Հաւկիթի Կողովը
Գարունը արթնցաւ եւ Զատիկը եկաւ: Մարդիկ ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուած են:
Այս տարի, ո՞վ պիտի կրէ Զատկուան հաւկիթներու կողովը: Ո՞ր թռչունը պիտի երգէ Զատկի երգը:
Եկեղեցին ո՞ր ծաղիկով պիտի զարդարուի արդեօք:
Հաւկիթի Կողովը
Ձմեռ թագաւորը գահ բարձրանալէ անմիջապէս ետք, իր սառոյցէ պալատին մէջ սկսած էր իշխել ցուրտ եւ մութ ամիսներուն:
Օր մը ձիւն կը տեղացնէր, օր մը փոթորիկ կը գոյացնէր:
Այդ շրջանին ոչինչ կը բուսնէր սառած հողի վրայ, եւ կենդանի էակ մը նոյնիսկ չէր գտնուեր հողին մէջ:
Օր մը, արեւը իր ճառագայթները սկսաւ արձակել սառոյցէ պալատին վրայ: Ձմրան թագաւորը յօրանջեց եւ քնաթաթախ աչքերով պահ մը քննեց շուրջը:
-Գարունը քունէն արթնցաւ: Ոտնաձայնը կը լսեմ,- ըսաւ:
Եւ ձմեռ թագաւորը, դանդա՜ղ-դանդաղ, կաթիլ-կաթիլ հալեցաւ եւ ջուրի վերածուեցաւ:
Այլեւս թագաւորը Գարունն էր: Երիտասարդուհին ունէր երկար դեղին մազեր ու մանիշակագոյն աչքեր:
Ան երբ կը քալէր, կը հալեցնէր ձիւներն ու սառերը: Ջուրերը կը լեցնէին գետակներն ու գետերը:
Ուր որ նայէր, կանանչեղէն կը ծաղկէր: Բոլոր ծաղիկները կը պարէին անոր մեղմ հովուն տակ: Հետեւաբար ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուած էր աշխարհը:
Անտառի անասուններն ալ երջանիկ էին: Անոնք սկսած էին Զատկի տօնին պատրաստուիլ:
– Այս տարի Զատկի հաւկիթները, ո՞վ պիտի տանի գիւղի մանուկներուն,- հարցուց խատուտիկ հաւիկը եւ շարունակեց,- կողովը այնքան ծանր է որ ես չեմ կրնար կրել:
– Ես կը կրեմ, եւ շատ լաւ կ’ապահովեմ,- ըսաւ աքիսը:
Բայց միւս անասունները չընդունեցին աքիսին առաջարկը:
– Գիտենք, որքան շատ կը սիրես հաւկիթը, մինչեւ որ գիւղ հասնիս կողովին մէջ հաւկիթ չի մնար,- ըսին:
– Ես կը կրեմ, շատ լաւ քնացայ այս ձմեռ,- ըսաւ արջուկը:
– Ո՛չ, երբե՛ք, մանուկները քեզմէ կրնան վախնալ,- ըսին բոլորը:
Այդ պահուն խատուտիկ հաւիկը նշմարեց նապաստակը:
– Մանուկները քեզի կը զմայլին, հաւկիթի կողովը դուն կը կրե՞ս,- հարցուց հաւիկը:
Նապաստակը սիրով ընդունեց այս առաջարկը:
– Ուրեմն, ամէն բան կարգի մտաւ,- ըսաւ խատուտիկ հաւիկը:
Սակայն երկրագունդը դեռ պատրաստ չէր Զատկի տօնին, որովհետեւ մարգագետնի ծաղիկները դեռ չէին կրցած որոշել թէ ո՛վ պիտի ըլլար Զատկի ծաղիկը:
– Ե՛ս կ’ըլլամ,- ըսաւ դաշտի վարդը:
– Ո՛չ, անկարելի է, դուն փուշեր ունիս,- ըսին միւս ծաղիկները:
– Մանիշակին ի՞նչ կ’ըսէք,- հարցուց մարգարտածաղիկը:
Սակայն մանիշակը այնքան ամչկոտ էր որ…:
– Զատկի ծաղիկը ճերմակ շուշանը պէտք է ըլլայ, մասմաքուր է սիրտը Յիսուսի նման,- ըսին: Ե՜ւ ընտրեցին շուշանը:
Սակայն երկրագունդը դեռ պատրաստ չէր Զատկի համար, որովհետեւ թռչունները դեռ նոր հաւաքուած էին որոշելու համար թէ ո՛վ պիտի երգէր Զատկի առաւօտեան երգը:
– Անշո՛ւշտ, ես պէտք է երգեմ: Ամենահաստ ձայնը իմս է:
– Ամէն ոք ձայնս շատ հանգիստ կը լսէ,- ըսաւ ագռաւը:
– Ձայնդ հաստ է, բայց ականջները կ’անհանգստացնէ,- ըսին միւս թռչունները:
– Ես երգեմ. ամէն մարդ կը սիրէ իմ ճռուողիւնը,- ըսաւ ճնճղուկը:
Բայց Զատկի առաւօտ ո՛չ թէ ճռուողիւն, այլ գեղեցիկ երգ մտիկ ընել կ’ուզէին:
– Կարմրալանջին հարցնենք,- ըսաւ սարեակը,- անոր ձայնը յարմար է եւ կարմիր լանջք ունի:
Թռչունները համաձայնեցան եւ միասնաբար ընտրեցին կարմրալանջը:
– Զատկի առաւօտ ո՞ր ծառի վրայ թառիմ երգելու համար,- հպարտօրէն հարցուց կարմրալանջը:
– Իմ ճիւղերէն մէկուն վրայ կրնաս գալ,- առաջարկեց կաղնին եւ աւելցուց,- բայց մի՛ մոռնաք որ, Յիսուսի խաչը կաղնիէ շինուած էր:
– Իմ ճիւղերուս վրայ կրնաս թառիլ,- ըսաւ շոճին:
– Չ’ըլլա՛ր, տերեւներդ փուշի պէս են. զիս կը խայթեն,- ըսաւ կարմրալանջը, եւ թռաւ դէպի ուռենի:
– Երգս քու ճիւղերէն մէկուն վրայ կրնա՞մ երգել,- հարցուց:
Ուռենին սիրով ընդունեց կարմրալանջին առաջարկը:
Յաջորդ առաւօտ, գիւղին մանուկները ճամբան հանդիպեցան նապաստակին, որ կը կրէր հաւկիթներու կողովը: Մէկ առ մէկ առին իրենց համար պատրաստուած հաւկիթները ու քալեցին դէպի եկեղեցի:
Լսեցին ուռենիի վրայ թառած կարմրալանջին երգը: Երբ եկեղեցի մտան, տեսան ճերմակ շուշանները խորանի վրայ:
Եւ վերջապէս երկրագունդը պատրաստ էր Սուրբ Զատիկը տօնելու: Ուրախ էին եւ յոյսով լի՝ փառք տուին Աստուծոյ: