Ախոռին Մսուրը

Ախոռին մսուրին մէջ

երկինքէն ինկած

հրաշք մը կար…

Ախոռին Մսուրը

Կար ու չկար
ախոռ մը կար,
մէջը`
իշուկ մը,
կովուկ մը
եւ
յարդով լեցուն մսուր մը…

Ախոռին մէջ
մի΄շտ կռիւ կար…
Իշուկը կը զռար`
յարդով մսուրը
ի΄րն էր,
իսկ կովուկը կը բառաչէր`
համաձայն չէ΄ր,
յարդով մսուրը
ի΄րն էր…

Ախոռին կռիւը
վերջ չունէր,
անվերջ էր…

Գիշեր մը
երկու այցելուներ`
այր ու կին
ախոռին դռնակը հրեցին
ու ներս մտան…

Իշուկն ու կովուկը
զարմացա՛ն…

Շատ չանցած
ախոռին մէջ
նորածին մը յայտնուեցաւ…

Իշուկն ու կովուկը
յուզուեցա՛ն…
Իրարու նայեցան,
ապա
երկուքը միասին
իրենց դունչերով
յարդով մսուրը հրեցին
դէպի հրեշտակի նման մայրը,
որ նորածինը
մսուրին մէջը
յուշի՛կ յուշիկ օրօրէ,
մշի՛կ մշիկ քնացնէ…
յուշի՛կ յուշիկ օրօրէ,
մշի՛կ մշիկ քնացնէ…

Ախոռին մէջ
մսուր մը կար,
իսկ մսուրին մէջ
երկինքէն ինկած
հրաշք մը կար…

Երանի՛ ձեզի
իշուկ եւ կովուկ,
լոյս Մանուկը
ձեր մսուրին մէջ
օրօրեցին…

Երանի՛ ձեզի
իշուկ եւ կովուկ,
Մանուկին լուսաստղը
ձեր ախոռին վրայ
կախեցին…