Խնկոյեանէն երկու առակներ

երբեմն չենք գիտնար մեր ձեռքիններուն արժէքը, Ճիշդ Խնկոյեանին աքլորին նման:

Ես եւ դուն՝ երբեմն երկու բարեկամներ, երբեմն ալ երկու թշնամիներ…

Ես եւ Դուն

Ագռաւը խեցգետին մը բռնեց եւ թառեցաւ ծառի մը վրայ:
Խեցգետինն ուզեց ագռաւին կտուցէն ազատիլ եւ ըսաւ.
– Ոսկեհատիկ ագռա՛ւ տատիկ, ո՞վ է մեզմէ ամէնէն
աղտոտը:

Ագռաւը սեղմեց կտուցն ու գռգռաց.
– Դո՜ւն…:
– Ոսկեհատիկ ագռա՛ւ տատիկ, ո՞վ է մեզմէ ամէնէն
սիրունիկը:

Ագռաւը բացաւ կտուցն ու գռգռաց.
– Ե՛ս…
Կտուցը բանալուն պէս, խեցգետինը կտուցէն ինկաւ ջուրը և ազատեցաւ ագռաւէն:

Աքլորն ու Մարգարիտը

Կար ու չկար, աքլոր մը,
հող կը փորէր ճանկերով
տեսաւ մէկ հատ մարգարիտ,
աղբին մէջը փայլերով։

Կտցեց, ըսաւ.

– Այս ի՞նչ է, ինծի հարցնես՝ ոչինչ է։
Վա՛յ, վա՛յ ըսեմ անխելքին,
որ գին կու տայ այս քարին,
ինծի համար մէկ գարին,
կ՚արժէր այսպէս հազարին։

Գրեց՝ Աթաբեկ Խնկոյեան