Բարի Սամարացին
Մարդ մը, որ Երուսաղէմէն դէպի Երիքով կոչուած քաղաքը կ’երթար, ճամբան, աւազակներու հանդիպեցաւ:
Բարի Սամարացին
Օր մը, հրեաներու քահանաներէն մէկը Յիսուսը փորձելու համար հարցում մը կը հարցնէ անոր.
– Վարդապե՛տ, ի՞նչ ընեմ որ մինչեւ յաւիտեան ապրիմ:
– Կարդա՛, ինչ որ գրուած է Օրէնքի գիրքին մէջ,- կ’ըսէ Յիսուս:
Քահանան անմիջապէս կը բանայ Օրէնքի գիրքը եւ կը սկսի կարդալ. «Սիրէ՛ Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ. նաեւ սիրէ՛ ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»:
– Ահաւասի՛կ, այն ի՛նչ որ կարդացիր նոյնը կիրարկէ՛, անոր շնորհիւ կ’ապրիս,- կ’ըսէ Յիսուս։
Քահանան, հարցում մը եւս կը հարցնէ Յիսուսին.
– Բայց ո՞վ է իմ ընկերս։
Յիսուս կը սկսի պատմել. «Մարդ մը, որ Երուսաղէմէն դէպի Երիքով կոչուած քաղաքը կ’երթար,ճամբան, աւազակներու հանդիպեցաւ: Գողերը յարձակեցան անոր վրայ, նախ ծեծեցին, յետոյ կողոպտեցին ի՛նչ որ ունէր իր վրայ եւ հեռացան: Քիչ ետք քահանայ մը անցաւ այդ տեղէն: Ան տեսաւ, բայց առանց օգնելու վիրաւորին, շարունակեց իր Ճամբան:
Յետոյ ուրիշ մէկը տեսաւ վիրաւորը: Մօտեցաւ անոր, բայց անտարբեր մնաց մարդուն հանդէպ եւ հեռացաւ քովէն:
Քանի մը վայրկեան վերջ Սամարացի մը անցաւ այդ տեղէն, տեսաւ մարդը եւ խղճաց: Մօտեցաւ անոր, վէրքերը փաթթեց:
Յետոյ մարդը իր ձիուն վրայ դրաւ, տարաւ պանդոկ մը: Ան հոգաց վիրաւորին բոլոր կարիքները:
Յաջորդ օր, երբ կը մեկնէր պանդոկէն, իր գրպանէն դրամ հանեց, տուաւ պանդոկապետին եւ ըսաւ.
– Հոգա՛ վիրաւորին: Յաւելեալ ի՛նչ ծախս որ ընես ես պիտի վճարեմ վերադարձիս»:
– Հիմա կը հարցնեմ ձեզի՝ այն երեք հոգիէն ո՞ր մէկը ընկեր կրնայ դառնալ վիրաւոր մարդուն:
Քահանան պատասխանեց.
– Ան, որ օգնեց վիրաւորին։
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր.
– Ուրեմն գնա՛, եւ դուն ալ նոյնը ըրէ՛: