Ապա-Եապա-Տուպա

«Երթանք Չարեկամները հետապնդենք: Եթէ բռնուինք Ապա-Եապա-Տուպա կ’ըսենք ու կը պզտիկցնենք զանոնք»:

Ապա-Եապա-Տուպա

Օննօ ետ քայլ առաւ: Յետոյ արագացաւ: Աչքերը գոցեց: Սկսաւ վազել դէպի զառիվար՝ իր ամբողջ ուժով: Ածխանոցէն, որ կը գտնուէր Ճամբու վերջաւորութեան՝ պիտի ձգէր ինքզինքը եւ օդին մէջ պիտի կենար: Յետոյ քիչ մը եւս պիտի բարձրանար ու վերջապէս սլանալով պիտի թռէր փողոցին վրայէն:

Ան կրնար թռիլ տանիքներուն, Պոսֆորին եւ արեւու ճառագայթներու տակ պառկած շատախօս ճայերու վրայէն եւ նոյնիսկ եթէ ուզէր կրնար թռիլ մինչեւ դիմացի ափ: Միմիայն պէտք էր անվախ ըլլալ եւ ետ չնայիլ: Նախ պէտք էր կեդրոնանար թռելու վրայ: Եւ յետոյ թռուցիկի կեանք ապրիլ: Թռիլ այնքան, որքան կ’ուզէր:

Ինչպէ՞ս գիտէր այս բոլորը: Այդ հիւանդապահին շնորհիւ, որ ասկէ ճիշդ 11 տարիներ առաջ, Դեկտեմբերի առաւօտ մը, անձայն լացող երկարահասակ եւ անմեղ մանուկին նայելով՝ մօրը ականջին ըսած էր.

– Այս տղան բացառիկ ուժեր պիտի ունենայ: Իրեն միմիայն սորվեցո՛ւր ինքնավստահ ըլլալը:

Օննոյի մայրիկը, հայրիկը, մեծմայրիկը, քոյրը… բոլորն ալ վստահ էին, որ Օննօն մասնայատուկ տղայ մըն էր:

Այս պատճառով է որ այս անգամ ան կը կրէր իր լուսանկարի մեքենան, որպէսզի նկարէր նաեւ թռելու ընթացքին: Ամէն մարդ պիտի իմանար որ ինք թռաւ:

Զառիվարի վերջաւորութեան, ուժով մը ցատկեց ածխանոցին վրայ: Երեք խոշոր քայլեր նետեց: Ե՜ւ ինքզինքը կամաց մը ձգեց «Կի՛ւմ»:

Օննօն հազար եօթհարիւր յիսունվեցերրորդ անգամ չյաջողեցաւ:

Ածխանոցի տակ իր հաւաքած տերեւներու դէզէն զատիլ կը ջանար, երբ քոյրը ձայնեց.

– Չկրցա՞ր թռիլ:
– Ցըք…:
– Եղաւ, հեռացիր, ես կրնամ թռիլ:
– Լէյլա՜…:

Օննօն չէր կրնար թռիլ, երբեմն կ’երազէր պզտիկցնել իր շատախօս քոյրը, որպէսզի ան լռէր, բայց չէր կրնար: Փողոցին սարսափելի խումբը՝ Չարեկամները, երբ իր վրայ կը հասնէին, ինք կը փորձէր իր բացառիկ ուժերը գործածել:
Բայց ամէն անգամ ծեծ կ’ուտէր: Հակառակ իրեն սրտանց հաւատացող ընտանիքին, ան դեռ ո՛չ մէկ բացառիկ ոյժ ունէր:
Իրմէ վեց ու կէս տարու պզտիկ քոյրը՝ Լէյլան վստահ էր որ ինք կրնար թռիլ, կրնար անտեսանելի ըլլալ, սառի ուժով մը կրնար մարդիկ սառեցնել. թէեւ իր մասին այսպիսի գուշակութիւն մը չկար: Ոչ ոք արտասովոր բան կը սպասէր Լէյլայէն: Բայց ան ինքզինքը կը նկատէր աշխարհի ամենաբացառիկ էակը: «Նայէ՛, անտեսանելի եմ» կ’ըսէր Օննոյին:

