Ո՞րն Է Ամէնէն Կարեւորը
Դո՛ւք ի՞նչ կ’ըսէք Սիրելի Փոքրիկներ. տառերուն մէկը միւսէն աւելի կարեւոր կրնա՞յ ըլլալ։ Այսինքն՝ այբուբենին «այբ»ը, «բեն»ը, կամ միւսները՝ կարելի՞ է բաղդատել իրարու միջեւ:
Ո՞րն Է Ամէնէն Կարեւորը
Օր մը, տառերը սկսան իրենց միջեւ վիճաբանիլ բառարանի մը մէջ: Կ՛ուզէին որոշել թէ իրենցմէ ո՛վ էր ամենակարեւոր տառը:
«Այբ»ը ըսաւ.
– Ես եմ ամենակարեւորը, քանի որ այբուբենին առաջին տառն եմ:
– Ո՛չ,- գոչեց «Ղատ»ը,- դուն չես ամենակարեւորը, առանձին ոչինչ ես: Մինչդեռ ես եթէ քովդ մօտենամ՝ կ՛ըլլանք «աղ» եւ կը դառնանք կեանքի համ:
«Խէ» նետուեցաւ աջէն ու ըսաւ.
– Եթէ ես ալ մօտենամ ձեր քով, կ’ըլլանք «խաղ»: Խաղն է կեանքի համը:
Այբուբենին միւս տառերն ալ սկսան բողոքել:
«Օ» եւ «Ֆէ» լսելով խօսակցութիւնները մօտեցան ձեռք ձեռքի եւ ըսին.
– Մենք ընկերներ ենք: Մե՛նք ենք ամենակարեւորը քանի որ այբուբենը մեզմով կը վերջանայ:
«Ու» մօտեցաւ եւ ըսաւ.
– Թէեւ այբուբենին մէջ գոյութիւն չունիմ, բայց եթէ ես չըլլամ ինչպէ՞ս պիտի միանան նախադասութիւնները: Ես կարեւոր դեր ունիմ միասնութեան մէջ:
«Հիւն»ը երբ իմացաւ «Ու»ին խօսքը, անմիջապէս ըսաւ.
– Թէեւ ինձմով բառ չի սկսիր, բայց եթէ ես չըլլամ, ո՛չ «ու», ո՛չ «իւ» եւ ո՛չ ալ «եւ» կ’ըլլայ: Միասնութեան բանալին ե՛ս եմ, նոյնիսկ այբուբենին ալ ամենակարեւոր տառը:
«Ցօ» վազելով եկաւ ընկերներուն քով.
– Իմ մարմինս շատ ճկուն է, ես պէտք է ըլլամ ամենակարեւորը:
«Ըթ»ը եկաւ հպարտօրէն եւ ըսաւ.
– Եթէ ես չըլլամ, ի՞նչպէս կրնաք ընկեր ըլլալ: Ընկերը «ըթ»ով կը սկսի:
«Մեն»ը պոռաց հեռուէն.
– Մատիտը «մեն»ով կը սկսի, եթէ ես չըլլամ, ինչպէ՞ս պիտի գրէք խօսքերը:
Գիրերը աջէն ու ձախէն կը բողոքէին եւ կը պնդէին թէ իրե՛նք են ամենակարեւոր տառը այբուբենին:
Մեսրոպ Մաշտոց, որուն պատկերը զետեղուած էր բառարանին առաջին էջին վրայ, լսեց աղմուկը եւ մօտեցաւ տառերուն քով.
– Այս ի՞նչ է: Ինչո՞ւ կը վիճաբանիք: Ամէնքդ ալ կարեւոր դերեր ունիք բառեր կազմելու: Վիճաբանելու պէտք չկա՜յ: Դուք միշտ պիտի միանաք իրարու, պիտի ապրեցնէք Հայերէնը եւ Հայ լեզուն:
Այդ օրուընէ սկսեալ տառերը չվիճաբանեցին երբեք իրարու հետ: Միշտ ապրեցան քով քովի՜ եւ ձեռք ձեռքի՝ երգելով եւ պարելով: