Խորամանկին Շաբաթը
«Ութերորդ օր չկայ ափսո՜ս, երանի թէ ունենայի
Ամբողջ օրը նստած անխօս, գիտէ՞ք, որքա՜ն գործ կ’ընէի»։
Խորամանկին Շաբաթը
Երկուշաբթի որքա՜ն ծանր ես
Տրտում-տխուր կ’արթննամ ես
Մէջքիս վրայ բեռ կայ կարծես
Կ’ելլեմ հազիւ անկողինէս
Շատ դաս ունինք, այս ի՛նչ տանջանք
Չեն ձգեր, որ քիչ մը խաղանք:
Երեքշաբթի հիւանդ եմ՝ թոյլ
Կը յօրանջեմ ես անընդհատ
Չէի ըլլար, ո՛չ, ո՛չ այսքան ծոյլ
Եթէ վաղը ըլլար Շաբաթ:
Հազար անգամ կ’ուզեմ բարին
Շուտ մը թող գայ ալ Կիրակին
Ո՞ւր փախչիմ ես՝ Չորեքշաբթին
Չեմ դիմանար գլխուս ցաւին
Կ’ապրիմ խնդիր, ու չեն լուծուիր
Ո՛չ, չեմ սիրեր դաս աշխատիլ
Եւ կը սկսիմ ես չարչարուիլ
Ինչի՞ս պէտք է նոր բան սորվիլ
Յետոյ կու գայ երբ Հինգշաբթին
Երեք ժամ ես պէտք է պառկիմ
Դասն է մարզանք, լաւ մը հանգչիմ
Թեւերուս մէջ ոյժ հաւաքեմ
Ա՜խ, 100 մը երբ ես առնեմ
Տուն տանիմ ու մօրս ցուցունեմ:
Ուրբա՜թ, Ուրբա՜թ, իմ սիրելի
Ճիշդն ըսեմ շատ հաճելի
Թէեւ գիտեմ թուքն ու մուրը
Պիտի թափին իմ գլուխը
Հոգ չէ կ’ըսեմ, կ’ուրախանամ
Քանզի կու գայ շաբթու վերջը:
Շաբաթ օրը կ’անցնի յատուկ
Զուարճութեան օրս է փափուկ
Ախորժակով շատ լաւ կ’ուտեմ
Հոս ու հոն միշտ կը վազվզեմ
Այսօր դպրոց ալ կ’երթայի
Խաղացող եմ բայց՝ ֆութպոլի
Իսկ Կիրակին՝ օրերուն մէջ
Շարժուն օր է շատ ելեւէջ
Ժամը տասնէն մինչեւ երեք
Խաղ կը խաղամ իմս է վայելք
Իսկ երեքէն մինչեւ տասը
Կը փնտռեմ ո՞ւր է դասը:
Ութերորդ օր չկայ ափսո՜ս
Երանի թէ ունենայի
Ամբողջ օրը նստած անխօս
Գիտէ՞ք, որքա՜ն գործ կ’ընէի
Կը հնարեմ այդ օրն իսկոյն
Թէ որ չընեմ ես ծուլութիւն: