ՓՈՔՐԻԿը Հեքիաթահաւաք կը կազմակերպէ
Խուզարկեցէ՛ք ձեր գրպանները
հրամմեցէ՛ք Հեքիաթահաւաքին
ՓՈՔՐԻԿ հեքիաթարանը կը կազմակերպէ «հեքիաթահաւաք» մը։ Այս նոր ձեռնարկութեամբ ՓՈՔՐԻԿը կը փափաքի քաջալերել հեղինակները, խրախուսել նորեկ գրողները ու նպաստել հայ մանկական գրականութեան՝ նոր եւ ուրոյն ստեղծագործութիւններով։
Հեքիաթահաւաքին աշխատակազմը «Հիմա գրելու ժամանակն է» կ՚ըսէ եւ կ՚աւելցնէ. «Եթէ կը սիրէք գրել, յաճախ կը կարդաք մանկական գրականութիւն, ձեզի անծանօթ չեն մանկական գրականութեան, մանկավարժութեան կամ հոգեբանութեան ոլորտները, կ՚ուզէք աւելի արդիական նիւթեր զարցագնել հեքիաթներուն մէջ, ուրեմն հրամմեցէ՛ք»։
Հեքիաթահաւաքին մասնակցող հեքիաթին լեզուն պէտք է հայերէն ըլլայ՝ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն։ Տարիքի սահմանափակում չկայ եւ որեւէ նիւթի մասին կարելի է գրել։ Հեքիաթները պէտք է ղրկուին [email protected] հասցէին մինչեւ 28 Փետրուար 2022։ Յետոյ պիտի ընտրուի երեք հեքիաթ ու իւրաքանչիւր հեքիաթ պիտի ստանայ 250 տոլար մրցանակ։
Հեքիաթահաւաքին աշխատակազմի անդամներն են՝ մանկական գիրքերու հեղինակ Անահիտ Սարգիսեան, Երեւանի «Խնկօ Ապոր» մանկական գրադարանի հեքիաթի բաժնի վարիչ Իսկուհի Աւետիսեան, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի գործադիր տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճան, Պոլսոյ մէջ հայերէնի ուսուցչուհի ու Փոքրիկի խմբագրական կազմի անդամ Մարի Գալայճը, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան եւ Լիբանանահայ բեմադրիչ Սէրուժ Յովսէփեան։
Գրպաններդ խուզարկէ, բարձիդ տակն ալ լաւ նայէ,
պահուըտած բառերդ փնտռէ գտիր ու լեզուիդ վրայ, քով քովի շարէ․․․
Երկու բառ կամ երկու հարիւր բառ, թող ըլլայ հի՛նգ հարիւր բառ,
յետոյ շիտա՛կ նստէ ու ծուռ գրէ կամ ծո՛ւռ նստէ եւ շիտակ գրէ,
փոքրիկ հեքիաթ մը շարադրէ․․․կ’ըսէ Անահիտը Սարգիսեանը։
Մասնակցութեան պայմաններ
Հեքիաթի լեզուն պէտք է հայերէն ըլլայ՝ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն։ Տարիքի սահմանափակում չկայ: Նիւթը ազատ է: Հեքիաթը պէտք է գրուի առաւելագոյն 500 բառով՝ Microsoft Word-ի վրայ գրաշարուած Sylfaen տառատեսակով եւ 12 տառաչափով։ Հեքիաթը նախապէս հրատարակուած պէտք չէ ըլլայ: Նոյն անձը առաւելագոյն երեք հեքիաթով կրնայ մասնակցիլ։ Հեքիաթները մէկէ աւելի հեղինակներ կրնան ունենալ։
Հեքիաթները պիտի ղրկուին [email protected] հասցէին մինչեւ 28 Փետրուար 2022։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 31 Մարտ 2022 թուականին։ Հեքիաթահաւաքին աշխատակազմը պիտի ընտրէ երեք հեքիաթ ու իւրաքանչիւր հեքիաթ պիտի ստանայ 250 տոլար մրցանակ։ Մրցանակի արժանացած հեքիաթները արեւմտահայերէնով պիտի հրապարակուին ՓՈՔՐԻԿի կայքէջին մէջ։
ՓՈՔՐԻԿ ՀԵՔԻԱԹԱՐԱՆ՝ Հիմնուած է 2014 թուականին Պոլսոյ մէջ եւ մինչեւ այսօր հրապարակած է 150-է աւելի հեքիաթներ՝ արեւմտահայերէնով։ ՓՈՔՐԻԿին բոլոր հեքիաթները կը պատրաստուին 4-7 եւ 8-11 տարիքի երեխաներուն համար։ Կայքէջին առընթեր, հեքիաթները կը հրապարակուին նաեւ YouTube-ի մէջ: Այս հեքիաթներուն իւրաքանչիւրը գունաւոր շարժուն պատկերներով կը զարդարուի եւ կը ձայնագրուի: ՓՈՔՐԻԿը կը պարունակէ նաեւ հեքիաթաշարքեր, երգեր եւ շուտասելուկներ։ Հեքիաթներուն կից պատրաստուած են աշխատութեան էջեր, որպէսզի փոքրիկները աւելի լաւ ըմբռնեն հեքիաթները եւ ուսուցիչները դիւրութեամբ զրուցեն անոնց հետ հեքիաթներու բովանդակութեան մասին: ՓՈՔՐԻԿը կը կազմակերպէ «Հեքիաթատօն», կ՚այցելէ դպրոցներ եւ կը ձեռնարկէ աշխատանոցներ։ Ներկայիս, ՓՈՔՐԻԿին կը հետեւին հեռու մօտիկ 21 երկիրներ: Հեռու մօտիկ, փոքրիկ ընթերցասէրներ ամէն ամիս աւելի քան 7000 անգամ կ՚այցելեն ՓՈՔՐԻԿին աշխարհը։
www.pokrig.org
Youtube : Pokrig Hekiataran
Instagram : @pokrig_hekiataran
Fb :@pokrig
Twitter: @Pokrig