Կիկոսին Մահը
Կայ ու չկայ, անունը Կիկոս՝ մանուկ մը կայ: Ո՞վ է Կիկոսը: Ի՞նչ գործ ունի ծառին գագաթը:
Ինչո՞ւ կու լան Կիկոսին մայրն ու մօրաքոյրները: Այս հարցումներուն պատասխանները Թումանեանը կու տայ:
Կիկոսին Մահը
Աղքատ մարդ մը եւ կին մը, երեք աղջիկ ունէին:
Օր մը հայրը կը ծարաւնայ մեծ աղջիկը աղբիւր կը ղրկէ, որ իրեն ջուր բերէ: Աղջիկը կուժը կ’առնէ կ’երթայ աղբիւր. Հոն բարձր ծառ մը կը տեսնէ: Երբ ծառը կը տեսնէ, մտքէն սա մտածումը կ’անցնի. «Հիմա եթէ ես ամուսնանամ, զաւակ մը ունենամ, անունն ալ Կիկոս դնեմ: Կիկոսս գայ այս ծառը ելլէ ու քարի վրայ իյնայ, մեռնի»…
-Վա՜յ Կիկոս ճան վա՜յ…
Տեղւոյն վրայ ծառին տակ կը նստի. կը սկսի սուգ բռնել.
Մտայ պսակի տակ.
Ունեցայ զաւակ.
Գլխարկը պօպօզ.
Անունը Կիկոս.
Վեր ելաւ ծառը,
Վար ինկաւ քարը…:
Վա՜յ Կիկոս ճան,
Վա՜յ որդի ճան…:
Մայրը կը սպասէ-կը սպասէ, կը տեսնէ որ չեկաւ, միջնեկ աղջիկը կը ղրկէ ու կ’ըսէ.-
-Գնա՛, տե՛ս քոյրդ ինչո՞ւ ուշացաւ:
Երբ մեծ աղջիկը հեռուէն իր քոյրը կը տեսնէ, ձայնը աւելի կը բարձրացնէ.
-Եկո՛ւր, եկո՛ւր, անբա՛խտ մօրքուր, տե՛ս քու Կիկոսդ ի՛նչ եղաւ:
-Քա՛, ի՞նչ Կիկոս:
-Հապա՛, չըսե՞ս՝
Մտայ պսակի տակ.
Ունեցայ զաւակ.
Գլխարկը պօպօզ.
Անունը Կիկոս.
Վեր ելաւ ծառը,
Վար ինկաւ քարը…:
Վա՜յ Կիկոս ճան,
Վա՜յ որդի ճան…:
Վա՜յ Կիկոս ճան վա՜յ,- կը պոռայ, միջնեկ քոյրը, մեծ քրոջը քով կը նստի, երկուքն ալ կը սկսին միասին սուգ բռնել:
Մայրը կը սպասէ-կը սպասէ, այս անգամ իրենց ետեւէն պզտիկ աղջիկը կը ղրկէ: Ան կու գայ, քոյրերուն լացը կը տեսնէ.
-Ինչո՞ւ կու լաք կը հարրցնէ:
Մեծ քոյրը կ’ըսէ.
Մտայ պսակի տակ.
Ունեցայ զաւակ.
Գլխարկը պօպօզ.
Անունը Կիկոս.
Վեր ելաւ ծառը,
Վար ինկաւ քարը…:
Վա՜յ Կիկոս ճան,
Վա՜յ որդի ճան…:
-Վա՜յ քու մօրքուրիդ, Կիկոս ճան, վա՜յ:
Ան ալ գլխուն կը զարնէ, միւսներուն քով կը նստի, քոյրերը ձայն ձայնի կու լան:
Այս անգամ մայրը կու գայ: Երեք աղջիկները հեռուէն երբ իրենց մայրը կը տեսնեն, կը կանչեն.
-Եկո՛ւր, եկո՛ւր, անբա՛խտ մեծ-մայր, տե՛ս թոռնիկիդ գլխուն ինչ եկաւ:
-Ի՞նչ թոռնիկ, ա՜յ աղջիկներ, ի՞նչ է եղեր:
Մեծ աղջիկը կ’ըսէ.
Մտայ պսակի տակ.
Ունեցայ զաւակ.
Գլխարկը պօպօզ.
Անունը Կիկոս.
Վեր ելաւ ծառը,
Վար ինկաւ քարը…:
Վա՜յ Կիկոս ճան,
Վա՜յ որդի ճան…:
-Վա՜յ, կուրանան մեծ-մայրիկին աչքերը, Կիկոս ճան:
Մայրն ալ ծունկերը կը ծեծէ, աղջիկներուն քով կը նստի, անոնց հետ սուգ կը բռնէ:
Ամուսինը կը տեսնէ որ կինն ալ աղջիկներուն ետեւէն գնաց ու չեկաւ, ինք ալ հոն կ’երթայ:
Երբ կինն ու աղջիկները հեռուէն զինք կը տեսնեն, կը կանչեն.
-Եկո՛ւր, եկո՛ւր, անբա՛խտ մեծ-հայր, եկո՛ւր տե՛ս Կիկոսին գլուխը ի՛նչ եկաւ…: Վա՜յ քու Կիկոսիդ…:
-Ի՞նչ Կիկոս, ատ ի՞նչ կ’ըսէք:
Մեծ աղջիկը կ’ըսէ.
Մտայ պսակի տակ.
Ունեցայ զաւակ.
Գլխարկը պօպօզ.
Անունը Կիկոս.
Վեր ելաւ ծառը,
Վար ինկաւ քարը…:
Վա՜յ Կիկոս ճան,
Վա՜յ որդի ճան…:
Բոլորը միասնաբար իրենց ծունկերը կը ծեծեն եւ սուգ կը բռնեն:
Եկուր տես որ ասոնց մէջ միակ խելացին հայրը կ’ըլլայ: Ան կ’ըսէ.
-Անխելքնե՛ր ձեզի, ինչո՞ւ ասանկ նստեր սուգ կը բռնէք: Կիկոս չէ որ պիտի կենդանանայ: Ելէ՛ք տուն երթանք, մարդ կանչենք, ժամ ու պատարագ ընենք, Կիկոսին հոգւոյն հոգեճաշ տանք: Աշխարհիս կարգը ասանկ է: