Լուսեղէն՝ Ջուրերու Թագաւորին Աղջիկը
Կար ու չկար, շատ դժբախտ տղայ մը կար: Այս տղան կ’ուզէր սիրել, սիրահարիլ, սակայն չէր գտներ աղջիկ մը, որ սիրտը գրաւէր:
Լուսեղէն՝ Ջուրերու Թագաւորին Աղջիկը
Կար ու չկար, շատ դժբախտ տղայ մը կար։ Այս տղան կ՚ուզէր սիրել, սիրահարիլ, սակայն չէր գտներ աղջիկ մը, որ սիրտը գրաւէր։
Ժամանակ անցաւ։ Այս տղան միշտ տխուր, միշտ մտածկոտ, չէր ուտեր, չէր խմեր, չէր քնանար ու կը նիհարնար։ Մայրը տեսնելով իր տղուն վիճակը, շատ կը տխրէր, սակայն ի՞նչ կրնար ընել։ Միայն կը նստէր, կը հեծկլտար ու կ՚անիծէր իր բախտը։
Կ՚ըսեն, թէ ամէն ցաւ ունի իր դեղը։
Օր մը, տղան մտածեց ու ըսաւ.
– Ինչո՞ւ հոս մնամ։ Աշխարհի վրայ բազմաթիւ տեղեր կան
տեսնելու եւ նաեւ թերեւս կրնամ գտնել սրտիս տէրը։
Տղան կերակուրներ դնելով պայուսակին մէջ, ճամբայ ելաւ։ Շատ գնա՜ց ու քիչ գնաց։ Յոգնեցաւ ու նստաւ աղբիւրի մը քով, որ հանգստանայ ու ջուր խմէ։ Երբ ծռեցաւ, որ ջուր խմէ, յանկարծ ձայն մը լսեց։
-Հոգի՜ս,- ըսաւ աներեւոյթ ձայն մը։
Տղան զարմացաւ։
-Ո՞վ է ան, որ «հոգիս» կը կանչէ զիս,- ըսաւ։
-Ես եմ, ես «հոգիս» կանչեցի,- ըսաւ աներեւոյթ ձայնը։
-Դու ո՞վ ես, ձայնդ կայ, դուն չկաս։
-Ինծի Լուսեղէն կ՚ըսեն, ես Ջուրերու Թագաւորին աղջիկն եմ։ Մօրս եւ հօրս հետ կ՚ապրիմ աղբիւրին մէջ։
Երբ տեսայ քեզի, զգացի թէ որքա՜ն բարի ես ու հիացայ։ Եթէ դուն ալ կը փափաքիս, ընկերանանք։
-Ուրեմն ցուցո՛ւր ինքզինքդ, որ տեսնեմ քեզ,- ըսաւ տղան։
Իսկ Լուսեղէն պատասխանեց.
-Չեմ կրնար, յետոյ կը սորվիս պատճառը։
Տղան զարմացաւ, մտածեց, նայեցաւ աղբիւրին, ուր ոչ մէկը կար։ Միայն աղբիւրն էր, որ կարկաչելով կը հոսէր։
«Չէ՜» մտածեց, «իրապէս աչքերս ու ականջներս զիս խաբեցին։ Թէ ոչ, ո՞վ տեսեր կամ լսեր է, որ մարդ խօսի մէկու մը հետ, ձայնը լսէ, բայց զայն չտեսնէ։ Ա՜խ բախտս, ինչո՞ւ կը խաբես զիս, ձգէ՛ երթամ իմ ճամբուս»։
Լուսեղէնը լսեց տղուն ըսածները եւ աղբիւրէն ձայն տուաւ։
-Ես քեզ չեմ խաբեր, դարձիր ու գնա՛ տուն։ Երբ հասնիս տուն, պիտի տեսնես, թէ ամէն կողմ լեցուն է ոսկիով ու արծաթով, սեղանին վրայ ալ կայ տեսակ-տեսակ կերակուրներ։ Եթէ չտեսնես, ուրեմն կը խաբեմ քեզ, իսկ եթէ տեսնես, ետ կու գաս ու կ՚ընկերանանք։
Տղան վերադարձաւ տուն։ Իրաւ որ, ամէն տեղ լեցուն էր ոսկիով ու արծաթով, սեղանին վրայ ալ տեսակ-տեսակ կերակուրներ կային։ Տունը այդքան փոխուած էր, որ տղան չկրցաւ ճանչնալ։ Մօրը հարցուց.
-Մայրի՜կ, մեր տունը ո՞վ այս վիճակին բերաւ։
-Չեմ գիտեր տղաս, դուրս ելած էինք հօրդ հետ երբ ձայն մը լսեցի։ Ձայնը կար, իսկ խօսողը չկար։ Վայրկեանի մը մէջ տունը փոխուեցաւ։ Նոյնիսկ ես չկրցայ ճանչնալ տունս։
– Մարէ, ինչ որ կ՚ըսես, անհաւատալի չէ, այդ բոլորը Ջուրերու Թագաւորին աղջիկը՝ Լուսեղէնը իրականացուց։ Ան իր հօրը եւ մօրը հետ կ՚ապրի աղբիւրին մէջ։ Ձայնը կայ բայց ինքը չկայ։
-Իրա՞ւ,- ըսաւ մայրը,- վո՜ւյ իմ հարսին մեռնիմ. ուրեմն երթամ ու ես ալ ծանօթանամ։
-Այո՛մարէ, գնա՛ ու ծանօթացիր։ Տեսար, թէ բախտս ինչպէ՛ս
բացուեցաւ։
Մայրը աճապարելով պատրաստուեցաւ ու ճամբայ ելաւ։ Կեցաւ աղբիւրին քով ու կանչեց։
-Լուսեղէ՜ն, մեռնիմ քեզի, ես այդ տղուն մայրն եմ, որ այսօր ծանօթացար։ Եկայ քեզ տեսնելու։
Տղուն մօր ձայնը լսելով, Ջուրերու Թագաւորը ելաւ աղբիւրէն։ Շատ սիրուն ծերունի մըն էր ան։ Ունէր ոսկէ թագ մը եւ հագած էր ճերմակ հագուստ մը։ Աչքերը զմրուխտի նման կանանչ էին, ունէր նաեւ երկա՜ր ու ճեփճերմակ մորուք մը։ Կը բռնէր սատափէ գեղեցիկ գաւազան մը։
-Բարե՛ւ թագաւոր, եկայ Լուսեղէնին հետ ծանօթանալու։ Տղաս կ՚ուզէ ընկերանալ անոր հետ։
-Բարե՛ւ, հարկաւ, թո՛ղ ընկերանան, սակայն պայման մը ունիմ։
-Ի՞նչ պայման, թագաւոր։
-Եթէ տղադ կարենայ թշնամիս՝ Անտառի թագաւորէն բերել աղջկանս հագուստներու սնտուկը, հրաման կու տամ, եթէ ոչ, չեմ տար։ Բակին մէջ կայ ձի մը՝ տղուդ համար։ Թամբը սատափ է, սանձը՝ արծաթ, պայտերը՝ ոսկի եւ թամբէն կախուած թուրը՝ պողպատ։
Տղուն մայրը դարձաւ ու տեսաւ, թէ իրապէս ձին կը սպասէ։ Վերադարձաւ տուն ու պատմեց ամէն ինչ։
-Զաւա՛կս, եթէ կարենաս Անտառի թագաւորէն Լուսեղէնին հագուստներու սնտուկը բերել, թագաւորը հրաման կու տայ, որ ընկերանաք։
-Ի՛նչ ըսեմ մարէ, ես երբեք ձի չեմ հեծած, թուր չեմ գործածած, ինչպէ՞ս պիտի առնեմ սնտուկը։
Յանկարծ հրաշք մը պատահեցաւ ու ձին խօսիլ սկսաւ.
