Նորութիւն: Աշխատութեան էջեր

ՓՈՔՐԻԿ կայքէջը սկսաւ պատրաստել աշխատութեան էջեր: Նոր տարիով միասին մեր հէքեաթներուն քով՝ բնագրին առընթեր՝ կցուած կը հրատարակենք՝ հարցում-պատասխան, խաչբառ, ճիշդ-սխալ, լսելով ամբողջացնել եւ այլ աշխատութեան օրինակներ, որոնցմով աշակերտները աւելի լաւ պիտի ըմբռնեն հէքեաթին նիւթը: Յուսանք թէ հաճելի ժամանց ստեղծէ մանուկներուն, եւ անշուշտ նպաստէ մայրենիին:
Բարի գործածութիւն եւ բարի աշխատութիւն: