Տաղ ու խաղ
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ
Նաւուն վրայ…
Ո՜հ, ինչե՜ր կան ինչե՜ր
Տաղ ու խաղ
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
սիրուն պոչով
սիրամա΄րգ մը կայ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով
մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով
մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
չորս ջայլամ,
երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով
մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
հինգ հնդկահաւ,
չորս ջայլամ, երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
վեց խայտահաւ,
հինգ հնդկահաւ,
չորս ջայլամ, երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
եօթը կաչաղակ,
վեց խայտահաւ, հինգ հնդկահաւ,
չորս ջայլամ, երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
ութ թութակ,
եօթը կաչաղակ,
վեց խայտահաւ, հինգ հնդկահաւ,
չորս ջայլամ, երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
ինը կաքաւ,
ութը թութակ, եօթը կաչաղակ,
վեց խայտահաւ, հինգ հնդկահաւ,
չորս ջայլամ, երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
տասը հաւ, ինը կաքաւ,
ութը թութակ, եօթը կաչաղակ,
վեց խայտահաւ, հինգ հնդկահաւ,
չորս ջայլամ, երեք կարապ,
երկու սագ
եւ…
սիրուն պոչով մէ΄կ սիրամարգ…
Հորիզոնին
նա΄ւ մը տեսայ…
Նաւուն վրայ
ծիւ ծիւ,
ճիւ ճիւ,
տաղով խաղով
գարո΄ւնը կու գայ…