-Դուն բնաւ մի՛ վախնար,- ըսաւ,- միայն թամբին վրայ ամուր նստէ։ Անտառի թագաւոր որ կ՚ըսեն, տարօրինակ մարդ մըն է։ Սնտուկը երբ առնես, քեզ կը վախցնէ, կը պոռայ՝ «Հէ՛յ, ետ նայէ եւ ինչ որ ուզես, կու տամ։» կ՚ըսէ։ Դուն ետ չնայի՜ս, թէ ոչ ծառ կը դառնաս։
– Շատ լաւ,- կ’ըսէ տղան,- ուրեմն երթանք։
Տղան ցատկեց ու հեծնեց ձին, ձեռքը թուրը առաւ եւ արագօրէն քշեց։ Երբ հասաւ անտառ, ի՛նչ տեսնէ, բոլոր ծառերը տարօրինակ մարդիկ էին։ Գլուխները՝ կողովներ, ոտքերը՝ ծուռ եւ երեսները՝ սեւ էին։
Ծառերը երբ օտար մարդ մը տեսան, սկսան պոռալ եւ իրար զարնուիլ։ Կարծես երկրաշարժ էր։ Անոնց թագաւորն ալ, խեցգետինի նման էր, հազար հատ ոտք ու հազար հատ ձեռք ունէր։ Յանկարծ պոռաց.
-Բռնեցէ՛ք, բռնեցէ՛ք, շատոնց մարդու միս չեմ կերած, բռնեցէ՛ք, բռնեցէ՛ք ծառեր, մարդը բռնեցէ՛ք։
Տղան սկսաւ վախնալ ու քիչ մնաց պիտի վերադառնար։ Ձին ըսաւ.
-Մի՛ վախնար, անոնք միայն կը պոռան, դուն քշէ՛ զիս յառաջ։
Տղան քաջացաւ, ձին քշեց յառաջ, իր թուրը փայլեցուց ու իջեցնելով ոչնչացուց Անտառի թագաւորը։ Ծառերը երբ տեսան, վախցան ու իրենց ձայները կտրեցին։ Տղան իջաւ ձիէն, թուփերուն մէջ պահուած սնտուկը առաւ, ցատկեց թամփին ու արագօրէն քշեց։ Երբ կը քշէր, ծառերը կրկին ձայն տալու սկսան.
-Հէ՛յ, ետ նայէ՛ եւ ինչ որ ուզես, կու տանք։
Տղան քիչ մնաց, պիտի նետէր սնտուկը ու ետեւ պիտի նայէր։ Ձին կրկին քաջալերեց զայն ու տղան արագ քշելով հասաւ աղբիւրին քով ու ձայնեց.
-Լուսեղէ՜ն, Ջուրերու Թագաւորի աղջի՜կ, հագուստներու սնտուկդ բերի, այլեւս կրնաս ելլել ջուրէն։
Տղուն ձայնը լսելով Ջուրերու թագաւորը ելաւ աղբիւրէն, մօտեցաւ տղուն, գրկեց, համբուրեց ճակտէն ու կանչեց իր աղջիկը.
-Աղջի՛ Լուսեղէ՜ն, հոս է հագուստներու սնտուկդ։ Ելի՛ր, որ հագնիս։
Լուսեղէն հագաւ իր հագուստները։ Գեղեցիկ, բարի եւ նուրբ աղջիկ մըն էր: Մօտեցաւ տղուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց։ Երկուքն ալ արդէն սիրահարած էին։ Լուսեղէնը ցատկեց ձիու թամբին ու միասին գացին լերան մշտադալար գեղեցիկ անտառներուն մէջ պտըտելու։
Անոնք հասան իրենց երազանքին, մենք ալ հասնինք մեր երազանքին։