– Ո՛չ, անտեսանելի չես: Ես քեզ կը տեսնեմ:
– Ո՛չ, չես տեսներ: Հիմա նայէ՛:
– Նորէն կը տեսնեմ քեզ:
– Ուրեմն թռելէս յետոյ ցոյց կու տամ:
– Բայց դուն չես կրնար թռիլ:
– Ի՞նչ: Հարկաւ կրնամ թռիլ: Ես միշտ կը թռիմ: Երբ որ ուզեմ: Եթէ «Ապա- Եապա- Տուպա» ըսես, դուն ալ կրնաս թռիլ:
– Քեզի՞ պէս:
– Հը, հը, ինծի պէս:
– Ուրեմն թռի՛ր տեսնենք:
– …..
– Ի՞նչ եղաւ:
– Հիմա չեմ ուզեր թռիլ:

Լէյլա որոշած էր պատահածները պատմել եղբօրը:
Նախ լուռ մնաց, յետոյ իր ամենասիրուն նայուածքով նայեցաւ եղբօրը աչքերուն ու ինչպէս միշտ կ’ընէր, երբ բան մը ուզէր: Ձայնը մեղմացնելով «Աբա՜ր» ըսաւ:
Օննօն հասկցաւ թէ գէշ բաներ պատահած էր:

– Հը՞…:
– Եաեա…:
– Ի՞նչ եղաւ Եաեային:

Լէյլան հեռացուց իր աչքերը:

– Քովդ չառիր, չէ՞: Եաեան տունէն դուրս չհանեցիր, չէ՞:
– Ցըք…:
– Էէէէ՞…:
– Չարեկամները…:

Եաեան Օննոյին ամենասիրած խաղալիքն էր: Օննօն այս պզտիկ դեղին արջուկին հետ այնքան մտերիմ էր, որ մինչեւ Լէյլայի ծնունդը, արջուկը իր քոյրն է կը կարծէր: Առանց Եաեայի բնաւ չէր քնացած եւ ուր որ երթար Եաեան ալ հետը տարած էր: Այս պատճառաւ երբ իմացաւ թէ Եաեան Չարեկամներուն ձեռքն էր, մեծ ցաւով ճչաց.

– Քեզի ըսած էի որ չառնես Եաեան քովդ, երբ դուրս կ’ելլես:

Որովհետեւ անկարելի էր Եաեան ետ առնել, որովհետեւ մինչեւ այսօր ոչ մէկ խաղալիք կարելի եղած էր ետ առնել Չարեկամներէն:
Հսկայ, գէր եւ խոշոր աչքերով երեք եղբայրներ Օննոյենց ապրած զառիվերին սկիզբը կը կենային, անցորդները կը նեղէին, կ’անհանգստացնէին:
Ծամօն, շոքոլայ, կօֆրէթ, ի՛նչ որ կար բոլորը տղոց ձեռքէն կ’առնէին, շուտով կ’ուտէին եւ ալ աւելի գէշը՝ տղոց խաղալիքները կը յափշտակէին: Առէնին ամենասիրած համակարգիչի խաղը, Էմրէին ֆութպոլի քարտերը, նոյնիսկ յատուկ քարտը, Լէյլային դոյլը եւ թիակը, Տէրինին տարեդարձին հօրը իրեն նուիրած պասքէթպոլի գնդակը նոյնիսկ այս երեք եղբայրներու մօտն էր:

Չարեկամներու մօտէն բան մը առնել անկարելի էր: Ինչո՞ւ, որովհետեւ շատ զօրաւոր էին: Հրաշքով մը եթէ այս երեքէն ազատէիր, նոյնիսկ խաղալիքները գտնել անկարելի կ’ըլլար, որովհետեւ Չարեկամները խաղալիքները կը պահէին «Գաղտնի Տեղ» կոչուած տեղ մը:
Եւ մինչեւ այսօր, այս «Գաղտնի Տեղ»ը ոչ ոք կրցած էր գտնել:
Օննօն յաւիտեան կորսնցուցած էր Եաեան: Ասիկա խորհելով ան աւելի շատ, ալ աւելի շատ կը բարկանար քոյրիկին: Եթէ Լէյլան չըլլար, Եաեան հիմա անկողնին վրայ իրեն ժպտելով պիտի նայէր:

– Լէյլա՛, դուն բացառիկ ուժ եւայլն չունիս:
– Ունի՛մ:
– Ուրեմն բան մը սառեցո՛ւր:
– Ցըք, Չարեկամները պիտի սառեցնեմ:
– Աստուած ի՛մ:
– Երթանք Չարեկամները հետապնդենք: Եթէ բռնուինք Ապա-Եապա-Տուպա կ’ըսենք ու կը պզտիկցնենք զանոնք:
– Ես բացառիկ ոյժ չունիմ:
– Հարկաւ ունիս:
– Ո՛չ, չունիմ: Ուզենք նոյնիսկ չենք կրնար Եաեան գտնել: Գտնենք նոյնիսկ չենք կրնար Չարեկամներուն ձեռքէն առնել: Առնենք նոյնիսկ աաաաաա……:

