Ճիճոզը
Աչխփուկ,
պահուըտուք,
փսփսուք,
փնտռտուք
եւ հանելուկ…
Ճիճոզ
Աչխփուկ,
պահուըտուք,
փսփսուք,
փնտռտուք
եւ հանելուկ…
Այն ի՞նչ է, ի՞նչ…
Երկու պատուհան`
ցերեկը բա΄ց,
գիշերը գո΄ց…
Աչքը բաց…
աչքը գոց…
աչքը բաց…
տա΄սը բաց…
Աչխփուկ,
պահուըտուք,
փսփսուք,
փնտռտուք
եւ հանելուկ…
Այն ի՞նչ է, ի՞նչ…
Խոշոր է,
ամէն բանի մէ΄ջ կը մտնէ…
Քի΄թ քի΄թ,
խոշոր քիթ…
քիթը վեր…
քիթը վար…
քիթը կախ…
քիթը ծուռ… ծուռումուռ…
Աչխփուկ,
պահուըտուք,
փսփսուք,
փնտռտուք
եւ հանելուկ…
Այն ի՞նչ է, ի՞նչ…
Ի΄նչ որ ըսեմ,
ի΄նչ որ ըսէ,
մէ΄ջը կ’իյնայ…
Ըսի ըսաւ…
ըսի ըսաւ…
մէ΄ջը մտաւ…
ո՞ւր մտաւ…
ակա΄նջը մտաւ…
Ականջը սո΄ւր…
ականջը ծա՛նր…
Աչխփուկ,
պահուըտուք,
փսփսուք,
փնտռտուք
եւ հանելուկ…
Այն ի՞նչ է, ի՞նչ…
Հի΄նգ ճիւղով,
երկու ծառ`
մի΄շտ դալար…
Ա΄ջ ձեռքը,
ձա΄խ ձեռքը…
աջ ձեռքը եւ ձախ ձեռքը`
ձեռքերը դալա՛ր…
Աչխփուկ,
պահուըտուք,
փսփսուք,
փնտռտուք
եւ հանելուկ…
Այն ի՞նչ է, ի՞նչ…
Գոց դուռ`
երբ բացուի,
աղմուկը կը սկսի՛…
Ի՞նչ կայ չկայ…
Ի՞նչ կայ չկայ…
ըսի ըսաւ…
չըսի չըսաւ…
Բերանը…
բերանը եւ ձեռքերը,
ականջները,
խոշոր քիթը,
աչքերը,
ահաւասիկ`
Ճիճո՛զը…
Ճիճո΄զ… Ճիճո΄զ…
Ճիճոզը եկաւ…
– Ճիճո՛զ,
ինչո՞ւ համար խոշո՛ր աչքեր ունիս…
– Որ չար բաները տեսնե΄մ…
– Ճիճո՛զ,
ինչո՞ւ համար խոշո՛ր քիթ ունիս…
– Որ չար բաները հոտոտե΄մ…
– Ճիճո՛զ,
ինչո՞ւ համար խոշո՛ր ականջներ ունիս…
– Որ չար բաները լսե΄մ…
– Ճիճո՛զ,
ինչո՞ւ համար խոշո՛ր ձեռքեր ունիս…
– Որ չար բաները բռնե΄մ…
– Ճիճո՛զ,
ինչո՞ւ համար խոշո՛ր բերան ունիս…
– Որ չար բաները ուտե΄մ… ուտե΄մ…
Ճիճո՛զ… Ճիճո՛զ…
Ճիճոզը եկաւ…
Ճիճոզը եկաւ,
չար բաները կերաւ
ու ըսաւ`
Գացէ΄ք
ըսէ΄ք
չար բաներուն
որ չըլլա΄ն
որ չըլլա΄յ թէ պատահին
կամ երբ ըլլան
հեռո՛ւ մնան
մեր այս պզտիկ աշխարհէն
Իսկ երբ Ճիճոզը
չար բան մը կ’ուտէ,
ականջէն
ծաղի΄կ մը կը բուսնի…