Մշտադալար Ծառերու Պատմութիւնը
Այդ գիշեր, հիւսիսային քամին իր ամբողջ ուժով փչեց դէպի անտառ: Այնքան զօրաւոր կը փչէր, որ կը փրցնէր ու կը թռցնէր ծառերուն տերեւները:
Մշտադալար Ծառերու Պատմութիւնը
Շատ ցուրտ էին աշնան օրերը: Ձմեռը կը մօտենար: Բոլոր թռչունները կը գաղթէին դէպի աւելի տաք երկիրներ: Միայն փոքրիկ թեւատ թռչուն մը չկրցաւ թռիլ: Ե՜ւ, այս պատճառով ա՛լ չկրցաւ գաղթել: Թռչնիկը ցուրտէն սարսռաց. «Ամբողջ ձմեռ թերեւս ծառերը զիս տաք կը պահեն» խորհեցաւ եւ ոստոստելով հասաւ անտառին եզերքը:
Մօտեցաւ հաճարենիի մը եւ ըսաւ.
– Գեղեցիկ հաճարենի, զիս տաք կրնա՞ս պահել ճիւղերուդ վրայ:
Հաճարենին խշխշաց:
– Ես պէտք է խնամեմ իմ տերեւներս, քեզի հետ չեմ կրնար զբաղիլ ,- ըսաւ:
Թռչնիկը թառեցաւ հսկայ կաղնիին վրայ:
– Զօրաւոր կաղնի, զիս տաք կը պահե՞ս ճիւղերուդ վրայ:
Կաղնին տրտնջաց.
– Չեմ ուզեր որ մէկը ուտէ խոզկաղիններս,- ըսաւ:
Թռչնիկը այս անգամ ուռենիի մը մօտեցաւ.
– Գեղեցի՛կ ուռենի, զիս տաք կը պահե՞ս ճիւղերուդ վրայ:
Ուռենին դողդղաց.
– Անծանօթներէն երբեք չեմ ախորժիր,- ըսաւ:
Փոքրիկ թռչունը սառած փետուրները թօթուեց.
– Ո՞վ պիտի օգնէ ինծի,- մրմնջեց:
– Կրնաս պատսպարուիլ իմ ճիւղերուս վրայ: Ամբողջ ձմեռը քեզ տաք կը պահեմ,- ըսաւ եղեւինը:
– Ես քեզ կը պահպանեմ հովերէն,- ըսաւ շոճին:
– Կրնաս ուտել իմ պտուղներս,- ըսաւ գիհին:
Թռչնիկը ուրախութեամբ թառեցաւ եղեւինին վրայ: Ի վերջոյ գտած էր իրեն տաքուկ բոյն մը:
Այդ գիշեր, հիւսիսային քամին իր ամբողջ ուժով փչեց դէպի անտառ: Այնքան զօրաւոր կը փչէր, որ կը փրցնէր ու կը թռցնէր ծառերուն տերեւները: Բայց զօրաւոր այդ քամին չդպաւ այն ծառերուն, որոնք թեւատ թռչնիկը կը պատսպարէին:
Ձմրան գրեթէ բոլոր ծառերը կորսնցուցին իրենց տերեւները, բայց եղեւինը, շոճին եւ գիհին մշտադալար մնացին:
Այդ երեք ծառերուն բարութիւնը փոքրիկներուն համար անմոռանալի դարձաւ այս հեքիաթին մէջ: