ, բլիթը ա՛ն կ’ուտէ, համաձա՞յն էք» կ՚ըսէ մեծ եղբայրը։ Յետոյ ինչե՞ր կը պատահին։


Պերճուհի Պէրպէրեանէն սքանչելի հեքիաթ մը եւս «Փոքրիկ»ին փոքրիկներուն համար:

Բլիթն ու Երազը

Հայկական Ժողովրդական Հեքիաթ

Օր մը, երեք չարաճճի եղբայրներ տունը առանձին կը մնան։ Մայրիկը պզտիկներուն փոքրիկ բլիթ մը կը ձգէ, որպէսզի միասին ուտեն։
Փոքրիկ բլիթ մը եւ երեք անօթի եղբայրներ… Մեծ եղբայրը կը մտածէ ինք միայն ուտել, բայց կը վախնայ միջնեկ եւ կրտսեր եղբայրներէն։ Երեքն ալ կը նային համով բլիթին։ Երեքին բերանէն ալ լորձունք կը հոսի։ Իրիկուն կ՚ըլլայ։
– Մայրիկը ուշացաւ, եկէ՛ք պառկինք, քնանանք,- կ՚ըսէ մեծ եղբայրը։
– Հա՜, կ’ուզես մեզ քնացնել, որ բլի՞թը ուտես։ Եթէ շատ կ՚ուզես քնանալ, դուն քնացի՛ր,- կ՚ըսեն միւսները։
– Բլիթն ալ ի՞նչ է, հազիւ երկու պատառ է, իսկ մենք՝ երեք հոգի,- կ’ըսէ մեծ եղբայրը, – Եկէ՛ք, քնանանք, մեզմէ ով որ լաւ երազ տեսնէ ու առտուն պատմէ, բլիթը ա՛ն կ’ուտէ, համաձա՞յն էք։
– Կ’ըլլա՛յ, արդէն ես միշտ լաւ երազներ կը տեսնեմ,- կ’ըսէ միջնեկը։
– Ես ալ միշտ լաւ երազներ կը տեսնեմ, ուրեմն քնանանք,- կ’ըսէ պզտիկը։
Երեքն ալ կը պառկին։ Մեծ եւ միջնեկ եղբայրները շուտով կը քնանան, իսկ պզտիկ եղբօր քունը չի գար։ Երբ կը զգայ, որ մեծ եղբայրները մշիկ-մշիկ քնացած են, չի համբերեր, կ’ելլէ եւ բլիթը կ’ուտէ։ Յետոյ ալ հանգի՜ստ-հանգիստ կը քնանայ։
Առաւօտուն, նախ կ’արթննան մեծ եղբայրները։ Կ’երթան պզտիկին քով։
– Կը բաւէ՛ քնանաս, ելի՛ր, մեր տեսած երազները պատմենք, ամենէն լաւ երազը տեսնողը վերջապէս թող ուտէ բլիթը։
– Նախ դուն պատմէ՛,- կ’ըսէ միջնեկը մեծ եղբօր։
– Շատ լաւ, առաջ ես պատմեմ։ Երազիս մէջ թռայ երկինք ու հասայ դրախտ։ Հոն կային տեսակ-տեսակ ուտելիքներ եւ խմորեղէններ։ Պահ մը շփոթեցայ, կեցայ։ Յետոյ կին մը մօտեցաւ ու տարաւ զիս ուտելիքներուն քով։ «Տղաս, ի՛նչ որ ուզես, կրնաս ուտել» ըսաւ։ Է՛հ, գիտէք, ես ալ կերայ ու կերայ։ Հիմա ալ դուն պատմէ՛, ի՞նչ երազ տեսար,- կ՚ըսէ միջնեկ եղբօր։
– Ես ալ երազիս մէջ իջած էի գետնին տակ։ Շա՜տ հետաքրքրական տեղ էր։ Ո՜հ, ինչե՜ր կային հոն։ Ոսկի, արծաթ, թանկագին քարեր… այնքան կը փայլէին, այնքան կը շողշողային, որ չկրցայ երկար նայիլ, աչքերս շլացան։ Կարծես հեքիաթային աշխարհի մը մէջ էի։ Այս բոլորին տէրը բարի մարդ մըն էր։ Գահը ոսկեղէն էր։ «Ա՛ռ, լեցո՛ւր գրպաններդ: Որքան որ ուզես տա՛ր, մօրդ ալ կը նուիրես» ըսաւ։ Է՛հ, ես ալ հարկաւ ոսկիով, արծաթով, թանկագին քարերով լեցուցի գրպաններս։
– Հիմա դուն պատմէ՛ քու երազդ,- կ’ըսեն պզտիկին, – ո՛վ գիտէ որքա՜ն նեղացուցիչ երազ մը տեսար։

– Այո՛, շա՜տ նեղացուցիչ էր,- կ’ըսէ փոքրիկը, – երազիս մէջ տղայ մը բարկացաւ ինծի։ «Մեծ եղբայրդ դրախտի մէջ է՝ կ’ուտէ, կը խմէ, իսկ միջնեկ եղբայրդ գրպանները ոսկիով, արծաթով, թանկագին քարերով կը լեցնէ, դուն ալ հոս կեցած կը սպասես։ Կե՛ր բլիթը, գոնէ անօթի չես մնար, գնա՛, կե՛ր» ըսաւ։ Շատ ստիպեց, որ բլիթը ես ուտեմ։
– Ես չըսի՞, որ նեղացուցիչ երազ մը տեսած ըլլալու ես։ Ուրեմն ըսէ՛, մեր երազներէն ո՞րն է ամենալաւը,- կ՚ըսէ մեծ եղբայրը։
– Երկուքն ալ շա՛տ հաճելի են, – կը պատասխանէ պզտիկը։
– Լաւ,- կ’ըսէ մեծը, – ուրեմն մենք բլիթը կէս-կէս կ’ուտենք, քեզի չենք տար։
Երկու եղբայր կ’ուղղուին դէպի սեղան, որ բլիթը ուտեն, բա՜յց…։
– Ո՞ւր է բլիթը,- կը հարցնեն։
Պզտիկը կը պատասխանէ.
– Ես չըսի՞, որ այդ տղան շատ ստիպեց։