Օննօն իր խօսքերը չէր վերջացուցած, երբ ծոծրակէն բարձրացաւ: Չարեկամներուն միջակը իր խելացի ծրագիրը բացատրող Լէյլային խօսքերը լսելուն պէս, Օննոյին ծոծրակէն բռնած էր:
Այսօր լաւ օր մը ըլլալու էր Չարեկամներուն համար: Երեքին ալ ձեռքերը լեցուն էր խաղալիքներով: Այնուհանդերձ, այդքան խաղալիքի մէջէն Օննօն իր շատ սիրած Եաեան շուտ մը տեսաւ:

– Բացառիկ ուժովդ պիտի պզտիկցնես, հա՞ Օննo,- ըսելով խնդաց միջակ Չարեկամը: Միւսերն ալ եկած էին անոր քով:
– Ձգէ՛ եղբայրս, քեզի ձգէ՛ ըսի, թէ ոչ քեզի կը վնասէ:
– Լէյլա՛, լռէ՛:

Լէյլան մտիկ չէր ըներ Օննոյին խօսքերը: Միջակ Չարեկամը ցնցեց Օննօն:

– Սկսէ՛, վնասէ՛, բան մը ըրէ՛. ո՞ւր է բացառիկ ուժդ:
Միւս Չարեկամները կը խնդային: «Բացառիկ ուժ է եղեր… վախկոտ է ասիկա»:
– Ո՛չ, չէ,- պոռաց Լէյլան:
– Լէյլա՛, լռէ՛ ըսի:

Միջակ Չարեկամը Լէյլան լսելով կրկին ցնցեց Օննօն:
Լէյլան, որ եղբայրը ազատել կ’ուզէր, յանկարծ քայլ մը առաւ ու նոյն վայրկեանին գետին ինկաւ: Փոքր Չարեկամը Լէյլային առջեւ կեցած, օդը հարուածող Լէյլան կը բռնէր:

– Օննօ,- կ’ըսէր Լէյլան «Ապա-Եապա-Տուպա»:
– Ի՞նչ Պա…:

Չարեկամները իրենց փորիկները բռնած կը խնդային, կը ծիծաղէին Օննոյին վրայ:

– Ըսէ՛ ծօ, ըսէ՛:

Օննօն շունչ մը առաւ: Աչքերը տնկած՝ Չարեկամին ըսաւ.

– Եաեան ինծի տո՛ւր:
– Ի՞նչը…:
– Խաղալիքս ինծի տո՛ւր:
– Արջո՞ւկդ կ’ուզես: Վաաախկոոոտ… եկո՛ւր, ա՛ռ:
– Քեզի տո՛ւր ըսի: Ան իմս է:
– Ա՛ռ ուրեմն:

Լէյլան պոռաց. «Եթէ չտաք, ան իր բացառիկ ոյժերը կը գործածէ եւ կը վնասէ»:
Օննօն անգամ մը եւս «Լռէ՛ Լէյլա, խնդրեմ լռէ՛» պոռաց, բայց արդէն ուշ էր:
Մեծ Չարեկամը երբ տեսաւ, որ շրջակայէն տղաք կը մօտենան եւ զարմանքով կը դիտեն, բարկութենէն սկսան աչքերը կծկուիլ: Կծկուող աչքը մէկ ձեռքովը գոցեց ու Օննօն բռնցքահարեց, որպէսզի տղաքը տեսնեն ու հասկնան թէ թաղին բացառիկ ոյժը ո՛վ է:
Օննօն գետին ինկած, շնչասպառ մնաց: Լէյլան, որ իր եղբօր ցաւը տեսած էր իր բոլոր ոյժով պզտիկ Չարեկամը հրեց ու վազեց Օննոյին քով:

– Աբաաաաար…:

Հիմա կարգը Լէյլայինն էր: Չարեկամներու ամենամեծը Լէյլան առաւ Օննոյին քովէն, ցնցեց ու նետեց մէկ կողմ:
Լէյլան թռաւ, թռաւ ու կիւմմմ… գետին ինկաւ:
Օննօն երբ տեսաւ Լէյլային անկումը մոռցաւ իր ցաւը, մոռցաւ ինչպէս իյնալը, մոռցաւ թէ ինչպէս Չարեկամները անցեալ ամառ տղու մը սրունքը ութ տեղէն կոտրած էին: Եւ ուստի ան ոտքի ելլելով յարձակեցաւ երեք Չարեկամներուն վրայ:

– Դուք չէ՛ք կրնար զարնել քոյրիկիս,-ըսաւ:

Բոլոր թաղեցիները լսած էին այս վէճը, տղաքը բազմութեամբ շրջապատած էին զանոնք: Վախի ազդեցութեան տակ, ո՛չ ոք բան մը կ’ընէր: Օննօն կեանքին ամենասաստիկ ծեծը պիտի ուտէր: Էֆէն, ամբողջ ամառը անցուցած էր իր սրունքը գաճի մէջ եւ անթացուպերով: Օննօն բնաւ փախուստ չունէր:

– Օննօ՛, ըսէ՛,- կ’ըսէր Լէյլան:
– Ի՞նչ ըսեմ:
– Կախարդական բառը:
– Անանկ բառ մը չկայ:
– Կա՛յ:
– Չկայ:
– Կա՛յ: Ապա-Եապա-Տուպա ըսէ՛:
Օննօն Լէյլային նայելու ատեն կրկին բռունցք մը ստացաւ:
– Հաճիս աբար, ինծի համար ըսէ՛:
– Լէյլա՛, լռէ՛ այլեւս:
– Անգամ մը ըսէ՛:
– Լէյլա՛…:
– Ըսէէէէէ՛…:
– Ապա-Տուպա-Եապա գոչեց Օննօ:
Բան չէր փոխուած:
– Ո՛չ, Ապա-Եապա-Տուպա…:
– Լէյլա՛, օգուտ չունի:
– Աբա՛ր, անգամ մը եւս ըսէ՛, հաճիս:
Օննօ Լէյլային նայեցաւ: Քոյր ու եղբայր միաժամանակ գոչեցին:
– Ապա-Եապա-Տուպա:

Բան չէր փոխուած:
Օննօն ուժասպառ, աչքերը փակեց: «Պիտի չըլլայ» ըսաւ: Յուսահատ էր, բայց դեռ Լէյլան կը բռնէր: Մեծ Չարեկամն ալ Օննոյին ա՛լ աւելի ուժգին կը զարնէր:
Յանկարծ ձայները դադրեցան: Կարծես քանի մը վայրկեանէ ի վեր բռունցք չէր ստանար: Օննօն աչքերը բանալ սկսած էր, երբ թաղի տղոցմէ մէկը «Նայեցէ՛ք» պոռաց:

– Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք, Օննոյին ձեռքերէն լոյսեր դուրս կու գան:

Օննօ բացաւ աչքերը: Թաղի տղոց չափ շուարած նայեցաւ ձեռքերուն: Այո՛, իրապէս ձեռքերէն բարակ լոյսի ճառագայթներ դուրս կու գային: Լէյլային ճիչով Օննոյին խելքը գլուխը եկաւ:

– Օննօ, նայէ՛, Չարեկամները…:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարծէք փիղի չափ խոշոր երեք եղբայրներ, Օննոյին ձեռքերէն դուրս եկող լոյսի ճառագայթներով սկսած էին պզտիկնալ:
Տղաքը ապշած կը նայէին:
Օննօն դարձեալ բարձրաձայն կրկնեց.

– Ապա-Եապա-Տուպա
Չարեկամները, Օննօ եւ Լէյլային շունիկին՝ Մէրլինին չափ պզտիկցած էին: Ամէն մարդ ուրախութեամբ կը ճչար:
Օննօն իր ամբողջ ոյժով պոռաց.

– Ապա-Եապա-Տուպաաաաա…:
Օննօն այլեւս դժուարութեամբ կը տեսնէր Չարեկամները: Լէյլան շուտով վազեց ու եղբօրը փաթթուեցաւ:

– Ազատեցանք: Քեզի ըսած էի: Կը վնասենք անոնց, ըսած էի:

