Տասներկու Ամիսները

Տասներկու մանուկները հարցուցին. «Մեծ մայրի՛կ, մենք տասներկու ամիսներն ենք։
Կրնա՞ս ըսել, թէ մեր մէջ ո՛վ է ամէնէն գեղեցիկը»։

Տասներկու Ամիսները

Յունական Հեքիաթ

Կար ու չկար, ծերուկ մեծ մայրիկ մը կար։ Մեծ մայրիկը ընտանիք չունէր, առանձին կ՚ապրէր։ Առտուները անտառին մէջ պտըտելով բուժիչ բոյսեր կը հաւաքէր։
Յետոյ քաղաքին մէջ զանոնք ծախելով դրամ կը շահէր։ Ան շատ կը սիրէր անտառը, բոյսերը եւ անասունները։ Բնութեան վնաս չհասցնելու համար շատ ուշադիր կը վարուէր։
Օր մը, երբ նորէն բոյսեր կը քաղէր անտառէն, նկատեց քարայր մը։ Ուզեց գիտնալ, թէ ի՛նչ կար քարայրին մէջ։
Երբ ներս կը մտնէր տեսաւ տասներկու սիրուն մանուկներ։ Անոնք նստարանի մը վրայ քով-քովի նստած իրեն կը նայէին։
Մէկը ճերմակ հագուստ հագած էր, միւսը՝ դեղին եւ ուրիշ մը՝ կանանչ։
Մանուկները հարցուցին.
– Մեծ մայրի՛կ, մենք տասներկու ամիսներ ենք։ Կրնա՞ս ըսել, թէ մեր մէջ ո՛վ է ամէնէն գեղեցիկը։
– Չեմ կրնար ըսել, – պատասխանեց մեծ մայրիկը։ Պահ մը խորհեցաւ եւ շարունակեց, – Յունուարին ձիւն կը տեղայ, Փետրուարին կ՚անձրեւէ, Մարտին ծառերը կը ծլին։ Ըստ իս, բոլորդ ալ շա՜տ գեղեցիկ էք։
Մանուկները, այս պատասխանէն ետք ներս հրաւիրեցին զինքը։ Անոր ձեռքէն կողովը առին, մէջը բաներ մը դրին ու ճամբեցին։
Մեծ մայրիկը քարայրէն մեկնելէ ետք՝ տեսաւ, որ կողովը ոսկիով, ադամանդով եւ գոհարեղէնով լեցուն էր։
Ուրախ-զուարթ վերադարձաւ տուն։ Այլեւս աղքատութիւնը վերջացած էր։
Մեծ մայրիկը իրեն նման ծերուկ դրացի մը ունէր։ Բայց այդ կինը անհամբեր եւ ջղայնոտ էր։ Երբ ան լսեց պատահածը, ուզեց երթալ ու տեսնել այդ քարայրը։
Մեծ մայրիկին բացատրութեան հետեւելով գնաց ու գտաւ քարայրը։
Քով-քովի նստած տասներկու մանուկները հոն էին։ Մանուկները անոր ալ հարցուցին, թէ ո՛րն էր իրենց մէջ ամէնէն գեղեցիկը։
– Չե՛մ գիտեր, – ըսաւ կինը բարկանալով, – Յունուարը ցուրտ է, կը սառինք։ Յուլիսը տաք է, կը մարինք։ Փետրուարին կը վերջանայ մեր փայտն ու ածուխը։ Մարտին անձրեւ կը տեղայ, հեղեղ կ՚ըլլայ, Ապրիլին երկինքը կ՚որոտայ։ Ըստ իս, ձեզմէ ո՛չ մէկը գեղեցիկ է։
Մանուկները այս պատասխանէն ետք՝ ներս հրաւիրեցին կինը եւ պայուսակին մէջ բաներ մը դրին։
Ջղայնոտ դրացին ելաւ քարայրէն եւ բացաւ պայուսակը։
Ի՛նչ տեսնէ։ Պայուսակը փուշով լեցուն էր։ Ան երբեք չհասկցաւ, թէ ինչո՛ւ իր պայուսակին մէջ չկար ոսկի, ադամանդ եւ գոհարեղէն։
Մինչդեռ սէրը երկկողմանի կ՚ըլլայ, այնպէս չէ՞։