Կարմիր Գլխարկով Գորտիկներ

Օր մը, գորտիկները որոշեցին երեկոյթ մը կազմակերպել եւ հրաւիրել անտառի բոլոր բնակիչները, որոնք կարմիր զգեստներ կը հագնէին:

Կարմիր Գլխարկով Գորտիկներ

Երկու պզտիկ գորտիկ եղբայրներ կ’ապրէին կանանչ հովիտի մը մէջ:
Անոնք բնաւ չէին սիրեր կանանչ գոյնը: Ինչպէ՞ս սիրէին:
Անտառը կանանչ էր, խոտերը՝ կանանչ, ջուրը՝ կանանչ, նոյնիսկ իրենց հագուստները կանանչ:
Միշտ կը գանգատէին, որ կանանչ աշխարհի մը մէջ կորսուած են, հետեւաբար կ’ատէին կանանչ գոյնը:
– Այս կանանչ հագուստը բնաւ չեմ սիրեր, – կ’ըսէր մեծ եղբայրը:
Պզտիկ եղբայրը կը պատասխանէր.
– Ես ալ, բայց ի՞նչ ընենք, ուրիշ հագուստ չունինք։
Օր մը, գորտիկները որոշեցին երեկոյթ մը կազմակերպել եւ հրաւիրել անտառի բոլոր բնակիչները, որոնք կարմիր զգեստներ կը հագնէին:
Հրաւիրագիրերը պաստրաստեցին եւ կախեցին անտառին չորս կողմը:
Ծերուկ գորտիկը բնաւ չսիրեց այս գաղափարը:
– Փորձանք պիտի հանէք , – ըսաւ գորտ եղբայրները զգուշացնելու համար:
Երեկոյթին նախ փայտփորիկը եկաւ: Ան գլուխը կարմիր գլխարկ մը ունէր: Յետոյ զատկաճճիի ընտանիքը եւ կարմրալանջ եղբայրները եկան: Եւ վերջապէս, պիծակները բզզալով ժամանեցին։ Պիծակներն ալ կարմիր շերտեր ունէին իրենց կռնակներուն վրայ:
Ամէն ինչ լաւ կ’ընթանար: Իրիկուան դէմ արագիլն ալ եկաւ եւ դրան զանգակը հնչեցուց:
-Իմ սրունքներն ալ կարմիր են: Ես ալ երեկոյթին մասնակցիլ, պարել եւ բաներ մը ուտել կ’ուզեմ, ըսաւ:
Գորտերը երբ տեսան արագիլը, շուտով լիճ ցատկեցին եւ անհետացան: Արագիլը չտեսաւ գորտերը: Անշուշտ երեկոյթն ալ վերջացաւ:
Եկուր տե՛ս, որ գորտ եղբայրները կարմիր գոյնը սիրելէ երբեք չհրաժարեցան: Կարմիր գլխարկներ կարեցին եւ սկսան զանոնք գործածել:
Գլխարկները այնքա՛ն գեղեցիկ էին, որ նոյնիսկ շատ հեռուներէն կը տեսնուէին: Գորտիկները կարմիր գլխարկներով հպարտօրէն կը պտըտէին անտառին մէջ:
Օր մը արագիլը երբ թառած էր ճիւղի մը վրայ, հեռուն ցատկռտող երկու կարմիր բաներ տեսաւ:
«Երթամ, մօտէն տեսնեմ» մտածեց եւ թռա՜ւ ու մօտեցաւ այդ կարմիր բաներուն:
Տեսաւ երկու կարմիր գլխարկներ եւ անոնց տակն ալ երկու անուշիկ գորտիկներ: Սկսաւ հալածել զանոնք: Գորտիկները աջ ու ձախ վազվզեցին, ցատկռտեցին եւ ջանացին ազատիլ արագիլին ճանկերէն:
Փրկուելու համար փորձեցին ամէն ինչ բայց ի զուր:
Յանկարծ ծերուկ գորտին ձայնը լսուեցաւ.
-Հանեցէ՛ք ձեր կարմիր գլխարկները: Այդ կարմիր գլխարկներուն պատճառով կը հետապնդէ ձեզ, ըսաւ:
Գորտիկները անմիջապէս հանեցին ու նետեցին իրենց կարմիր գլխարկները եւ փրկուեցան արագիլին հալածանքէն:
Գորտիկները հասկցան, որ թշնամիներէն պաշտպանուելու համար կանանչ գոյնն էր իրենց ամենամեծ զէնքը:
Այդ օրէն ի վեր գորտիկները շատ կը սիրեն կանանչ գոյնը: Իսկ դո՞ւն…