Օննօն այդքան շուարած էր որ չէր կրնար խօսիլ: Չարեկամներով միասին գետին ինկած Եաեան առաւ եւ «Գաղտնի Տեղ» ըսաւ: Գաղտնի տեղը մօտ տեղ մը ըլլալու էր, քանի որ Չարեկամները իրենց շահածները կը տանէին:
Թաղին տղաքը յանկարծ լռեցին: Տէրինը՝ պասքէթպոլի գնդակը, Առէնը՝ համակարգիչի խաղը, Էմրէն՝ ֆութպոլի քարտերը, Լէյլան՝ ծաղկաւոր դոյլը եւ թիակը խորհեցան եւ բոլորը ուրախացան:
Չարեկամները կը պոռային, բայց ո՛չ ոք կը լսէր: Տղաքը խանդավառութեամբ սկսան պրպտել լայն ծառերու յատակները, մօտիկ շէնքի մը նկուղը որոնք կրնան «Գաղտնի Տեղ» ըլլալ:
Պէտք է արագ շարժէին քանի որ օդը սկսած էր մթննալ: Եթէ կարճ ժամանակի մէջ չգտնէին «Գաղտնի Տեղ»ը, պիտի պարտաւորուէին իրենց տուները վերադառնալ եւ մեծ հաւանականութեամբ կախարդանքը պիտի աւրուէր ու յաջորդ օր Չարեկամները զառիվերին սկիզբը պիտի յարձակէին անոնց վրայ:
Տղաքը շարունակեցին փնտռել: Բոլորն ալ կ’աճապարէին իրենց խաղալիքները ետ առնելու համար: Թէ՝ ուրախութեամբ եւ թէ վախով կը վազվզէին, երբ յանկարծ Օննոյին ձայնը իմացան. «Գտա՛յ»:
«Գաղտնի Տեղ»ը ճիշդ Օննոյին գուշակածին պէս մօտ տեղ մըն էր: Օննօն երբ բացաւ ածխանոցին դռները, որ ամէն առաւօտ թռելու համար վրայէն կը ցատքէր, տղաքը ապշած մնացին: Ածխանոցին մէջ, ուր ձեղունէն մինչեւ յատակ, լեցուն էր Չարեկամներուն յափշտակած ծամօններով, շոքոլաներով, կօֆրէթներով, գոյնզգոյն պուպրիկներով, չուաններով, գնդակներով եւ ամէն տեսակ խաղալիքներով:
Տղաքը շուտով ներս մտան: Ամէն մէկը այդ խաղալիքներու դէզին մէջ կը գտնէր իր խաղալիքը ու ուրախութեամբ կը պոռար «Գտա՛յ»: Էմրէն իր բոլոր քարտերը, նոյնիսկ յատուկ քարտը գտաւ:
Լէյլան շատ ուրախացաւ երբ տեսաւ իր խարտեաշ պուպրիկը, որ կը կարծէր թէ տունն էր ան: Առէնին համակարգիչի խաղը իր տուփին մէջ, ճիշդ Տէրինին պասքէթպոլի գնդակին տակն էր:
Տղաքը, որոնք իրենց խաղալիքները վերաշահած էին, ուրախութեամբ Օննօն գրկեցին:

– Ապրի՛ս Օննօ:
– Քա՛ջ Օննօ:
– Բացառի՛կ Օննօ:
– Ի՞նչ էր կախարդական բառը:

Օննօն դուրս նայեցաւ: Օդը մթնցած էր: Տղոց ուսերէն իջնելով՝ «Եկո՛ւր» ըսաւ Լէյլային, «Իրիկուն եղաւ: Մայրիկը չմթնցած մեզի տուն կը սպասէ»:
Օննօ եւ Լէյլա թաղին ուրախ տղաքը լքելով վազել սկսան: Այս փառաւոր յաղթանակէն յետոյ մօրմէն խօսք իմանալ չէին ուզեր: «Հոգ չէ» մտածեց Օննօ: Շատ ուրախ էր. ժամ առաջ տուն երթալ ու մայրիկին ըսել կ’ուզէր՝ «Իրաւունք ունիս, ես իրապէս բացառիկ ուժեր ունիմ: Եւ ես ասիկա քրոջս շնորհիւ գտայ»:
Երբ Օննօ ասոնց մասին կը մտածէր, Լէյլան «Աբա՛ր, սպասէ՛» պոռաց, որովհետեւ իրեն չէր կրնար հասնիլ: Օննօն կեցաւ, յետոյ քրոջը ձեռքէն բռնելով կրկին արագացաւ: Այս անգամ իր ոտքերը տարօրինակ կերպով թեթեւ կը զգար: Ծռելով նայեցաւ:
Գետնէն քիչ մը բարձրացած էր: Պահ մը շուարեցաւ: Յետոյ շուտով Լէյլային փաթթուեցաւ ու անիկա ալ բարձրացուց: «Լէյլա՛» ըսաւ, «Մենք կը թռինք, կը թռի՛նք»:
Քոյր-եղբայր, մութին մէջ, իրենց ետին կը ձգէին աստղերու փոշիէ արծաթագոյն բարակ հետքեր: Օննօն կրկին խանդավառութեամբ պոռաց. «Կը թռի՛նք»: Լէյլան դարձաւ, նայեցաւ, ժպտեցաւ: Ան բնաւ չէր շուարած:

Գրեց: Սէլին Թունչ
Թարգմանեց: Սարին Ագպաշ