Չեմ ուտեր, չեմ ուտեր

Թամար կը մերժէր ուտել քէօֆթէն, եւ յամառօրէն կը կրկնէր. «Չեմ ուտեր, չեմ ուտեր, քէօֆթէս չեմ ուտեր»: Շէպնէմ Իշիկիւզէլ իր սիրելի փոքրիկ աղջկան հետ ապրածներէն նմոյշ մը գրեց մեր փոքրիկ հեքիաթարանին համար:

Չեմ Ուտեր, Չեմ Ուտեր, Քէօֆթէս Չեմ Ուտեր

Թամար, երեք տարեկան, չարաճճի աղջիկ մըն էր: Ան շատ կը սիրէր խաղ խաղալ, բայց չէր սիրեր ճաշել:

Մայրը անշուշտ շատ կը յուզուէր: Ան կ’ուզէր որ Թամար երբ անօթենար, նստէր ու առանց խնդիր հանելու՝ ճաշէր:

Արձակուրդի օր մըն էր, անոնք ծովեզերքը նստած կը զուարճանային: Մայրը մէկ կողմէն կը ջանար Թամարին ճաշ կերցնել: Սակայն Թամար կը մերժէր ուտել քէօֆթէն, եւ յամառօրէն կը կրկնէր.
– Չե՛մ ուտեր, չե՛մ ուտեր, քէօֆթէս չե՛մ ուտեր … :

Ճարահատ մայրը այդքան կը յոգնէր որ ի՞նչ պիտի ընէր, չէր գիտեր: Ճիշդ այդ պահուն անուշ հով մը մօտեցաւ անոնց ու փսփսաց Թամարին մօրը ականջին.

– Կ’ուզես որ, սա չարաճճի աղջկանդ դաս մը տամ:

Մայրը «Բայց, ի՞նչպէս» պիտի հարցնէր,- որ հովը առանց սպասելու Թամարը իր թեւերուն մէջ առաւ ու տարաւ:
Անոնք միասնաբար երբ կը թռչէին, Թամար յիշեց մօրը կողմէ յաճախ իրեն ուղղուած սա խօսքերը. «Աղուոր աղջիկս եթէ ճաշդ չուտես փորիկդ պարապ կը մնայ, շատ կը թեթեւնաս, հովն ալ կու գայ քեզ կ’առնէ ու կը տանի, իսկ եթէ լաւ մը ճաշես, քէօֆթէներդ ուտես, մարմինդ կը ծանրանայ ու հովը չի կրնար քեզ տեղէդ շարժել»:

Թամարիկ երբեք կարեւորութիւն չտուաւ մօրը այս խօսքերուն, մինչդեռ հովը լսած էր եւ ճիշդ այդ պատճառով էր որ դաս մը տալ ուզած էր այդ չարաճճի աղջկան:

Հովն ու Թամար երկա՜ր ժամանակ ՝ թռա՜ն, թռա՜ն, ծովեր, լեռներ անցան: Թամարը բնաւ չվախցաւ այս անակնկալ ճամբորդութենէն: Կարծէք թէ, օրօրոց նստած՝ կ’օրօրուէր ան:

Ծովեզերքը՝ յուսահատ իրեն ձեռք շարժող մայրը կը տեսնէր հեռուէն, միայն քիչ մը կը յուզուէր, այդքան:

Հովն ու Թամար վերջապէս հասան փոքրիկ կղզիի մը, ուր կը գտնուէին այծեր, ուլիկներ, թռչուններ, ծովուն մէջ ձուկեր, որոնք մեծ ախորժակով կը կշտացնէին իրենց անօթի փորիկները: Թամար դիտե՜ց, դիտե՜ց, ու դիտեց բոլորը. եւ ահաւասի՛կ, ինքն ալ սկսաւ անօթենալ:

Ի՞նչ պիտի ընէր հիմա… Նախ իր շուրջը քննել սկսաւ. նշմարեց խնձորենի մը, փրցուց խնձոր մը եւ ախորժակով կերաւ: Քիչ մը անդին տեսաւ քիթիկը հողէն նոր դուրս հանած ստեպղին մը: Գնաց անմիջապէս հողէն հանեց ու քանի մը խածով լափեց: Յետոյ, խածաւ գետնէն գտած գետնախնձորը:

Հովը, որ քիչ մը անդին կեցած կը դիտէր, Թամարիկը. մեղքցաւ անոր եւ ըսաւ.

– Դուն դասդ առիր փոքրիկ աղջիկ, վերջապէս անօթութեան ի՞նչ ըլլալը հասկցար, ուրեմն կը վերադառնանք այլեւս:

Հովն ու Թամար հասան մօրը քով: Մայրը մտահոգ՝ իր աղջկան
վերադարձը կը սպասէր: Թամար անմիջապէս վազեց ու նետուեցաւ մօրը գիրկը: Յետոյ մօտեցաւ քէօֆթէներով լեցուն պնակին ու սկսաւ մեծ ախորժակով ուտել քէօֆթէները, մինչեւ որ կշտանայ:

Մայր ու աղջիկ հովուն խոստացան, թէ այլեւս Թամարը մայրիկին դժուարութիւն պիտի չհանէր: Այլեւս մայրիկը պիտի չկերցնէր Թամարին ճաշը: Թամար երբ անօթենար, խաղը պիտի ձգէր ու անմիջապէս պիտի ճաշէր:

Հովը,
– Ե՛ս ոչինչ կը մոռնամ, երբեմն կու գամ ստուգելու թէ ձեր խոստումը կը յարգէ՞ք, թէ ո՛չ,- ըսաւ ու հեռացաւ այդ

տեղէն:

– Կը խոստանա՜նք, կը խոստանա՜նք,- գոչեցին մայրն ու աղջիկը, հովուն ետեւէն:

Այդ օրէն սկսեալ Թամար, խաղի ատեն խաղ խաղաց, ճաշի ժամուն ճաշեց, եւ իր խոստումը միշտ յարգեց:

Գրեց: Շէպնէմ Իշիկիւզէլ
Թարգմանեց: Ժագլին Էրմէն