Մատիկին Փուշը

Փուշ մտեր էր
Մանուկին մատիկը,
չէ՞ որ յարդն էր
իր անկողինը…

Մատիկին Փուշը

Երկինքին մէջ
լուսաստղը,
լուսաստղին տակ
ախոռը,
ախոռին մէջ
մսուրը,
մսուրին մէջ
լոյս Մանուկը…

Փուշ մտեր էր
Մանուկին մատիկը,
չէ՞ որ յարդն էր
իր անկողինը…

– Փո΄ւշ մտեր է մանուկին մատիկը,
փո΄ւշ մտեր է մանուկին մատիկը…

Մէկը միւսին,
փսփսացին,
քով քովի թառած,
մսուրը հսկող
ճնճղուկները…

Թը՛ռ թռաւ
ամենէն փոքրիկ ճնճղուկը,
մտաւ մսուրին մէջը,
կտուցով հանեց
Մանուկին մատիկին փուշը…

Մանուկին մատիկէն
կաթիլ մը արիւն
ցայտեց ու նախշեց
փոքրիկ ճնճղուկին լանջը…

Երկինքին մէջ
լուսաստղը,
լուսաստղին տակ
ախոռը,
ախոռին մէջ
մսուրը,
մսուրին մէջ
Մանուկը,
Մանուկին մատիկին վրայ
կարմրալանջը…

Ամեն տարի`
Ամանորին,
լուսաստղը կը յայտնուի
եղեւինին գագաթին,
իսկ
կարմրալանջը`
ամենէն բարձր ճիւղին…