Լուացքը

Պաղ ջուր,
տաք ջուր…
Պաղ ջուր,
տաք ջուր…

Օճառ ու ջուր,
փրփուր, փրփուր…
Օճառ ու ջուր,
փրփուր, փրփուր…

Լուացքը

Պաղ ջուր,
տաք ջուր…
Պաղ ջուր,
տաք ջուր…

 

Օճառ ու ջուր,
փրփուր, փրփուր…
Օճառ ու ջուր,
փրփուր, փրփուր…

 

Մաման լուացք ըրեր է…

Մաման լուացք ըրեր է…

Տաբատը…

Տաբատը…

Տաբատը եւ շապիկը…

Տաբատը, շապիկը…

Շապիկը եւ հագուստը…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը…

Հագուստը եւ փոթ փոթ փէշը…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը, փոթ փոթ փէշը…

Փոթ փոթ փէշը եւ գուլպաները…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը, փոթ փոթ փէշը,

գուլպաները…

Գուլպաները եւ վարտիքները…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը, փոթ փոթ փէշը,

գուլպաները, վարտիքները…

 

Տաք ջուր,
պաղ ջուր…
Տաք ջուր,
պաղ ջուր…

Օճառ ու ջուր,
մաս մաքուր,
մաս մաքուր…

Մաման լուացք փռեր է…

Մաման լուացք փռեր է…

Տաբատը…

Տաբատը…

Տաբատը եւ շապիկը…

Տաբատը, շապիկը…

Շապիկը եւ հագուստը…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը…

Հագուստը եւ փոթ փոթ փէշը…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը, փոթ փոթ փէշը…

Փոթ փոթ փէշը եւ գուլպաները…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը, փոթ փոթ  փէշը,

գուլպաները…

Գուլպաները եւ վարտիքները…

Տաբատը, շապիկը, հագուստը, փոթ փոթ փէշը,

գուլպաները, վարտիքները…

Լուացքի պարանը կարճ է…

Քաշէ՛… քաշէ՛… քաշէ՛…

վա΄յ …

Ի՞նչ եղաւ…

Պարանը փրթաւ…

Լուացքը ինկաւ աղտոտեցաւ…

 

Աղտոտ,
ափ աղտոտ…
Աղտոտ,
ափս աղտոտ…

Պաղ ջուր,
տաք ջուր…
Պաղ ջուր,
տաք ջուր…

 

Օճառ ու ջուր,
փրփուր, փրփուր …
Օճառ ու ջուր,
փրփուր, փրփուր …

Պապան լուացք ըրեր է…
Պապան լուացք ըրեր է…

 

Տաբատը…
Տաբատը…

 

Տաբատը եւ այլն…

Գրեց: Անահիտ Սարգիսեան